ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿ

Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն տքթ. Ռազմիկ Փանոսեան վերջերս հարցազրոյց մը տուաւ Երեւանի մեր աշխատակիցներէն Սագօ Արեանին։ Այս վերջինը, միեւնոյն ժամանակ, կը ղեկավարէ «Արեւելք» լրատու կայքէջը, որու վրայ միջոցէ մը ի վեր տեղ կը գտնէ «Անկեղծ զրոյց» խորագրեալ՝ տեսագրուած հարցազրոյցներու շարք մը։ Այս նախագիծն ալ կը հովանաւորուի «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի կողմէ։ Վերջերս, Սագօ Արեան «Անկեղծ զրոյց»մը վարած է Ռազմիկ Փանոսեանի հետ, որ խորհրդածութիւններով հանդէս եկած է հայկական ինքնութեան խնդիրներուն, Մերձաւոր Արեւելքի հայութեան մատնուած վիճակին, հայաշխարհի դիմագրաւած ընդհանուր տագնապներուն, արեւմտահայերէնի առկայ կացութեան եւ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի առաքելութեան շուրջ։ Նկատի ունենալով տեսակցութեան ուշագրաւ բովանդակութիւնը՝ Սագօ Արեան սղագրութիւնը պատրաստած է նաեւ մեր ընթերցողներուն համար։ Հարկ է նշել, որ խորհրդածութիւնները թէեւ ուշագրաւ են, սակայն, կը համարուին խիստ ենթակայական՝ մանաւանդ, որ ունին բազմաթիւ վիճելի երեսակներ, իրարու մէջ որոշ հակասութիւններով հանդերձ։ Յամենայնդէպս, մենք կ՚առաջնորդուինք այն սկզբունքով, թէ ամենատարբեր կարծիքները պէտք է հասանելի ըլլան հայութեան ամենատարբեր խաւերուն, որպէսզի հաւաքական առողջ վերելքի մը ենթագետինը ձեւաւորուի։ Ստորեւ կը սկսինք հրատարակել Ռազմիկ Փանոսեանի յայտարարութիւնները։

*

-Սկսինք Հայաստանով. հետաքրքրական է գիտնալ, թէ Հայաստանի հետ կապուած ի՞նչ ծրագրեր կ՚իրականացնէք եւ ո՞ր ոլորտներու մէջ։

-Մեր ծրագիրներուն երկու երրորդը եւ աւելին սփիւռքի մէջ կ՚իրագործուի, որովհետեւ մեր աշխատանքը սփիւռքակեդրոն է, կը հաւատանք սփիւռքին՝ մանաւանդ անոր լեզուին՝ արեւմտահայերէնին։ Անշուշտ, պարտիմ ըսել, որ կռնակնիս Հայաստանին չենք դարձուցած, ո՛չ ալ լքած ենք Հայաստանը, ուր եւս ծրագիրներ կ՚իրականացնենք, որովհետեւ հոն ալ կարեւոր դեր մը կրնանք խաղալ եւ այնտեղ մեր իրականացուցած ծրագիրները իրար կապող ընդհանուր թելը՝ քննական մտածելակերպն է եւ հետազօտութիւնը: Հիմա աւելի կը շեշտադրենք, թէ ինչպէս կրնանք ամրապնդել, զարգացնել քննական միտք (critical thinking) ըսուած բանը Հայաստանի մէջ: Այդ ծրագիրներու մէկ մասը կը բաղկանայ թարգմանութիւններէ, մէկ մասն ալ հետազօտական աշխատանքներէ։ Այդ աշխատանքները քաջալերելը, գիրքեր, ձեռնարկներ, գաղափարներու շուրջ շինիչ բանավէճեր եւ ո՛չ թէ միայն հասարակ «վերլուծութիւններ»։ Ներկայիս շեշտը դրած ենք նաեւ Արցախի՝ Ղարաբաղի ժառանգութեան վերաբերեալ ծրագիրներ հովանաւորելու վրայ. բանաւոր կամ կենցաղային, ոչ-շօշափելի ժառանգութեան մասին մեծ ծրագիր մը ունինք։ Ունինք նաեւ ծրագիր մը՝ Մխիթարեան միաբանութեան հանդէսներու թուայնացման, որպէսզի անոնք Հայաստանի մէջ մատչելի ըլլան՝ ակադեմիայի գրադարանի միջոցով։ Պէտք է աւելցնեմ, որ արեւմտահայերէնի վերաբերեալ ծրագիրներու կարեւոր մէկ մասը Հայաստանէն կ՚իրականացուին, որովհետեւ Հայաստանը այդ առումով այսօր խաչմերուկ դարձած է՝ արեւմտահայախօսներու համար։ Արեւմտահայերէնի վերաբերեալ ծրագիրները մեր գործունէութեան կորիզը կը կազմեն։

-Ճշմարտութիւն է, որ ձեր աշխատանքին շնորհիւ տասն տարիէ ի վեր բոլորին հայեացքը փոխուեցաւ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի պարագային։ Ձեր դրօշը դարձաւ՝ արեւմտահայերէնը, մինչ բոլորի լեզուին վրայ էր, թէ այն կը մահանայ։ Տասն տարի անցած է այն օրէն ի վեր, երբ դուք ստանձնեցիք բաժանմունքի տնօրէնի պաշտօնը։ Ի՞նչ են ձեր մտածումները այս առումով։ 

-Հեշտ չէր մեր անցած ճանապարհը, որովհետեւ մենք, այո՛, դժուար ճանապարհը զատեցինք, բայց, այդ ճանապարհը արդիւնաւէտ եղաւ։ Արեւմտահայերէնի ուղղութեամբ աշխատելու գաղափարը երեւան եկաւ ճիշդ տասներկու տարի առաջ, երբ ես պաշտօնս ստանձնեցի։ Նախ ուզեցի գիտնալ, թէ ինչի՛ վրայ շեշտը պէտք է դնենք։ Զանազան մտաւորականներու հետ խօսեցայ եւ գրեթէ բոլորը շեշտեցին արեւմտահայերէնի կարեւորութիւնը, անոր ճգնաժամային վիճակը՝ մինչ այդ ես այն ենթադրութեան մէջ էի, թէ գոնէ Միջին Արեւելքի մէջ լեզուն տակաւին ուժեղ է եւ ներկայութիւն ունի։ Աւելի ուշ, երբ Միջին Արեւելք այցելեցի, անդրադարձայ, որ հոն ալ ճգնաժամային վիճակ է։ Այդպէսով վերադարձայ Լիզպոն եւ որոշեցի ամէն ջանք ընել մեր հիմնարկի հոգաբարձու մարմնին, ղեկավարութեան, որու անդամները ի դէպ հայեր չեն, տրամաբանական հիմքերու վրայ, տուեալներով բացատրելու եւ զանոնք համոզելու համար, թէ ինչո՛ւ այս գործը կարեւոր է եւ այդպէս ալ եղաւ, համոզեցի եւ անցանք առաջ։ 

Այս աշխատանքին մէջ մենք ունեցանք այն գիտակցութիւնը, թէ երբ խօսքը լեզու մը զարգացնելու մասին է, ապա շեշտը պէտք է դնենք երիտասարդութեան վրայ, դպրոցներու վրայ, ուսուցիչներու վրայ։ Պատրաստեցինք ծրագիրներու շարք մը՝ մէկ մասը փոքր, մէկ մասը մեծ եւ անոնց հետ ուղղակի ծրագիրներու անցանք։ Հրատարակութիւններ, թուայնացում, արհեստագիտական լուծումներ, ուղղագրիչ-սրբագրիչներ. օրինակ՝ «Նայիրի» առցանց բառարանին վրայ։ Երբ սկսանք այս ուղղութիւններով աշխատիլ, ապա ժամանակի ընթացքին տեսանք, որ երիտասարդ սերունդի որոշ խաւի մը մօտ կար ծարաւ մը եւ անոնք սկսան տեսնել, որ այս լեզուն հետաքրքրական է, գեղեցիկ է եւ ըսին. «այո՛, կրնանք սորվիլ»։ Ու քանի տարի է ի վեր արդէն կորիզ մը կը տեսնենք երիտասարդներու թէ՛ մշակութային եւ թէ՛ լեզուական գետիններու վրայ։ Անոնք պիտի ըլլան մեր արեւմտահայախօս կորիզը սփիւռքի մէջ։ Արժանթինէն Մոնթրէալ, Փարիզէն Յունաստան, մինչեւ Լիբանան, կը տեսնենք, թէ այդ շարժումը կայ։ Որոշ դպրոցներ արդէն մանկավարժական նոր, արդիական մեթոտաբանութիւններ կը կիրառեն, ինչ որ շատ գովելի է։ Արդարեւ, սփիւռքի մէջ մենք հայերէնը կ՚ուսուցանենք ո՛չ թէ որպէս մայրենի լեզու, այլ որպէս երկրորդ, ժառանգուած լեզու. լեզու մը, որ մանկավարժական բոլորովին տարբեր մօտեցումներ կը պահանջէ, ինչ որ Միջին Արեւելքի մէջ շատ մը դպրոցներ տակաւին դժուարութիւն կ՚ունենան ընկալելու։ Հիմա մենք սփիւռքի մէջ ունինք երիտասարդ սերունդ մը, որ արեւմտահայերէնով թերթ կը խմբագրէ, վէպ կը հրատարակէ, բանաստեղծութիւն կը գրէ։ Երբ պոռոտախօսութեան փոխարէն մտածես, որ լուծում ունի այս հարցը, ապա գործի կը լծուիս։ Սա եղաւ մեր մօտեցումը եւ արդիւնքները կը տեսնեք։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յունիս 2, 2025