ՄԱՅԻՍԻ ԿԷՍԸ

Սիրելի՛ Աբրահամ,

Չեմ գիտեր, թէ որո՞ւ պիտի ղրկեմ այս նամակը: Խոստումս եղած էր քեզի, որ իւրաքանչիւր մայիս ամսուան կիսուն, գերեզմանիդ կակաչներ պիտի տանիմ ու տարածեմ զանոնք գերեզմանիդ վրայ… Ահաւասիկ մայիսի կէսն ենք եւ ո՛չ մէկ կակաչ կրցած եմ գտնել…, եւ եթէ գտնեմ ալ, ինչպէ՞ս պիտի հասնիմ գերեզմանիդ, որպէսզի տամ զանոնք քեզի… Տասներկու տարի անցած է արդէն…, ու կը կարծեմ, թէ ամէն ինչէն շա՜տ հեռացած ես… Արդարեւ, ինչպէս որ դուն հողին տակ կը խորասուզուիս ու կը քայքայուիս, այդպէս ալ կը խորասուզուիս մեր յիշողութեան մէջ ու կ՚անհետանաս: Դիմագիծդ, նոյնիսկ դիմագիծդ չեմ կրնար լաւ կերպով յիշել: Իսկ ձայնդ, չեմ գիտեր, թէ ինչպէս էր… Աչքերդ, այլեւս չեմ յիշեր, թէ անոնց փայլը ինչպէս էր…: Կը դժուարանամ նաեւ պատկերացնել շարժումներդ… Միտքիս մէջ քեզմէ մնացածը պարզապէս սառած մարմին մըն է, որու ափերը կուրծքին դրուած են, եւ արեան բարակ թել մը, որ շրթունքներէն դէպի ականջները կ՚երկարի: Այստեղ, յստակ կերպով կը յիշեմ, թէ ինչպէս շալկեցին քեզ ու փոսին մէջ նետեցին վրայիդ հագուստներով միասին…, ապա հողով ծածկեցին. այդ ընթացքին ընկերներուդ տոկունութիւնը մեր ետեւէն կամաց կամաց բարձրացող վիրաւոր ողբի ձայն մը խզեց, որ ետքէն լռեց…:

Հիմա հարցումը հետեւեալն է. ինչո՞ւ կը գրեմ քեզի: Աւելի ճիշդ պիտի չըլլար որ ես ալ շարունակէի լռութիւնը՝ որ տասներկու տարի առաջ սկսաւ, երբ չկրցայ նոյնիսկ կակաչներ բերել գերեզմանիդ: Կը կարծեմ, որ այլեւս ի զօրու չեմ լուռ մնալու… Մայիսի կէսը կը ճնշէ կուրծքիս՝ կարծես խենթ ճակատագիր մը ըլլար, որ անգամ մը սխալեցաւ…, եւ փոխանակ զիս սպաննելու՝ քեզ սպաննեց…:

Կը հաւատա՞ս, պատմութեան թելերը միտքիս մէջ սկսան քայքայուիլ…, ու կը վախնամ որ մոռնամ զանոնք: Հաւատա՛ ինծի, որ կը վախնամ մոռնալ զանոնք. թերեւս դուն ալ մոռցար զանոնք. հիմա ատոնք ի՞նչ իմաստ ունին քեզի համար…, սակայն կ՚ուզեմ օգնել քեզի եւ օգնել ինծի, կրկին անգամ հիւսելու անոր թելերը:

Բազմաթիւ պատմութիւններ սկիզբ չունին: Տարօրինակ է, որ մեր պատմութիւնը յստակ սկիզբ ունի, աւելին, նոյնիսկ կ՚երդնում, որ անոր յստակութիւնը սկիզբէն այնքան է, որ կրնաս զայն առանձին գլուխ մը համարել մեր կեանքին միւս հանգրուաններէն:

Երեկոյ էր, դուն եւ ես կանգնեցանք մեծ հօրդ տան դիմաց եղող մեծ քարին վրայ, որ որպէս նստարան կը ծառայէր…: Արդէն զէնք գործածել սորված էինք, եւ այդ ատեն մեր նպատակակէտերը պահածոյ ուտելիքներու պարապ տուփերն էին, ինչպէս նաեւ ձէթի ամաններուն հին կափարիչները: Եթէ յիշողութիւնս չի՛ դաւաճաներ ինծի, կրնամ ըսել, որ երկու կամ երեք անգամ կազի լամբերն ալ որպէս նպատակակէտ ծառայեցուցած ենք:

Երեկոյ էր…, այո՛, կրկին անգամ այս փաստը պիտի շեշտեմ, քանի որ ընդհանուր պատկերին բաղադրիչ մասերը չե՛ն ամբողջանար, եթէ անոնց մէջ չմտնէ երեկոյի լոյսը… Մեծ քարին քով կանգնեցանք եւ ապա ձայնդ լսեցի.

-Չե՞ս ուզեր վրէժխնդիր ըլլալ:

Հարցումիդ յաջորդեց կարճ ծիծաղներու շարք մը, նախքան ես ալ իմ հերթիս հարցնեմ.

-Որմէ՞:

Մատդ բարձրացուիր դէպի դիմացի պատը եւ ցոյց տուիր բան մը, ապա բառերդ ջնջող ծիծաղը դէմքիդ, ըսիր.

-Այդ կատուէն, որ աշտարակէն զոյգ մը աղաւնի գողցաւ…:

Ես ալ խնդացի ու յիշեցի, թէ ինչպէս այդ անիծեալ կէտաւոր կատուն պարտէզին մէջ եղող աղաւնիներու աշտարակին հասաւ երկու գիշեր ետեւ ետեւի եւ գողցաւ ընտիր աղաւնիներու զոյգ մը, որ մեծ հայրս եւ մենք կը խնամէինք…, եւ նախքան որոշում մը կայացնելս, դարձեալ լսեցի ձայնդ.

-Պիտի սպաննեմ զայն, եթէ քաջութիւնդ դաւաճանէ քեզի…:

Հրացնադ դրիր ուսիդ ու… կրակեցիր. տարօրինակ հոտ ունեցող ծուխին մէջէն տեսանք, թէ ինչպէս կատուն սարսափած դէպի ետեւ կը ցատկէր, ապա իր ոտքերը հովին տալով կը թռչէր դրացիի պարտէզին ցանկապատին վրայ, ուշադիր կը կանգնէր անոր վրայ եւ զարմացած աչքերով կը նայէր հին պատի այն կէտին, որ փամփուշտը անկէ հատուած մը ծակած էր… Չեմ գիտեր, որ սատանան մղեց զիս, գոչելու.

-Սխալեցար…, ես բախտս պիտի փորձեմ…:

Կը յիշեմ ինչպէս նշանս ուղղեցի անոր գլուխին եւ երբ հրացանիս նշանառութեան չեղքէն տեսայ, թէ ինչպէս փռուած է ցանկապատին վրայ, դող զգացի եւ հրաձգութիւնը խանգարուեցաւ քիչ մը…: Անոր աչքերը տակաւին զարմացած իր չորս կողմը կը նայէին, մինչ իր պոչով կանոնաւոր կերպով գետնին կը զարնէր, իսկ ականջները կանգնած էին եւ աջ ու ձախ կը դառնային՝ վտանգը փնտռելով… Յաջորդ վայրկեանին իսկ տեսայ զայն նշառութեանս ճիշդ կէսին…, ձգանը սեղմեցի…, փամփուշտը դէմքին դպաւ, ինկաւ, ոտքերը դէպի վեր ձգուեցան ու կը դողդողային, ապա կողքին ինկաւ ու արիւնը սկսաւ դուրս գալ…

Զիս տարիր անոր մօտ, հրացանիդ ծայրով դարձուցիր զայն, ու գոչեցիր.

-Լա՛ւ հարուած…, գլխուն կէսը… անոր մտածումներուն շարանը կտրեցիր…:

Իսկ ես, սկսայ փսխել…, եւ աւելի քան երկու շաբաթ անկողինէն չկրցայ ելլել…:

Որոշ ժամանակ ետք երբ այցելեցիր ինծի, խնդալով հարցուցիր.

-Ի՞նչ է…, կէտաւոր գող կատուն այս վիճակի՞ն հասցուցած է քեզ, ծիծաղելի է: Դուն քեզի խոստում չէի՞ր տուած պատրեազմներ մղելու, ուր մարդիկ պիտի սպաննենք եւ ո՛չ թէ կատուներ:

Ամօթ զգացի…, եւ չեմ գիտեր ինչպէ՞ս հնարուեցաւ սուտը այդ պահուն:

-Կատո՞ւն, խե՞նթ ես… Քարերով կատուներ կը սատկեցնէի, երբ տակաւին մանուկ էի…: Կրակած պահուս հրացանին կոթը սահեցաւ ու կոկորդիս դպաւ…, եւ այդ էր փսխելուս պատճառը: Յետոյ, ատկէ առաջ արդէն հիւանդ էի…

Մինչեւ հիմա չեմ գիտեր եթէ այդ սուտը անցաւ վրայէդ…, սակայն ինչ որ հանգստացուց զիս այդ օրը այն էր, որ գիշերը վերադարձար մօտս…, ականջիս փսփացիր, որպէսզի այս երկու օրերու ընթացքին ես զիս պատրաստեմ յարձակումի մը…:

Մեզ կողքի գաղթավայր տանող ինքնաշարժին մէջ, սովորութեանդ համաձայն կ՚երգէիր, մինչ ես տակաւին այդ դէպքին [կատուի սպանութեան] հետեւանքները կը կրէի, սակայն յանկարծ մշտեցիր զիս՝ ուշադրութիւնս հրաւիրելով պարտէզներուն, որոնց մայիս ամիսը սկսած էր նոր կեանքի գոյն տալ:

-Ահա կակաչը…, անոր մէջ քնքոյշ ու գունաւոր միջատներ կը փնտռէինք, եւ հազարաւոր կակաչներ կը կտրէինք, որպէսզի մէկ հատիկ միջատ մը գտնէինք… ո՜հ…, պիտի… ուրախ ըլլամ, եթէ խոստանաս ինծի, որ իւրաքանչիւր մայիս ամսուն գերեզմանիս փունջ մը կակաչներ բերես…, կը խոստանա՞ս…:

Յիմար մըն ես. սակայն, եթէ խոստումս պիտի լռեցնէ քեզ, ապա՝ կը խոստանամ…:

-Շրթներուդ վրայ եղող ժպիտը մեռաւ, հրացանդ սեղմեցիր կուրծքիդ եւ թոյլ՝ բայց խորունկ ձայնով մը ըսիր.

-Շնորհակալ եմ…:

Կէսօրին գաղթակայանի պարտէզները իջանք: Ծրագիրը շատ համարձակ էր, սակայն՝ կարելի…. գաղթակայանի ծայրայեղականներուն տուները գրաւել եւ ապա պայթաեցնել զանոնք…, ու դարձեալ մեր գիւղաքաղաք վերադառնալ…:

Պատահածը, սակայն, տարբեր էր: Հրեաները յանկարածակիի բերին մեզ իրենց պարտէզներուն մէջ, որով վայրագ կռիւ մը ծագեցաւ: Քու կողքիդ էի եւ հրացանովս կը կրակէի ինչպէս պատահէր, որովհետեւ ո՛չ ոք կը տեսնէինք որուն կարենայինք կրակել… Այդ ընթացքին ցանքին ու փուշերուն վրայով կը շարունակէինք սողալ… Կը վախնայի՞ այդ օրը…, հիմա չեմ յիշեր, սակայն այն հրեան, որ յանկարծ մեր դիմաց կանգնեցաւ, մտածումս կաթուածահար ըրաւ… Ձեռքի ռումբ մը ունէր, որ մեր վրայ նետեց… ձայնդ լսեցի եւ բարձրացած ծուխը գրեթէ պիտի կուրցնէր մեզ.

-Սպաննէ՛ զինք, փամփուշտներուս գզրոցը կախուեցաւ…

-Ծուխը տարտղնեցաւ… Տակաւին այնտեղ կանգնած էր՝ ուրիշ ձեռնառումբ մը ձեռքին, եւ ցանքին մէջ կը փնտռէր մեզ… Նշանառութեանս ժամանակ տեսայ զինք այնտեղ կանգնած…, վախցած աչքերով…: Վայրկեաններ անցան եւ մատս չէր կրնար ձգանը քաշել…, կը դողայի…, եւ նշանը իր տեղը կանգնած էր…, կը տեսնէի զինք նշանառութեանս գործիքէն…, եւ այդ գործիքին մէջէն տեսայ, որ կը գտնէր քեզ ու ձեռնառումբը կը նետէր վրադ ու կռնակը կը դարձնէր…

Այդպէս վերադարձուցինք քեզ գիւղաքաղաքդ, ուր թաղեցին քեզ հագուստներովդ՝ ինչպէս որ նահատակները կը թաղուին… Մայրդ ընկերներուդ ետեւէն կու լար…, մինչ ես -ամօթիս գագաթնակէտին հասած-, խոնաւ հողին վրայ կը տնկէի կակաչները՝ որ մեր վերադարձի ճամբու ընթացքին հաւաքեցինք:

Այդ օրէն տասներկու տարի անցած է…, եւ ամօթս կը հետապնդէ զիս… Իւրաքանչիւր մայիս ամիս կը ծանրաբեռնէ կուրծքս, որպէս վատ երազ մը՝ որ չի՛ մեղքանար…:

Հարցումը, որ գլուխիս մէջ է հիմա, այս է. ինչո՞ւ հիմա կը յիշեմ քեզ…, ու կը գրեմ քեզի…, աւելի ճիշդ պիտի չըլլա՞ր շարունակէի լռութիւնս:

Ո՛չ…, չեմ կրնար…, օրերը կ՚անցնին…, եւ դուն կը խորասուզուիս աւազին մէջ…, եւ կը վախնամ, որ մոռնամ քեզ… Չեմ ուզեր մոռնալ, հակառակ յիշողութեան տուած բոլոր չարչարանքին… Արդարեւ, այս չարչարանքը զգացնել կու տայ ինծի, թէ ինչքան կարեւոր է, որ վերադառնամ գերեզմանիդ…, եւ անոր վրայ կակաչներ ցանեմ…

Չեմ գիտեր, թէ ինչքան յառաջացած եմ հիմա… կրնա՞մ հրեայ մը սպաննել առանց դողալու: Մեծցած եմ…, եւ վրանը զիս կարծրացուցած է…, սակայն ասիկա ինծի վստահութիւն չի՛ տար տակաւին…:

Ունեցած միակ վստահութիւնս այն է, որ կը զգամ ամօթը, որ փակած է ինծի մինչեւ ոսկորներս… Բաւարա՞ր է ասիկա: Կը կարծեմ, որ բաւարար է: Արդարեւ, կատուն որ սպաննեցի, զոյգ մը աղաւնի գողնալէն ու զանոնք ուտելէն բացի, ուրիշ բան չէր ըրած…, եւ անոր դրդապատճառը հաստատ իր անօթի ըլլալն էր… Իսկ հիմա, ես կանգնած եմ հազարաւոր անօթի այրերու ու կիներու միջեւ… Անոնց հետ միասին դէմ առ դէմ կանգնած եմ գողի մը դիմաց, որ մեզմէ ամէն ինչ խլեց…:

Ա՞յս է արդեօք պատճառը, որ լռութենէս դուրս եկայ, որպէսզի ա՛լ աւելի կառչիմ (փակիմ) քեզի… Պիտի ներես ինծի խոստովանութիւնս… Յայտնաբերած եմ,- վստահաբար դուն շատոց յայտնաբերած կ՚ըլլաս-, թէ ինչքան կարեւոր է որ որոշ մարդիկ մահանան…, որպէսզի ուրիշ մարդիկ ապրին… Հին իմաստութիւն մըն է…, որու մէջ ամենէն կարեւորը այն է…, որ հիմա ես զայն կ՚ապրիմ:

«12-րդ անկողինին մահը»

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Մայիս 21, 2025