ՓՈԽԱԲԵՐԱԿԱՆՕՐԷՆ ԸՆԿԵՐԱԲԱՆԱԿԱՆ ՈՒ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՄԱԿԵՐԵՍՈՎ ՕԹԻԶՄԸ

Ընկերաբանութեան տեսական առաքելութիւնը մարդկային հաւաքական կեանքի սերտումն է, եզրակացութիւններ ընելն ու լուծումներ գտնելը մարդկային հաւաքական խնդիրներուն: Ընկերաբանութեան գործադրական դաշտը մարդկային հաւաքական կեանքն է ու անոր բարելաւման համար տարուած գործունէութիւնը, բայց, դժուար է տեւաբար զայն տեսութիւններով մշակել: Մարդկային գործունէութեան օգտակարութիւնը հոն կը կայանայ, երբ չափելի դառնայ հասարակութիւններու, հաւաքանակութիւններու ու պետութիւններու յառաջդիմութիւնը: Կազմակերպման աստիճանաւորումը, այո՛, զարգագցման հետ աղերսուած է, բայց, այն միակ գործօնը չէ մարդկային հաւաքական յառաջդիմութիւն արձանագրելու: Հարցում մը ինքզինք կը պարզէ թէ՛ անհատին եւ թէ հաւաքականութեան համար. կա՞յ արդեօք օգուտ մը քաղելիք ընդհանուր կեանքէն եւ այն օգուտը նիւթականի ապահովման ու բարօրութեան կողքին, ոգեղէն ի՞նչ հանրայնութեան ու դրուածքի մը մէջ է, կա՞յ արդեօք ոգեղէն լիացած երջանկութիւն մը ու օգուտ կամ կատարում մը, որ հաւաքական գործունէութեամբ կ՚իրագործուի: Պարզ պատասխանը հարցումին կրօնը կրնայ ըլլալ, բայց, կրօնը ոգեղինութիւնը աւելի անդրաշխարհային կապուածութեան, փոխակերպումի ու խոստման-ապահովման մէջ կը կայացնէ, քան ասդրաշխարհայնութեան: Իսկ մարդկային անհատական ու հաւաքական ոգեղինութիւնը իր հաճոյքի, կատարման ու օգտաքաղման փիլիսոփայութիւններով կը հետապնդէ այսպէս կոչած՝ հոստեղինութիւն-ներկայութիւն մը, որ աշխարհը կ՚ուզէ զգալ, ապրիլ-ըլլալ, արտատպել, վերարտադրել ու նոյնիսկ քանդել զայն վասն մարդկութեան տեսակին: Ընկերաբանութեան մէջ սեւեռումի ալ առարկան կրնանք համարել այսպէս կոչած՝ հաւաքական օթիզմը, ուր հաւաքականութիւնները միաժամանակ իրարմէ կ՚անջատուին, իրենք զիրենք կը մեկուսացնեն, միեւնոյն ժամանակ անոնք կախեալ են իրարմէ ու ձուլումի կ՚երթան իրարու մէջ: Ժամանակագրական առումով մարդկային հաւաքական ապրելաձեւը, բնականաբար, ունեցած է տարբեր ձեւեր եւ անցած է տարբեր զարգացման հանգրուաններէ ու դժուար է գտնել պատճառը մարդկային հաւաքական զատորոշման, իւրայատկացման, դասակարգայնացման ու տեսակաւորման: Այդ մէկը յայտնի է, որ նոյնինքն որեւէ քաղաքակրթութեան ուղեգիծն ու պարունակութիւնը դասակարգայնութեան ձգտում է։ Նոյնիսկ պատմական հոլովոյթը կրնանք տեսնել իբր զատորոշման ու իւրայատկացման կերտումի ջանք (չշփոթել Քարլ Մարքսի պատմութեան դիտարկման դասակարգային բախում տեսութեան հետ): Մարդկային հասնիլն ու լսուած-դիտուած, գնահատուած ըլլալն ու ընկալուիլը կրնանք համարել փրկուելու կոչ ու հայց, ուր մարդկութիւնը, ընդհանուր կախուածութեանբ մը, կը տանի Աստուծոյ գաղափարին, բայց, միեւնոյն ատեն մարդկային հաւաքական կեանքը ինքզինք կը ներշնչէ, ինչ որ տակաւին կայ շատ աւելի կատարելագործուող ապրուստ: Մարդ անհատը իր բոլոր ապիկարութեամբ ու չհասկցուածութեամբ, բնականաբար, աւելի արագ է ու սրընթաց՝ քան հասարակութիւնը եւ հոն է մարդու միակ մխիթարանքը մեծ հաւաքական անհասանիլութեան ի դիմաց: Ուրեմն, միշտ դասն ու դասակարգը (իր կրօնական, ազգային ու նոյնիսկ համամարդկային մակերեսներով) եղած է թէ՛ նպատակ ու քաղաքակրթական հոսք եւ թէ մարդկային հաւաքական ջանքի առարկայական կամ ենթակայական բնութագիր: Մարդկային հաւաքական տեսակի այսպէս ըսած՝ ՏՆԱ-ն է այդ: Չկայ ու չէ եղած մէկ ու ամբողջական հաւաքականութիւն, ընդհակառակն պատմութեան մէջ ահաւոր կղզիացումներ ու անոնցմէ բխած անհամար պատերազմներ եղած են՝ հարթելու կամ նուաճելու համար հաւաքականով մը ուրիշ հաւաքական մը: Միշտ ալ հաւաքական օթիզմը իր գլուխը ցցած է ամէն տեղ, իսկ ներկայ դարուն այն ամենամեղմ վիճակը կ՚ապրի ահռելի համաշխարհայնացման ու բացուածութեան պատճառով:

Օրինակ՝ նոյն պարունակութեամբ դասականութիւնն ու անոր ստեղծած տարբերականութիւնը, տիրապետական նպատակներ ունի, այո՛, հաւանաբար, զայն օգուտ բերած է մարդկութեան եւ հասցուցած է մեզ արտադրողական ու ներկայի արհեստագիտական յեղափոխութիւններուն։ Բայց եւ այնպէս, երբ համապարփակ պատմութիւնը առնենք ու հարցնենք, թէ ինչո՞ւ միշտ եղած է իշխող դասակարգ մը, կը տեսնենք, որ անոր ետեւ կայ տիրակալութեան ու հարստացման գերնպատակը: Պիտի իշխեմ, որպէսզի հարստանամ։ Այս կէտին հասկացողութիւնը կրնայ համարուիլ այն, որ ինչքան ալ իշխանութիւնս տնօրինում բերէ ու զարգացում, նախ ես պիտի օգտուիմ, ապա օգտակար դառնամ մարդկութեան: Հոս ազնուականութիւնը, լեզուի վերադասութիւնն ու պճնանքի հասնումը կրնանք համարել տիրակալութեան միջոց մը, ինչքան ալ յարաբերականօրէն եւ ուրիշ մակարդակներով անոնք համարուին մարդկային զարգացուածութեան բնորդներ, թէեւ խաւն է դիտորդն ու ընկալողը, իշխողն ու իշխուածը: Հաւանաբար, խնդրականութիւնն ու երկուութիւնը մարդկային հաւաքականութեան հասկացողութեան ընկալման ու ընկերային բարօրութեան, պայծառութեան, արդարութեան, իտէալականութեան նոյն այս կողմնաբաշխութեան մէջ կ՚իյնայ։ Այսինքն՝ մենք ինչպէ՞ս կը տեսնենք ու կ՚արդարացնենք պատմութիւնը ու որո՞ւ կողմն ենք պատմութեան մէջ։ Մենք մեզ կը տեսնենք ղեկավարի՞ դերով, թէ ղեկավարուածի, նուաճողի՞, թէ նուաճուածի: Անհատական պատմագրութիւն չկայ, այդ մէկը աւելի բնազանցութեան կը տանի եւ հոն է, որ մենք կ՚ուղղուինք դէպի խենթացում ու մտաթուլութիւն։ Պատմութեան մէջ մենք հաւաքի, ազգի, պետութեան ու ժողովուրդի մը մասնիկ ենք, իսկ մեր եսը իր գոյութենական, տիեզերական ու ոգեղէն հաւատալիքներով, ժամանակագրութեամբ ու տարազներով հոն չէ, այլ միայն լինելութեան մը խաղալիքն է։ Բայց, քանի հարկադրուած ենք հաւաքական կեանքին ու պէտք ունինք դպրոցի, ճամբայի, հիւանդանոցի ու կայարանի… մենք մեզ կը զոհաբերենք հաւաքական պատմութեան, որպէսզի մաս ըլլանք ամէն հաւաքական ծառայութիւններուն ու մասնակցինք եռուզեռին: Միշտ փոքրերը մեծերուն կարիքը ունի եւ կրնանք օրինակ բերել հաւաքական օթիզմը. գերզօրաւոր ու հարուստ ժողուրդները չեն երթար փոքրերուն ու տկարներուն մօտ, այլ հակառակն է իրողութիւնը:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

•վերջ

Երեւան

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 20, 2025