ՅԱՐԱՏԵՒ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ

Այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 35-րդ տարեդարձն է։ Համազգային ցնծութեամբ կը նշուի Անկախութեան հռչակման այս յոբելեանը՝ ապագային նկատմամբ վառ յոյսերով։ Համայն հայութիւնը համակուած է 21 Սեպտեմբերի ոգեւորութեամբ։ «Յարատեւ պետութիւն» կարգախօսով կը նշուի Անկախութեան 35-ամեակը։ Ինքնիշխան պետականութիւնը կը շարունակէ մնալ հիմնական երաշխիքը այն բոլոր արժէքներուն, որոնք հայոց աշխարհացրիւ ազգի համախմբման հասարակաց յայտարարը կը հանդիսանան։ Ուրեմն, Հայաստանի անկախութեան 35-րդ տարին է։ Երազը այլեւս պատասխանատուութիւն է։

Բաւական բարդ համայնապատկերին վրայ կը դիմաւորենք Հայաստանի Հանրապետութեան 35-ամեակը։ Հայաստան անկախութեան 35 տարիները ապրեցաւ ո՛չ թէ հանգիստ ու հարթ ճանապարհով, այլ՝ փորձութիւններու, պատերազմներու եւ ծանր վերիվայրումներու ընդմէջէն։ 1991 թուականին անկախութիւնը ձեռք բերելէ վերջ, երկիրը ստիպուեցաւ միաժամանակ կառուցել նոր պետութիւն մը եւ առերեսուիլ պատերազմի, շրջափակման ու տնտեսական փլուզման։ Անցան «մութ ու ցուրտ տարիներ»ը, երբ տուներուն մէջ լոյսն ու ջերմութիւնը դարձած էին շքեղութիւն, իսկ պատերազմի ծանրութիւնը հասաւ ընտանիքներու առօրեային։ 1990-ականներու սկիզբին տնտեսական ապրումը սուր էր, աղքատութիւնը ընդհանրացաւ, աշխատանքային հնարաւորութիւնները նուազեցան եւ հարիւր հազարաւոր մարդիկ հեռացան բնօրրանէն՝ իրենց ընտանիքներուն ապրուստը ապահովելու եւ աւելի արժանապատիւ կեանք մը որոնելու համար։ Եւ այս ամէնը անկախ Հայաստանի առաջին տարիներու միայն մէկ կողմն էր։

Պատերազմը, սահմանային անորոշութիւնը, տնտեսական եւ ընկերային տագնապները, արտագաղթը, ներքին քաղաքական ցնցումները, նոր պատերազմները եւ մարդկային կորուստները տարբեր փուլերով շարունակեցին իրենց ազդեցութիւնը ունենալ Հայաստանի հասարակութեան վրայ։ Անկախութեան ճանապարհը եղաւ նաեւ յաղթանակներու եւ պարտութիւններու, վերականգնումի եւ նոր ճգնաժամերու, հաւատքի ու յուսախաբութեան ճանապարհ մը։ Բայց, Մայր Հայաստանը մնաց կանգուն…

Եւ այսօր, 21 Սեպտեմբերին, երբ կը խօսինք Հայաստանի անկախութեան մասին, կարեւոր է յիշել ո՛չ միայն 1991-ի պատմական օրը, այլեւ այդ օրուընէ ի վեր անցած ամբողջ ճանապարհը։ Արդարեւ, անկախութիւնը չտրուեցաւ պատրաստի վիճակի մը մէջ. անիկա ամէն օր կառուցուեցաւ, պաշտպանուեցաւ, փորձութեան ենթարկուեցաւ եւ կրկին վերականգնուեցաւ։

Այսօր հարցը միայն այն չէ, թէ ինչպէ՛ս հասանք անկախութեան։ Հարցը նաեւ այն է, թէ ի՞նչ Հայաստան կառուցեցինք այս անկախութեան 35 տարիներուն եւ ի՞նչ Հայաստան կը ցանկանք թողուլ յաջորդ սերունդներուն։

21 Սեպտեմբերը Հայաստանի համար միայն պետական տօն մը չէ։ Ան նաեւ յիշողութիւնն է այն մեծ երազին, որ տասնամեակներ շարունակ ապրեցաւ հայ ժողովուրդի տարբեր սերունդներուն մէջ եւ ի վերջոյ դարձաւ պետական իրականութիւն։

Այս առումով ալ, ինչպէս տարբեր կարեւոր առիթներու պարագային, ժամանակը կը ստիպէ վերադառնալ այն օրերուն, երբ անկախութիւնը տակաւին նպատակ էր, ո՛չ թէ առօրեայ իրականութիւն։ Այն ժամանակ անկախ Հայաստան մը շատերու համար հեռաւոր ու դժուար պատկերացում էր, սակայն, հաւատքը, թէ հայ ժողովուրդը կրնայ ունենալ իր ինքնիշխան պետութիւնը, վերածուեցաւ քաղաքական կամքի եւ հասարակական պայքարի։

Խորհրդային Հայաստանի մէջ իրենց աչքերը բացած հայորդիներուն համար (խօսքը հայութեան եւ Հայաստանի ապրող օրակարգով ապրողներուն մասին է անշուշտ) անկախութիւնը սոսկ Խորհրդային համակարգէն դուրս գալու գաղափար մը չէր։ Անիկա սեփական ճակատագիրը որոշելու, սեփական պետութիւնը կառուցելու եւ սեփական ապագային պատասխանատուն ըլլալու համոզումն էր։

Ինչ կը վերաբերի սփիւռքին, ապա Խորհրդային Հայաստանի համայնապատկերը եւ գոյութեան փաստը սփիւռքահայ զանգուածներուն կողմէ ընդունուեցաւ ամենատարբեր մօտեցումներով։ Շատեր իրենց կապը ամուր պահեցին ու խմեցին Հայաստանի ջուրէն, ապրեցան անոր արեւով, նոյնիսկ համալսարաններուն մէջ ուսում ստացան, իսկ շատ-շատեր ալ կամայ թէ ակամայ անտեսեցին կամ իրենց ամէնօրեայ ապրումներէն որոշ չափով հեռու պահեցին «Սովետական Հայաստան» կոչուած երկիրը, անոր աշխարհագրութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր քաղաքական կեցուածքը, ընկերային ընկալումները կամ նոյնիսկ կենցաղն ու միջավայրը։

Հաւանաբար, միակ թելը, որ կապեց սփիւռքի այդ զանգուածները Սովետական Հայաստանին, եղաւ Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին, որ հակառակ բազմապիսի ճնշումներու ու երկաթեայ վարագոյրի ազդեցութեան՝ դարձաւ փրկութեան լաստ մը, որ կրօնական հաւատամքի եւ քրիստոնէական ընկալումներու կողքին ցոյց տուաւ ինքնութեան ճանապարհ մը, որ աշխարհացրիւ հայութիւնը կը վերադարձնէր իր արմատներուն ու էութեան։

Այս բոլորը նշելէ անդին, հարկ է արձանագրել, որ այսօր այդ անկախութիւնը փաստ է։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունի իր պետական դրօշը, սահմանները, պետական հաստատութիւնները եւ միջազգային յարաբերութիւնները։ Սակայն, անկախութեան իրական իմաստը կը սկսի այն կէտէն, ուր պետութիւնը ո՛չ միայն գոյութիւն ունի, այլեւ կը գիտակցի իր որոշումներու ամբողջ պատասխանատուութիւնը։

35 տարիներու հեռաւորութենէն դիտուած, անկախութեան գաղափարը բնականաբար ուրիշ երանգ ստացած է։ Այն սերունդին համար, որ անկախ Հայաստանը կը պատկերացնէր՝ որպէս մեծ նպատակ, այսօրուան երիտասարդին համար դարձած է ծննդավայրի բնական իրականութիւն։ Եւ հո՛ս է անկախութեան սերունդներու միջեւ կարեւոր տարբերութիւնը. մէկը անկախութիւնը երազեց եւ կառուցեց, իսկ միւսը պարտաւոր է զայն պահել, զարգացնել եւ փոխանցել յաջորդ սերունդին։

Անկախութիւնը նաեւ մտածելակերպ մըն է։ Պետութեան մը անկախութիւնը չի չափուիր միայն իր դրօշով կամ սահմաններով։ Անիկա կը չափուի այն կարողութեամբ, որով ժողովուրդը կը գիտակցի իր ընտրութիւններուն, իր որոշումներուն եւ իր սխալներուն պատասխանատուութիւնը։

Այս իմաստով անկախ Հայաստանը տակաւին ունի անցնելիք երկար ճանապարհ մը։ Քաղաքական, տնտեսական եւ արտաքին աշխարհի հետ յարաբերութիւններու մէջ անկախութիւնը կը պահանջէ ո՛չ թէ մեկուսացում, այլ սեփական շահերը հասկնալու եւ պաշտպանելու կարողութիւն։ Անկախ պետութիւնը կրնայ ունենալ դաշնակիցներ, համագործակցիլ տարբեր ուժերու հետ եւ վարել բազմակողմանի քաղաքականութիւն, բայց, այդ բոլորը իմաստ կը ստանայ այն ժամանակ, երբ վերջնական որոշման չափանիշը Հայաստանի պետական շահն է։

Նոյնքան կարեւոր է անվտանգութեան հարցը։ Անկախութիւնը պահել յաճախ կը պահանջէ զոհողութիւն, դիմադրութիւն եւ սահմաններու պաշտպանութիւն։ Այսօր, երբ Հայաստանի մէջ խաղաղութեան մասին խօսքը դարձած է քաղաքական եւ հասարակական օրակարգի կարեւորագոյն նիւթերէն մէկը, անկախութեան գաղափարը չի կրնար անջատուիլ անվտանգութեան եւ պետական կարողութեան հարցերէն։ Խաղաղութիւնը եւ անկախութիւնը չեն կրնար իրարու հակադրուիլ. կայուն խաղաղութիւնը կրնայ ամրապնդել անկախ պետութիւնը, եթէ ան հիմնուած է ինքնիշխան որոշումներու եւ պետական կարողութեան վրայ։ Իսկ ամենակարեւոր հարցը թերեւս այն է, թէ ինչպէ՞ս կը վերաբերինք այդ անկախութեան, զոր արդէն ժառանգած ենք։ Այն սերունդը, որ անկախ Հայաստանը պատկերացուցած է՝ որպէս երազ, իր ուսերուն դրուած պարտքը վճարեց պատմութեան մէջ։ Այսօր այդ ժառանգութիւնը ուրիշ սերունդի մը ձեռքերուն մէջ է։ Անկախութիւնը այլեւս միայն ձեռք բերուելիք նպատակ մը չէ. անիկա նաեւ պահպանելի եւ զարգացուելիք պատասխանատուութիւն մըն է։ 21 Սեպտեմբերը, հետեւաբար, պէտք է ըլլայ ո՛չ միայն տօնակատարութեան, այլեւ արմատներուն եւ ինքնութեան վերադառնալու իսկական առիթ մը։

Փաստ է, անշուշտ, որ Հայաստանի անկախութեան 35 տարիները պարզ թուականներու շարք մը կամ խաղաղութեան մէջ ագուցուած շղթայի մը օղակները չեն։ Անոնք Մայր Հայաստանի ապրած փորձութիւններուն, կորուստներուն, յաղթանակներուն, սխալներուն եւ վերականգնումներուն պատմութիւնը կը հանդիսանան։ Անկախութիւնը մեզի չտրուեցաւ՝ որպէս պարգեւ, այլ՝ որպէս Հայաստան մը, որ պէտք էր ամէն օր կառուցուէր եւ պաշտպանուէր։

Միւս կողմէ, կարեւոր է արձանագրել նաեւ հետեւեալը. այն սերունդը, որ անկախութիւնը երազեց, իր երազը մեզի յանձնեց՝ որպէս իրականութիւն։ Իսկ մեր պարտականութիւնն է այդ իրականութիւնը վերածել այնպիսի Հայաստանի մը, որուն մէջ ազատութիւնը, արժանապատուութիւնը, անվտանգութիւնը եւ պետականութիւնը միայն բառեր չեն ըլլար, այլ կը հանդիսանան առօրեայ կեանքի մաս։

Ի վերջոյ, անկախութիւնը վերջակէտ մը չէ։ Անիկա երկար ճանապարհի մը սկիզբն է։ Եւ 35 տարի վերջ, անկախութեան նկատմամբ ամենամեծ յարգանքը թերեւս այն է, որ մենք ո՛չ միայն տօնենք զայն, այլեւ հասկնանք անոր գինը, պահպանենք անոր արժէքը եւ պատասխանատուութեամբ մտածենք այն Հայաստանին մասին, որ պիտի փոխանցենք վաղուան սերունդներուն։ 

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2026