ՃՆՇՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՆԵՐՔԻՆ ՓԱԿՈՒՂԻ

Հայաստանի այսօրուան կացութիւնը կը բացատրուի արտաքին ճնշումներով, ներքին փակուղիով եւ մանաւանդ՝ ինքնիշխանութեան հարցով։ Երկիրը այսօր կը գտնուի այնպիսի փուլի մը մէջ, ուր արտաքին քաղաքականութեան մարտահրաւէրները, ներքին քաղաքական բեւեռացումն ու պետութեան ապագային վերաբերեալ հարցերը աստիճանաբար կը միահիւսուին՝ ստեղծելով բարդ եւ բազմաշերտ իրավիճակ մը։ Երկիրը կը փորձէ վերանայիլ իր արտաքին յարաբերութիւնները, վերագնահատել անվտանգութեան իր երաշխիքները, միաժամանակ, գտնել ներքին կայունութեան այնպիսի բանաձեւ մը, որուն հիմքը պիտի ըլլայ ո՛չ թէ քաղաքական ուժերու ժամանակաւոր յաղթանակը, այլ պետական հաստատութիւններու ամրապնդումը։

Այս երկուշաբթի պիտի հրապարակուի Հայաստանի այժմու իշխանութիւններուն կողմէ մշակուած նոր Սահմանադրութեան նախագիծը, որու կապակցութեամբ ընդդիմութեան վերաբերմունքը միանշանակ չէ։ Այս տարակարծութիւնը կանխահաս ընտրութեան հեռանկարը կրնայ ուրուագծել երկրին առջեւ։ Մինչ այդ, յաջորդ ամիս Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը նախատեսէ երկու անգամ այցելել Ռուսաստան, նաեւ մեկնիլ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուր «G20»ի Մայամիի գագաթաժողովին հրաւիրուած է։

Այս բոլորին մէջ, սակայն, ամենամեծ մտահոգութիւնը այն է, թէ արդեօք Հայաստան ունի՞ յստակ պատկերացում մը իր անցնելիք ճանապարհին մասին եւ արդեօք այդ ճանապարհը կ՚առաջնորդէ՞ դէպի աւելի ինքնիշխան պետութիւն մը կամ պարզապէս կախուածութենէ մը դուրս գալու փորձին մէջ կը ստեղծէ նոր կախուածութիւններ։

Վերջին շրջանին Մոսկուայէն հնչած յայտարարութիւնները պատահական չեն կրնար նկատուիլ՝ մանաւանդ, երբ Ռուսաստանի անվտանգութեան խորհուրդի փոխ-նախագահ Տիմիթրի Մետվետեւ կը խօսի Հայաստանի՝ «երկրորդ Ուքրայնա» դառնալու վտանգին մասին։ Նման արտայայտութիւն մը՝ անկախ անկէ, թէ որքանով կրնայ իրական քաղաքական ծրագիր մը արտացոլացնել, ինքնին քաղաքական ազդանշան մըն է։ Սա կը յիշեցնէ, որ Մոսկուա Երեւանի արտաքին քաղաքական ուղղութեան փոփոխութիւնը կը դիտէ զգայնոտութեամբ եւ պատրաստ է իր դժգոհութիւնը արտայայտելու նաեւ սպառնալից բառապաշարով։ Բայց պէտք չէ մոռնալ, որ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի յարաբերութիւններու ներկայ ճգնաժամը մէկ օրուան մէջ չէ յառաջացած։ Անոր խորքային պատճառներուն մէջ կան անվտանգութեան հարցեր, ՀԱՊԿ-ի անգործութեան շուրջ Երեւանի դժգոհութիւնը, Լեռնային Ղարաբաղի անկումը եւ տարածաշրջանային նոր իրողութիւնները։ Այսօր Երեւան կը փորձէ ընդլայնել իր միջազգային կապերը, մօտենալ Եւրոպական Միութեան եւ, միաժամանակ, խուսափիլ Մոսկուայի հետ բացայայտ բախումէ։ Դժուար հաւասարակշռութիւն մըն է՝ մանաւանդ, երբ Ռուսաստան տակաւին ունի տնտեսական, ուժանիւթային եւ ենթակառուցուածքային լծակներ։

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Մոսկուա մօտալուտ այցելութիւնը, հետեւաբար, պէտք է դիտել այս ընդհանուր պարունակին մէջ։ Դիւանագիտական հանդիպումները կրնան մեղմացնել լարուածութիւնը, բայց, չեն կրնար ինքնաբերաբար լուծել երկու երկիրներուն միջեւ առկայ ռազմավարական տարակարծութիւնները։ Փաշինեան կրնայ վերահաստատել, որ Երեւան նպատակ չունի վատթարացնելու յարաբերութիւնները Մոսկուայի հետ, սակայն, հարցը միայն բարի կամքի յայտարարութիւններուն մէջ չէ։ Կայ նաեւ փոխադարձ շահերու եւ քաղաքական ակնկալիքներու բարդ համակարգ մը։

Ձմրան մօտենալուն զուգահեռ՝ բնական կազի գինէն անդին, պէտք է ուշադրութիւն դարձնել նաեւ երկաթուղիին, առեւտուրին, հայկական արտադրանքի արտածման սահմանափակումներուն եւ ուժանիւթի ռազմավարական ենթակառուցուածքներուն։ Ռուսական շուկան Հայաստանի համար տակաւին կարեւոր ուղղութիւն մըն է եւ Մոսկուա կրնայ տարբեր միջոցներով ազդեցութիւն բանեցնել Երեւանի վրայ։ Հետեւաբար, խնդիրը միայն այն չէ, թէ կազը պիտի թանկանա՞յ, այլ այն՝ թէ Հայաստան որքանո՞վ պատրաստ է դիմակայելու տնտեսական ճնշումներու ամբողջական շղթայի մը։

Միւս կողմէ, Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքը նոյնպէս առողջացման նշաններ ցոյց չի տար։ Ընդդիմութիւնը կը շարունակէ իր քաղաքական պայքարը, սակայն, այդ պայքարը տակաւին չէ վերածուած հասարակութեան լայն խաւերուն ուղղեալ համոզիչ այլընտրանքի մը։ Վերջին հաւաքները դարձեալ ցոյց կու տան, թէ ընդդիմադիր դաշտին մէջ որքան մեծ տեղ կը գրաւեն իշխանութեան դէմ ուղղուած մեղադրանքները, անցեալի հաշուեյարդարները եւ քաղաքական յուսախաբութեան արտայայտութիւնները։ Անշուշտ, իշխանութեան հասցէին քննադատութիւններ հնչեցնելը ընդդիմութեան իրաւունքն է։ Սակայն, քաղաքական ուժ մը չի կրնար սահմանափակուիլ միայն իշխանութեան սխալները մատնանշելով։ Ան պէտք է նաեւ պատասխանէ այն հարցումին, թէ ի՞նչ պիտի ընէ, եթէ վաղը ստանձնէ երկրի ղեկավարութիւնը։ Ի՞նչ ծրագիր ունի տնտեսութեան, անվտանգութեան, արտաքին քաղաքականութեան, կրթութեան եւ ընկերային ոլորտներուն համար։ Այսօրուան ընդդիմութեան հիմնական խնդիրներէն մէկը ահա այստեղ է։ Անոր քաղաքական խօսոյթին մէջ յաճախ կը գերակշռէ Փաշինեանի հեռացման պահանջը՝ մինչդեռ այդ հեռացումէն ետք երկրին սպասող օրը տակաւին յստակ չէ ներկայացուած։ Իշխանափոխութիւնը ինքնին քաղաքական նպատակ կրնայ ըլլալ, բայց, պետականութեան վերակառուցման ծրագիր մը չէ։ Ժողովուրդը միայն դժգոհութիւններով չի կրնար որոշել, թէ ո՛վ պէտք է կառավարէ երկիրը։ Ան կը սպասէ վստահելի անձերու, գործնական առաջարկներու եւ ապագայի համոզիչ պատկերացման։

Նոյնքան կարեւոր է նաեւ նոր ընդդիմութեան ձեւաւորման հարցը։ Երբ Հայաստանի վարչապետը կը խօսի թարմ, նոր եւ օգտակար ընդդիմութեան անհրաժեշտութեան մասին, բնականաբար, հարց կը ծագի, թէ արդեօք իշխանութիւնը իսկապէս պատրա՞ստ է մրցակցային քաղաքական դաշտի մը գոյութեան, թէ կը նախընտրէ այնպիսի ընդդիմութիւն մը, որուն հետ շարունակական հակադրութեան մէջ ըլլալով՝ ինք կրնայ պահպանել իր քաղաքական առաջնութիւնը։ Այս հարցին պատասխանը պէտք է փնտռել ո՛չ միայն յայտարարութիւններու, այլեւ քաղաքական մրցակցութեան իրական պայմաններուն մէջ։ Ուժեղ ընդդիմութիւն մը իշխանութեան համար սպառնալիք չէ պետական համակարգին, այլ ժողովրդավարութեան անհրաժեշտ պայման։

Սահմանադրութեան փոփոխութեան հարցն ալ նոյն ընդհանուր մտահոգութիւններուն մաս կը կազմէ։ Որքանո՞վ Հայաստանին անհրաժեշտ է նոր Սահմանադրութիւն մը եւ ի՞նչ խնդիրներ պիտի լուծէ այն։ Արդեօք գործ ունի՞նք պետական համակարգի բարեփոխման ռազմավարական անհրաժեշտութեան մը հետ կամ այս գործընթացը ունի նաեւ ներքին եւ արտաքին քաղաքական շարժառիթներ։

Այս հարցը վերջին օրերուն դարձեալ բուռն քննարկումներու առիթ դարձաւ Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ, ուր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ պատասխանելով «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Մարիաննա Ղահրամանեանի հարցումին՝ կոշտ ձեւով հակադարձեց նոր Սահմանադրութեան ընդդիմադիրներուն։ Ան պնդեց, որ խորհրդարանի դահլիճին մէջ ներկայ բազմաթիւ անձեր անձնական մասնակցութիւն ունեցած են Հայաստանի նախորդ սահմանադրական հանրաքուէներու արդիւնքներու կեղծման գործին մէջ։ Ըստ Փաշինեանի՝ այդ մարդիկ չեն ուզեր, որ Հայաստանի ժողովուրդը օրկանական կապ ունենայ իր պետութեան հետ եւ ունենայ իսկապէս իրեն պատկանող սահմանադրութիւն մը։

Վարչապետը ներկայ Սահմանադրութիւնը որակեց իբրեւ «սակաւապետներու սահմանադրութիւն»՝ զայն կապելով նախկին պետական եւ դատական համակարգին, նաեւ ընտրակեղծիքներուն հետ։ Ան նաեւ յայտարարեց, որ կառավարութիւնը ութ տարի առաջ որդեգրած է նոր սահմանադրութիւն մը ունենալու օրակարգը եւ կը շարունակէ այդ ուղղութեամբ իր քաղաքականութիւնը, միաժամանակ, զայն կապելով Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ խաղաղութեան հաստատման իր տեսլականին հետ։

Փաշինեանի այս ելոյթը, սակայն, կը բանայ հարցին աւելի խորքային երեսակը։ Արդեօք նոր Սսահմանադրութեան մը անհրաժեշտութիւնը պէ՞տք է հիմնաւորուի նախկին իշխանութիւններու գործած խախտումներով կամ պետութեան ապագային վերաբերեալ յստակ եւ համազգային համաձայնութեան մը վրայ։ Նախորդ հանրաքուէներու արդիւնքներու կեղծման մասին մեղադրանքները լուրջ հարցեր են եւ պէտք է քննուին փաստերու, իրաւական պատասխանատուութեան հիման վրայ, սակայն, այդ մեղադրանքները չեն կրնար փոխարինել նոր սահմանադրութեան մը բովանդակութեան շուրջ հանրային քննարկումը։

Միւս կողմէ, ընդդիմութիւնն ալ պէտք է պատասխանէ, թէ ինչո՛ւ կը պաշտպանէ ներկայ սահմանադրական կարգը եւ ի՞նչ այլընտրանք կը ներկայացնէ։ Սահմանադրութիւնը չի կրնար դառնալ ո՛չ նախկին իշխանութիւններու քաղաքական ժառանգութեան պաշտպանութեան միջոց, ո՛չ ալ ներկայ իշխանութեան քաղաքական օրակարգի պարզ շարունակութիւնը։

Հայաստանի ժողովուրդը պէտք է գիտնայ, որ նոր հիմնական օրէնքով մը ի՞նչ պիտի փոխուի իր կեանքին մէջ, ինչպիսի՞ պիտի ըլլան իշխանութեան հակակշիռները, ինչպէ՞ս պիտի երաշխաւորուին դատական անկախութիւնը, մարդու իրաւունքներն ու պետական հաստատութիւններու կայունութիւնը։ Ամենէն կարեւորը՝ նոր սահմանադրութիւնը պէտք է ըլլայ Հայաստանի քաղաքացիներուն սեփական կամքի արտայայտութիւնը, ո՛չ թէ քաղաքական ուժերու միջեւ հերթական պայքարի առարկան։

Միջազգային իրադարձութիւններն ալ, իրենց հերթին, նոր անորոշութիւններ կը ստեղծեն։ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը տակաւին չէ հասած այն հանգուցալուծման, որ կրնայ փոխել Եւրոպայի եւ ընդհանրապէս միջազգային քաղաքականութեան պատկերը։ Հարցը միայն այն չէ, թէ ե՞րբ պիտի դադրին ռազմական գործողութիւնները, այլեւ այն՝ թէ ինչպիսի՞ Ռուսաստան պիտի յայտնուի այդ պատերազմէն ետք։ Ռուսաստան պիտի փորձէ՞ վերականգնել իր միջազգային դիրքերը, պիտի շարունակէ՞ իր առճակատումը Արեւմուտքի հետ, թէ հարկադրուած պիտի ըլլայ վերանայելու իր արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւնները։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը նոյնպէս պէտք է դիտել աւելի լայն աշխարհաքաղաքական հաշիւներու ծիրին մէջ։ Ուաշինկթըն կը փորձէ ձեւաւորել պատերազմի աւարտին վերաբերեալ իր պատկերացումը, սակայն, Ուքրայնայի անվտանգութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ Ռուսաստանի ապագայ դերակատարութեան հարցերը տակաւին կը մնան բարդ բանակցային խնդիրներ։

Հայաստանի համար այս իրադարձութիւնները անմիջական նշանակութիւն ունին։ Եթէ Ռուսաստան Ուքրայնայի ճակատէն ազատէ իր զօրքերուն եւ քաղաքական ուշադրութեան մէկ մասը, ապա կրնայ կրկին աւելի մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերել Հարաւային Կովկասի նկատմամբ։ Սակայն, ռուսական ազդեցութեան վերադարձը ինքնաբերաբար պիտի նշանակէ՞ նախկին դիրքերու վերականգնում կամ տարածաշրջանի նոր իրողութիւնները այլ սահմաններ պիտի դնեն Մոսկուայի հնարաւորութիւններուն առջեւ։ Այս հարցին պատասխանը կախուած պիտի ըլլայ նաեւ Հայաստանէն, Ատրպէյճանէն, Թուրքիայէն եւ Իրանէն։

Վերջապէս, այս բոլոր հարցերուն առանցքին կը մնայ Հայաստանի պետականութեան խնդիրը։ Պէտք է դուրս գալ այն մտածելակերպէն, թէ երկրին անվտանգութիւնը պէտք է ապահովուի միայն մեծ ուժի մը հովանիին տակ։ Բայց, նոյնքան վտանգաւոր է կարծել, թէ դաշնակից մը փոխելով կամ նոր քաղաքական ուղղութիւն մը յայտարարելով՝ ինքնիշխանութիւնը արդէն ապահովուած կ՚ըլլայ։ Ինքնիշխանութիւնը միայն գեղեցիկ բառ մը չէ։ Անիկա կը պահանջէ ամուր պետական հաստատութիւններ, տնտեսական դիմադրողականութիւն, պաշտպանունակ բանակ, իրաւական արդարութիւն, քաղաքական պատասխանատուութիւն եւ հասարակական վստահութիւն։ Արտաքին ճնշումներուն դիմակայելու համար նախ պէտք է ներսէն ամուր ըլլալ։ Իսկ ներքին ամրութիւնը չի կրնար գոյանալ շարունակական թշնամանքի, փոխադարձ անվստահութեան եւ քաղաքական հաշուեյարդարներու մթնոլորտին մէջ։

Հայաստանի այսօրուան գլխաւոր հարցը, հետեւաբար, միայն այն չէ, թէ ո՛ր ուղղութեամբ պիտի ընթանայ երկիրը՝ դէպի Մոսկուա՞, Եւրոպա՞ կամ այլ միջազգային գործընկերներ։ Գլխաւոր հարցը այն է, թէ արդեօք կա՞յ կամք եւ կարողութիւն կառուցելու համար այնպիսի պետութիւն մը, որ կրնայ խօսիլ բոլորին հետ, համագործակցիլ տարբեր ուժերու հետ, բայց, իր որոշումները կայացնել սեփական շահերու հիման վրայ։

Հայաստան այլեւս չի կրնար ապրիլ ուրիշներու քաղաքական հաշիւներուն մէջ։ Ան պէտք է վերջապէս դառնայ պետութիւն մը, որ կ՚որոշէ սեփական քաղաքական ճակատագիրը։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Նոյեմբեր 21, 2026