ՁՈՒԿԵՐԸ…
«Սո՛ւտ» է ըսուեցաւ բոլոր անոնց, որոնք առաջ բերին, ակնարկեցին, դիտել տուին ու մէջբերեցին Ատրպէյճանի նախագահին եւ իշխանութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն ամիսներէ ի վեր անվարան տարածած յայտարարութիւնները «Արեւմտեան Ատրպէյճանի» մասին:
Լա՛ւ, պատմութեան համար, հո՛ս պաշտօնապէս արձանագրենք Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի հետեւեալ կարեւո՛ր յայտարարութիւնը.
«300 հազար ատրպէյճանցիների վերադարձի թեման ֆէյք, մտացածին, յօրինովի թեմա է եւ նման բան չի՛ եղել, չկա՛յ եւ չի՛ լինելու»:
Պիտի նշեմ, որ այս յայտարարութիւնը Հայաստանի Ազգային ժողովի ամպիոնէն կատարուած է. ինքնիշխան ժողովրդավար Հայաստանի Հանրպետութեան «արդարօրէն» ընտրուած Ազգային ժողովի ամպիոնէն, որ, բոլորս գիտենք, թէ դարերո՜ւ անկատար երազանք էր մեր պապերուն համար եւ… վերջապէս իրականացա՛ւ:
Անիմաստ կրնայ թուիլ այս ակնարկս որոշ մարդկանց համար, բայց կը հաւատամ, որ կան ինծի պէս շատեր, որոնց համար սուրբ ու անաղարտ է, ըլլալո՛ւ է այդ ամպիոնը:
Սուրբ սեղաններուն վրայ սուտեր կը յայտարարուի՞ն, կը հարցնեմ:
Կը յայտարարուի՛ն, փաստօրէն, կը պատասխանեմ, առանց վհատելու, քանի որ, ճի՛շդ այդ ամպիոնին վրայ էր, որ քանի մը տարի առաջ Թաւշեայ մեր յեղափոխութեան կուրօրէն վստահելի մեր առաջնորդը յայտարարեց, թէ «Արցախը Հայաստան է եւ վե՛րջ»:
Արցախը տրուեցաւ, Հայաստանի քարտէսը վերագծուեցաւ, ապրանքի պէս ծանուցուեցաւ եւ ձեռքէ-ձեռք տրուեցաւ վերջին մեր ընտրական քարոզ ու յաղթարշաւներուն, որպէսզի մարդիկ հասկնա՛ն, անոնց գիտակցութեան մէջ փորագրուի, թէ Արցախը Հայաստան չէ՛, այլեւս:
Նախորդ յայտարարութեան իրաւացիութենէն ու հետեւանքներէն մեկնելով, որքա՞նով կրնանք վստահիլ օրեր առաջ բարձրաձայն ու ինքնավստահ կատարուած այս վերջին յայտարարութեան, դարձեալ կը հարցնեմ:
Հաւատալ ուզողին շատ հեշտ է խաբել, գիտեմ, կը հասկնամ, բայց չեմ կրնար չհարցնել.
Այս սուտին, սուտերուն հաւատացողները ինչպէ՞ս կը հաւատան, թէ չտեսնելու կու գան, իրենց յարմարող բաժինը կ՚ընտրեն միայն հաւատալու համար:
Իսկ մնացածը՞:
Թէեւ լրատուական միջոցները ողողուած էին տուեալ լուրերով, այնուամենայնիւ արձանագրենք, որ մեր վարչապետի յայտարարութենէն ժամեր անց Նախիջեւանի Օրտուպատ քաղաքին մէջ սկիզբ առաւ «Վերադարձ դէպի Արեւմտեան Ատրպէյճան» խորագրեալ երրորդ փառատօն-համաժողովը:
Չշարունակած՝ երկու կէտ.
Առաջին. խորագիրը:
Ո՞ւր է այս «Արեւմտեան Ատրպէյճանը»:
Ո՞վքեր են վերադարձողները:
Խաղաղարար մեր իշխանութեան համար, այս հարցերը բարձրացնողները մեր պետութեան թշնամիները համարուեցան ու հիմա ալ ե՛ն: Երկիրը «սեւցնողներն» են անոնք եւ ժողովրդական դիպուկ դարձուածքով՝ «նաֆսողները»:
Կապո՜յտ աչք մեր խաղաղութեան, սիրելի՜ քաղաքացիներ:
Երկրորդ. Առաջինը չէ՛, երկրորդը չէ՛, երրո՛րդն է այս փառատօնը: Այսինքն նոր չէ այս «թեման» եւ արդէն երրորդ անգամն է, որ ազգային «արդար», նոյնիսկ՝ արդարագո՛յն պահանջքը, որ առաւելաբար այս օրերուն, կարծես աւելի՛ զրնգուն փառատօն-համաժողովի կը վերածուի:
Անտեղեակներուն, կամ տեղեկութիւններէն կամովին փախչողներուն համար շարունակենք.
«Վերադարձ դէպի Ատրպէյճան» փառատօնի կազմակերպիչներն ու մասնակիցները, բնականաբար, խօսեցան օր առաջ Հայաստան վերադառնալու, հոն լեցուելու իրենց անյագուրդ ցանկութեան մասին: Մասնակից կին մը յուզմունքո՜վ ակնարկեց Հայաստանի մէջ թաղուած իր հօր եւ հպարտութեա՛մբ գովեց իր «յարգարժան» նախագահը, որ համաշխարհային քաղաքական ատեաններուն դիմաց ճի՛շդ կը ներկայացնէ Ատրպէյճանի պատմական «արդար» իրաւունքները…
Վճարուա՞ծ է այս կինը, օրինակ, այս քանի մը տողը լրագրողներուն ըսելու համար:
Լա՛ւ, հասարակ քաղաքացիներուն խոհերը պէտք չէ՛ լուրջի առնել, թերեւս.
Շա՛տ բարի. իսկ ինչպէ՞ս բացատրել, որ տուեալ փառատօնը կազմակերպողը Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմն է:
Ինչպէ՞ս բացատրել, որ պաշտօնական Պաքուն եւս չի թաքցներ, որ զաւթողական այս ծրագիրը հովանաւորուած է պետական ամենաբարձր մակարդակով: Աւելի՛ն, Ատրպէյճանի կրթութեան ու գիտութեան նախարարը յայտարարած է, որ քաղաքական առաջնահերթութիւն մը սեպուող «Արեւմտեան Ատրպէյճանի թեման» ռազմավարական նշանակութիւն ունի, քանի որ այս հարցը հիմնական դեր կը կատարէ ատրպէյճանցիներու ազգային ինքնութեան ու գալիք սերունդներու դաստիարակութեան մէջ:
«Ֆէյք, մտացածին ու յօրինովի»…
Իրենց պատմական իրաւունքներուն յամառօրէն կառչած մեր բարեկամ-թշնամիին՝ ի տես աշխարհին յայտարարած ռազմավարութեան ու ազգային այս դաստիարակութեան դիմաց ես չե՛մ կրնար չդնել մեր ղեկավարին կոչը.
«Մոռնա՛նք պատմութիւնը ու չանսանք անոր կանչերուն…»:
Եւս մէկ յայտարարութիւն.
«Արեւելեան Զանգեզուր եւ Ղարաբաղ վերադարձը ցոյց տուաւ, որ պատմական արդարութիւնը, թէեւ ուշացած, բայց իր տեղը կը գտնէ»:
Ինչպէ՞ս իրականացաւ այս «արդարութիւնը» եւ ատրպէյճանցիները ինչպէ՞ս վերադարձան «իրենց հողերը»՝ Զանգեզուր եւ Ղարաբաղ…
Ա՞յս էր գինը խաղաղութեան:
Այո՞: Շատ չխօսի՞նք մենք՝ արիւն չթափողներս:
Փակեցի՞նք արդեօք խաղաղութեան հաշիւը:
«Հայաստանի ղեկավարութիւնը կը փորձէ խուսափիլ ատրպէյճանցիներու վերադարձի իրաւունքը ճանչնալէն, բայց այս մէկը անխուսափելի է:
«Հայաստանը, հասկնալով այս իրականութիւնը, պտք է համաձայնի՛ արեւմտեան ատրպէյճանցիներու անվտանգ, արժանապատիւ եւ խաղաղ վերադարձին դէպի իրենց հայրենի հողեր եւ նպաստէ՛ այս վերադարձի ապահովութեան…». «Արեւմտեան Ատրպէյճան» համայնքի վարչութեան նախագահ, Ատրպէյճանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Ազիզ Ալեքպերլիի յայտարարութիւնն է այս:
Համաձա՞յն է Հայաստանի իշխանութիւնը այս վերադարձին:
Դո՞ւք ալ համաձայն էք, սիրելի՛ հաւատացեալներ:
Խաղաղութեան հաւատացող ձե՛ր ջուրերուն մէջ լողանք, սիրելինե՛ր.
Եթէ՜ այս բոլորը սուտեր են, ինչպէս կը շեշտէ մեր իշխանութիւնը, ինչո՞ւ պաշտօնապէս չեն հերքուիր անոնք:
Ընտրարշաւի ընթացքին, հայ «ա՛յլ» թեկնածուին «սուտերը» մէկ-մէկ, հատիկ-հատիկ քմծիծաղով չէի՞ն հերքուեր:
Ասոնք ինչո՞ւ կ՚անտեսուին:
Ինչո՞ւ նոյն այդ «սուրբ» ամպիոնէն պաշտօնապէս ու գործնական տուեալներով չեն ժխտուիր այս «ֆէյք, մտացածին ու յօրինովի» սուտերը:
…
Ընկղմելու սարսափ մը կայ պատկերը լիիրա՛ւ տեսնողներու դողահար սրտին մէջ. դողացողները, իրենց տեղը չեղողները գիտե՛ն:
Իսկ իրենց աշխարհին մէջ խաղաղօրէն լողացող ձուկերը, չե՛ն գիտեր:
Չեն ընկղմիր անոնք:
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Գահիրէ