ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Հպարտութեան եւ հեզութեան մասին առակագիրը մինչեւ հիմա մի քանի անգամ խօսեցաւ: Այլ տեղ եւս խօսա՞ծ է այդ մասին:
Պատասխան. Անշուշտ խօսած է, որովհետեւ այս երկու յատկութիւնները կրնան որոշել մարդուն յետագայ ընթացքը, աւելին, հանդերձեալին իրեն սպասելիք վարձատրութիւնը կամ պատիժը, դատապարտութիւնը: Կը կարդանք. «Մարդուն հպարտութիւնը զինք կը կործանէ, բայց հեզահոգի մարդը փառք կը վաստակի» (Առ 29.23):
Մարդուն հպարտութիւնը զինք կը կործանէ, որովհետեւ հոգիին այն ախտերէն է, որ ինքզինք թաքուն պահել գիտէ, այլ խօսքով, ենթական, որ հպարտութենէ կը տառապի, շատ յաճախ չի՛ գիտակցիր, որ ինք այդ ախտով վարակուած է, որովհետեւ իր մօտ կարծրացած կ՚ըլլայ այն մտածումը, թէ ինք ամէն ինչի մէջ ճիշդ է եւ չի՛ կրնար պատահիլ, որ ինք սխալի: Այս ալ նշենք, որ հպարտութեան միշտ ընկերակից է աշխարհիկ, սին եւ անցողիկ փառքը:
Յովհաննէս Քասեանը այս բոլորին մասին կը գրէ. «Հպարտութիւնն ու սին փառքը կը սկսին իբրեւ փոքր եւ աննշմարելի տագնապներ ու ցաւեր, այդ պատճառով ալ կարելի չ՚ըլլար զայն շուտով թիրախաւորել: Միւս բոլոր ցաւերն ու տագնապները յստակ են եւ կարելի է պայքարիլ անոնց դէմ, եթէ հոգին զգաստ ու արթուն է, բայց հպարտութեան պարագան այդպէս չէ: Ենթական յաճախ չի կրնար շուտով անդրադառնալ անոր: Հպարտութիւնն ու սին փառքը շատ աւելի խիստ մարտնչում կը պահանջեն, որովհետեւ անոնք կատաղօրէն կը յարձակին եւ միջամուխ կ՚ըլլան մեր կեանքի բոլոր գործունէութիւններուն, ինչպէս՝ քալելուն, խօսելուն, նիստ ու կացին, ուտելուն, լուռ մնալուն, հսկելուն ու ծոմապահութեան, համբերատարութեան, եւ այլն: Պիղծ ոգին հպարտութեան եւ սին փառքի նետերը կ՚արձակէ դէպի այն մարդիկը, որոնք առաքինութիւններ ձեռք բերած են՝ յուսալով, որ կը գողնայ անոնց մաքառումի վարձատրութիւնը»:
Որոգինէսը, հպարտութիւնը սատանային մեղքը կը կոչէ: Ան կը գրէ. «Մէկը կրնայ հարցնել, թէ ո՞րն է մեծագոյն մեղքը: Ամենածանօթը, շնութիւնը կամ անմաքրութիւնն է, եւ կամ ցանկութեան կապուած որեւէ ուրիշ մեղք: Ճիշդ է, որ այդ մեղքերը ահաւոր են եւ սոսկալի, բայց չեն նմանիր այն մեղքին, որ Աստուածաշունչը խստիւ կը դատապարտէ: Անկասկած, ատիկա հպարտութեան մեղքն է, ամբարտաւանութիւնն ու ինքնասքանչացումը: Ասիկա սատանային մեղքն է, որուն իբրեւ դառն հետեւանք՝ երկինքէն երկիր ինկաւ, որովհետեւ “Աստուած հակառակ է ամբարտաւաններուն”»:
Յովհաննէս Սանդուխքը հպարտութիւնը կը համարէ բոլոր մեղքերուն մայրը, իսկ զայն նուաճող ու յաղթահարող կը յայտարարէ խոնարհութիւնն ու ինքնաքննադատութիւնը: Ան կը գրէ. «Ես այս մեղքը հնազանդութեան պարաններով կապեցի ու մտրակեցի, որպէսզի ինծի ըսէ իր գաղտնիքները: Ուստի եւ պատասխանեց. “Ես գլուխն ու մայրն եմ միւս բոլոր մեղքերուն, ոչինչ կը գերազանցէ զիս, ոչինչ կը հակառակի ինծի, բացի խոնարհութիւնն ու հակառակութիւնը: Իմ զաւակներս են բարկութիւնը, նախանձը, ուրիշները դատելը, մեծագոչութիւնը, առարկութիւնը, հայհոյութիւնը եւ միայն սեփական գաղափարով համոզուածութիւնը: Ունայն փառքը իմ նաւս է, բայց խոնարհութիւնն ու ինքնաքննադատութիւնը կը հեգնեն նաւն ու իր ճամբորդները”»:
Ղպտի եկեղեցւոյ հայրերէն՝ լուսահոգի Իուանիս Եպիսկոպոսը իր «Հոգեւոր ըմբռնումներ» գիրքին մէջ, հպարտ անձին մասին կը գրէ. «Հպարտ անձը համարձակ եւ յաւակնոտ գողի կը նմանի, որ նոյնինքն Աստուծմէ կը գողնայ: Ան Ամենասուրբին փառքը, պատիւն ու մեծութիւնը կը գողնայ: Աստուած նախանձախնդիր է Իր փառքին, անունին ու պատիւին, ինչպէս կը կարդանք Եսայիի մարգարէութեան մէջ. “Ես Տէրն եմ, ա՛յս է իմ անունս, իմ փառքս ուրիշ ոչ ոքի կու տամ, ոչ ալ պատիւս՝ կուռքերուն” (Ես 42.8), ուրիշ տեղ մը կը կարդանք. “…Թոյլ պիտի չտամ որ իմ անունս անպատուուի, թոյլ պիտի չտամ որ փառքս ուրիշին տրուի” (Ես 48.11): Իսկ Պօղոս առաքեալ կը գրէ. “Իրեն՝ յաւիտենական Թագաւորին, անմահ եւ անտեսանելի միակ Աստուծոյն, պատիւ եւ փառք յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն”» (էջ 75: Հայացուց՝ Մակար Արք. Աշգարեան): Նոյն հեղինակը հպարտութեան լարած թակարդներուն մասին կը գրէ. «Հպարտութեան դեւը միշտ առաքինութիւններով կը ծպտուի եւ կը փորձէ տարիներու պայքարի պտուղները գողնալ:
Ճգնաւոր հայրեր շատ զգոյշ եղած են այս ծուղակին վերաբերեալ: Առիթով մը սատանան լուսաւոր հրեշտակի կերպարանքով կը յայտնուի վանական հայրերէն մէկուն ու կ՚ըսէ. «Ես Գաբրիլէն եմ. քեզի ղրկուեցայ»: Բայց հայրը անմիջապէս կը պատասխանէ. “Հաւանաբար ուրիշին համար ղրկուած ես, որովհետեւ ես մեղաւոր եմ”:
Շարունակ դեւեր կ՚երեւին վանական հօր մը եւ զանազան ձեւերով կը փորձեն մեղքի մէջ ձգել զինք: Երբ սատանան կը յոգնի վանականին բարեպաշտութենէն, լուսաւոր կերպարանքով կ՚երեւի ու կ՚ըսէ անոր. “Ես Քրիստոսն եմ”: Վանականը իր աչքերը կը գոցէ: Սատանան կ՚ըսէ՝ “Քրիստոս այստեղ է եւ դուն աչքե՞րդ կը գոցես”: Սուրբ հայրը կը պատասխանէ. “Հոս՝ երկրի վրայ, ես Քրիստոսը տեսնել չեմ ուզեր”: Երկու դէպքերու պարագային ալ սատանան ու դեւերը չեն կրնար հանդուրժել սուրբ հայրերուն խոնարհութիւնը եւ անմիջապէս կ՚անհետանան» (էջ 95):
Իսկ խոնարհութեան մասին Իուանիս Եպիսկոպոսը իր նոյնանուն գիրքին մէջ այսպէս կը գրէ. «Խոնարհութիւնը պարզապէս արտաքին երեւոյթ մը չէ, ինչպէս պարզ հագուստ մը հագնիլը կամ մեղմ ձայնով խօսիլը եւ կամ միշտ աչքերը վար առնել եւ գետին նայիլը: Անիկա սոսկ բառ չէ, որ անձը իր մասին կը կրկնէ ուրիշներուն դիմաց, ըսելով որ ինք մեղաւոր է կամ՝ անարժան եւ ո՛չ ալ աղօթքի մէջ արտասանուած նախադասութիւնը՝ անձի մը անարժանութեան կամ նուաստութեան մասին: Եթէ պարզապէս եւ միայն ա՛յդ ըլլար կամ ըլլայ, ապա ամէն մարդ կրնայ խոնարհ ըլլալ:
Իրականութեան մէջ խոնարհութիւնը մարդուն եւ Աստուծոյ միջեւ ապրուած կեանքն է, ուր անձը իր ոչնչութիւնը կը զգայ եւ աւելին, ինչ որ բարի բան ունի իր մէջ, կը գիտակցի, որ Աստուծմէ է եւ թէ առանց Աստուծոյ ինք հող ու փոշի է միայն: Իսահակ Ասորին կ՚ըսէ. “Ան որ խոնարհ ըլլալու համար իր մեղքերը կը յիշէ, իրականութեան մէջ խոնարհ չ՚ըլլար: Թէեւ մեղքերը յիշելը լաւ բան է, բայց ըրածը պարզապէս խոնարհութեան կը մօտեցնէ անձը: Ճշմարիտ խոնարհ անձը կարիք չունի ինքզինք համոզելու կամ ինքզինքին յիշեցնելու, որ խոնարհ զգայ, այլ իրեն համար բնական երեւոյթ կը դառնայ ինքզինք ոչինչ նկատելը”:
Յովհաննէս Կղեմաքոսը կ՚ըսէ. “Խոնարհ անձը ան չէ որ ինքզինք կը մեղադրէ, որովհետեւ ամէն մարդ կրնայ հանդուրժել ինքնաքննադատութիւն, բայց ճշմարիտ խոնարհը ան է, որ ուրիշներուն կողմէ իր անձին հանդէպ կատարուած քննադատութիւնը կ՚ընդունի եւ կը շարունակէ սիրել զանոնք”:
Ուստի, խոնարհութիւնը դիւրին առաքինութիւն մը չէ: Ան մեզմէ կը պահանջէ ճզմել մեր փափաքներն ու մարմնական ցանկութիւնները: Քրիստոս՝ մեր Տէրը, հետեւեալը սորվեցուց Իր աշակերտներուն եւ անոնց միջոցաւ մեզմէ իւրաքանչիւրին. “Եթէ մէկը կ՚ուզէ առաջին ըլլալ՝ թող բոլորին վերջինը եւ բոլորին սպասաւորը ըլլայ” (Մր 9.35)» (էջ 13-14):
Առակացի վերոնշեալ համարին թերեւս լաւագոյն համեմատականը, որ միաժամանակ կարելի է բացատրութիւն կամ մեկնութիւն համարել, Սուրբ Օգոստինոսի հետեւեալ մտածումն է: Սուրբը կը գրէ. «Հակառակ Աստուծոյ ամենակարողութեան, խոնարհութիւնը միշտ ալ զԱստուած քու կողմդ կը քաշէ: Բայց ինքնահաւանութեանդ պատճառով ան ետ կը քաշուի: …Հպարտութիւնը պատճառ դարձաւ, որ հրեշտակները վտարուին երկինքէն, մինչ խոնարհութիւնը զԱստուած երկինքէն երկիր իջեցուց: Հպարտութիւնը դրախտէն դուրս նետեց Ադամը, մինչ խոնարհութիւնը թոյլ տուաւ, որ աւազակը դրախտ մտնէ: Հպարտութիւնը խեղդամահ ըրաւ Փարաւոնն ու իր բանակը Կարմիր ծովուն մէջ, մինչ խոնարհութիւնը փրկեց Մովսէսը»: Սուրբ Օգոստինոս Երանելիի գրածէն կրնանք եզրակացնել, որ երբ մարդ խոնարհութեամբ կ՚ապրի, այլ խօսքով, խոնարհութիւնը կենսակերպի վերածած է, Աստուած միշտ իր կողքին է, պահապան եւ առաջնորդ իր բոլոր քայլերուն: Իսկ եթէ մարդ հպարտութեան ախտէն կը տառապի, ապա ինքզինք կորուստի մատնած կ՚ըլլայ, զրկելով ինքզինք Աստուծոյ ներկայութենէն, պահպանութենէն եւ առաջնորդութենէն: Ընրտութիւնը մարդունն է:
Աւարտենք Սուրբ Մակար Մեծի մտածումով, որ յստակօրէն կու տայ տարբերութիւնը հպարտութեան եւ խոնարհութեան: Կարդանք. «Ո՞րն է մեծագոյն առաքինութիւնը: Եթէ հպարտութիւնը վատագոյն չարիքն է, որ հրեշտակները վտարեց երկինքէն, ապա անկասկած խոնարհութիւնը մեծագոյն առաքինութիւնն է, որ կրնայ մեղաւորները մեղքի գուբէն վեր բարձրացնել»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 157
Վաղարշապատ