ԼՈՒՍԻՆԸ ՀՈՐԻՆ ՄԷՋ ՉԻՆԿԱՒ

-Դուք ի՞նչ ըրիք ձեր հողը:

Հարցուր, թէ հողը ի՞նչ ըրաւ մեզի: Սպաննեց մեծ հայրս՝ անձկութենէն եւ սպասումէն: Սպիտակեցուց հայրս՝ ծանր աշխատանքէն ու յուսահատութենէն: Իսկ զիս կանուխ տարիքէն գիտակից դարձուց անարդարութեան: Մեծ հայրս ինքնաբաւ հրեշտակ մըն էր: Երբ պատահեցաւ՝ ինչ որ պատահեցաւ եւ ինք «ներկայ բացակայ» մը եղաւ, իր օրերը կ՚անցընէր զինուորական կառավարիչին գրասենեակին դիմաց, սպասելով արտօնագիր Աքքա քաղաք ճամբորդելու, ո՛չ մէկ բանի համար, այլ միայն որպէսզի իր հողը տեսնէ փոխադրակառքի պատուհանին ետեւէն: Իր օրը կ՚անցընէ թերթեր կարդալով, իսկ գիշերը կ՚անցընէ խորհրդածելով եւ անցեալի յիշատակները վերագտնելով…, ու կը սպասէր: Ինքն էր, որ մեծցուց զիս եւ զինք իմ հօրմէս աւելի կը սիրէի, որ զբաղած էր տառապելով ու քարերու հանքերէն հաց հանելով: Մեծ հայրս կարդալ սորվեցուց ինծի, երկրի տարածութիւնը եւ ձիթենիներուն տարիքները: Աքքայէն գիրքեր կը գնէր ինծի համար, զիս իր ընկերներուն մօտ կը տանէր, որպէսզի պարծենայ այն մանուկով, որ թերթեր ու գիրք կը կարդայ եւ հին ոտանաւորներ կը սորվի, եւ չի՛ սխալիր բացի Եասինի սուրան կարդալէ: Կը կարդայ անոնց Անդարայի եւ Զիրի կեանքերուն մասին, ինչպէս նաեւ Ճըրճի Զէյտանի պատմական պատմութիւնները, մինչեւ որ քնանար: Առաւօտեան, դպրոց կ՚երթայի, որ անունս չէր արձանագրեր, որովհետեւ հայրս կառավարական փաստաթուղթերուն մէջ չէր արձանագրուած: Ով որ Լիբանան գնաց եւ մէկ կամ երկու տարի ետք վերադարձաւ, քաղաքացի չէր համարուեր: Իսկ ով որ երկու հազար տարի ետք Վարշաւայէն եկաւ, իրաւուքն եւ հայրենիք կ՚ունենար:

Ուշ գիշերին զինուորական սպան հողէ տան դուռը կը ծեծէր իր գաւազնաով եւ կ՚արթնցնէր ընտանիքը, որ բաղկացած էր մեծ հօրմէն, մեծ մօրմէն, հայրն ու մայրը եւ չորս զաւակները՝ բոլորն ալ մէկ սենեակի մը մէջ սեղմուած, որ թէ՛ հիւարասենեակ էր, թէ՛ ննջարան եւ թէ ալ խոհանոց: Սպան դէպի մեծ հայրը կ՚ուղղուի, որպէսզի հարցնէ անոր. զաւակներդ Լիբանանէ՞ն վերադարձան: Մեծ հայրը կը խոստովանի «յանցագործութիւնը», որով սպան հայրը, հօրեղբայրը կը ձերբակալէ՝ իրենց երկիր ներթափանցելու մեղադրանքով: 

Մեծ հայրս չդադրեցաւ յուսալէ, որով տեղափոխուեցաւ ուրիշ գիւղ մը, որ իր գիւղին աւելի մօտիկ էր: Ամրան մը օրէնքը խաբեց եւ հրեայ վաճառականէ մը ձմերուկի բերքը վարձու առաւ, որ իր հողին մէջ տնկուած էր: Այսպիսով, հողատիրոջ առիթ եղաւ, իր հողին արտադրածը գնելու: Մեծ հայրս շատ չէր հասկնար վաճառականութենէ, որով վնասեց այդ վարձակալութենէն, սակայն շահեցաւ այն, որ երկար ժամեր յաջողեցաւ պառկիլ իր հին հողին վրայ: Արեւին տակ ինծի բացատրեց այս հողին պատմութիւնը, որուն եւ մեծ հօրս մորթին միջեւ չնչին տարբերութիւն մ՚իսկ չես կրնար գտնել: Մեծ հօրս կապուածութիւնը ազգային պատկանելիութեան տեսքով էր, որ մարմնաւորուած էր հողի սեփականատէր ըլլալուն եւ կարօտին մէջ՝ վերադարձնելու կտրուած կապը՝ օրինաւորապէս, տակաւին, որ պատմականօրէն եւ զգացմունքային առումով աւելի զօրաւոր կերպով համախմբուած էր, քան թշուառութիւնը, ինչ բանին ան ենթարկուեցաւ՝ ապրուստէն զրկուելու հետեւանքով: Եթէ ապրուստի բերումով ըլլար իր պատկանելիութիւնը, ապա խնդիրը կը լուծէր այդ պատկանելիութիւնը քակելով, որ իրեն բարգաւաճում պիտի ապահովէր: Սակայն, զրկուածութեան ազդեցութիւնը իր վրայ՝ իր հողը ծախելուն համար, հողը այլեւս իրեն համար ապրուստի միջոց չէր նշանակեր՝ ինչպէս էր նախապէս, նախքան արժանապատուութեան պայմանի վերածուելու: Հիմա, զայն բռնագրաւելէն ետք, հողը իրեն համար մէկ կողմէ կը նշանակէր ապրուստի թշուառութեան աղբիւր, իսկ միւս կողմէ անձնական եւ ազգայնական արժանապատուութեան պահպանում: Երկրորդ իմաստը նախընտրեց եւ մեռաւ որճրագործութեան վայրը տեսնելով ու կոտտալով. «Նոյնիսկ եթէ անօթի մեռնիմ, հողս պիտի չծախեմ անոնց»: Այս իմաստը հօրս ժառանգութիւն ձգեց, որուն փորձութիւնը աւելի դաժան ու խիստ էր: Ան կը պահէ ութ հոգինոց ընտանիք մը, որ հողէ տան մը մէջ կ՚ապրի, որ երես առած անասունի մը ախոռ ըլլալու իսկ պիտանի չէ:

Ապրուստի ո՛չ մէկ եկամուտի աղբիւր ունէր մեր ընտանիքը, որ կը պահանջէր իրմէ [հօրմէս] ուտելիք, հագուստ, դեղեր, գիրքեր, նկատի չառած իր դանդաղ ինքնասպանութիւնը քարերու հանքերուն մէջ…: Առաւօտը ժամը հինգին կ՚արթննար ու երեկոյեան հինգին կը վերադառնար քնանալու, որպէսզի առաւօտեան դարձեալ արթննար, կարենալ շարունակելու ամէնօրեայ տառապանքը: Քարի հանքը հեռու էր, վայրի մը մէջ, որ կը կոչէին զինուորական զօրավարժութիւններու շրջան, ուր հասնելու համար, պէտք է մահուան փաստաթուղթը ստորագրել, որ նշանակ էր, թէ զայն շալկողը կեանքէն ձեռք քաշած էր եւ զայն նուիրած էր Իսրայէլի պետութեան՝ եթէ մահուան հանդիպէր:

Խրատեցին զինք, որպէսզի իր հողը ծախէ կարենալ թեթեւցնելու ծանրութիւնը, որ չի՛ կրնար տանիլ. «Նոյնիսկ եթէ ժայռերուն մէջ մահանամ, պիտի չծախեմ»: Միշտ կ՚ըսէր. կեղտոտ գործը ամօթ չէ, այլ՝ կեղտոտ խիղճն է ամօթ: Նախակրթարանի վերջին տարիս էր, երբ առաջին ոտանաւորս արտասանեցի հսկայ ամբոխի մը դիմաց, որ զինուորական կառավարութիւնը հաւաքած էր՝ տօնախմբելու համար Իսրայէլի հիմնադրութիւնը: Կառավարութեան եւ յաղթանակին դէմ, ինչպէս նաեւ անիրաւութեան եւ բռնատիրութեան դէմ խօսքեր ըսի, որով գիւղապետը՝ որ տօնախմբութեան պատասխանատուն էր, կատղեցաւ եւ ըսաւ. այս տղան իր եւ իր ընտանիքին տունը քանդելէն ետք եկած է, որպէսզի մեր տունը քանդէ: Ինչո՞ւ չեն յարգեր հիւրասիրութեան սկզբունքները…, ինչպէս նաեւ այլ խօսքեր, որոնք հիմա ալ կը լսենք: Յաջորդ օրը զիս կանչեց զինուորական կառավարիչը, որու անունը Տոֆ էր, յանդիմանեց զիս եւ զարկաւ ինծի, բայց չլացի: Իսկ երբ ըսաւ ինծի, թէ՝ պիտի արգիլեմ հօրդ աշխատանքը քարի հանքէն ներս եւ անկէ պիտի կտրեմ մահուան արտօնութիւնը, տուն վերադարձի ճամբուն վրայ լացի, որովհետեւ այդ կը նշանակէր, որ ա՛լ աւելի պիտի անօթենամ եւ մսիմ, մինչ ես երկրորդական դպրոց կը տեղափոխուիմ, որ աւելի մեծ ծախսեր կը պահանջէ. արդարեւ, ուսանիլը ձրի չէ՝ ինչպէս ոմանք կը կարծեն: Տունը, հայրս քաջալերեց զիս ըսելով, թէ Աստուած կու տայ մեզի: Հայրս համբերութեան եւ յոյսի հերոսն էր եւ է՛ տակաւին:

Գիւղի աղբիւրէն ջուրը շատ քիչ կը հոսէր, իսկ մենք դրամ չունէինք ջրհոր գնելու համար: Գաղթականները անիծուած են թէ՛ իրենց հայրենիքին մէջ եւ թէ՛ իրենց հայրենիքէն դուրս: Ո՛չ ոք մեզի ձրիօրէն ջուր կու տայ, բացի երկինքէն՝ ձմրան: Մայրս իր օրուան կէսը կ՚անցընէր աղբիւրին մօտ, որ ժլատօրէն ջուր կը կաթեցնէր, սպասելով՝ որպէսզի իր սափորը լեցուէր: Գեղեցիկ ու խիստ էր եւ տան մէջ սարսափ կը տարածէր: Իսկ երբ առանձին կ՚ըլլար, առանց պատճառի անընդհատ կու լար եւ կը հանգստացնէր փոքրիկ քրոջս՝ մեղեդային երգերով, որոնց մէջ կը յիշէր վատ բախտն ու կարօտը կորսուած բաներու, կարծէք պարզունակ սաղմոսներ ըլլային: Ո՛չ մէկ օր գացած է գիւղի հարսանիքներուն, սակայն առաջինն էր, որ գիւղի, ինչպէս նաեւ շրջակայ գիւղերու թաղումներուն կ՚երթար: Անկարող է ուրախանալու, բայց կրնայ լալ: Տակաւին, ծաղրելու մէջ վարպետ է:

Հօրեղբայրս Հերզըլի խոստումը կը կատարէր եւ իր ու իր հօր հողին վրայ կառուցուած գաղթակայանի մը բնակիչներուն մօտ որպէս վարձկան կ՚աշխատէր, նորոգութիւն, շինարարութիւն, պարտիզպանութիւն եւ ուրիշ կեղտոտ գործեր ընելով, «որոնց սովոր չէին հրեաները»: Նուէր չէր ստանար, որովհետեւ անոնց չէր տաներ օձին կաշին եւ հաւկիթները, սակայն խաղողի ողկոյզ մը կը գողնար այն որթատունկէն, որ տնկած էր եւ հիմա հրեաներուն սեփականութիւնն էր: Իսկ գիշերը, տան անդամները կը հաւաքէր, որպէսզի ողկոյզը հատիկ-հատիկ անոնց բաժնէր:

Այսպէս, անոնք բնածին բնաւորութեամբ եւ արժանապատուութեամբ նախըտնրեցին մնալ խեղդող վիճակի մը մէջ, որ շատ երկարեցաւ, որովհետեւ այդ կը պահէր իրենց իրաւունքը այս աշխարհին վրայ տեղ մը ունենալուն եւ վաղուան, փոխանակ քիչ մը հանգստանային՝ հրաժարելով կտոր մը հողէ, որ կը կորսնցնէր իրեն երկիրը՝ որ իրենցը չէր…, ո՛չ ալ իրենց թշնամիներունը, այլ՝ իրենց զաւակներունը:

-Դուն ի՞նչ առիր անոնցմէ:

Նոյն իմաստները, սակայն տարբեր դիւտանկիւնով: Անոնց սպասումը ժխտական էր եւ հողը իրենց համար կը նշանակէր մանրամասնութիւնները, ինչպէս՝ հող, այգիներ, սեփականութիւն՝ որ կը պահպանէ արժանապատութիւնն ու ապրուստը: Սակայն, իմ սերունդիս զաւակներուն համար, անիկա այս բոլորին կողքին կը նշանակէ՝ պայքարի հրապարակ եւ ապագայ: Կարօտը, մարդկային անշարժ ուժ մըն է: Ան ժխտական զէնք մըն է: Պայքարը հանգրուանային տեսք սկսաւ ունենալ. առաջինը՝ մերժումն էր եւ հաւատալը փոփոխութիւն կատարելու կարողութեան, ապա պայքար ուժերուն եւ պարագաներուն դէմ, որ քաղաքացի մը առանց հայրենիքի ձգեց, հաւաքական աշխատանքի ծիրի մը մէջ, որ ինքզինք չի՛ սահմանափակեր յիշատակներով, այլ՝ կ՚արձակէ զանոնք, ակնկալելով ուրիշ կեանք մը՝ ամէնօրեայ փորձառութեան միջոցով: Հողին եւ հայրենիքին պատկանելիութիւնը արդիւնաւէտութիւն չի՛ տար, եթէ պատկանելիութեամբ չկապուի պայքարի ուժերէն մէկուն: Ահա թէ մենք փոքր տարիքին ինչ հասկցած ենք:

-Ատիկա կարելի՞ էր:

Սահմանափակ ընտրութիւններու պարունակին մէջ:

-Ուրկէ՞ կու գայ յոյսը:

Դուրսէ՛ն…, մի՛շտ դուրսէն. գերիները իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ կը պայքարին: Սակայն, բանտին ամբողջական քանդումը միայն պատուհանէն իրականութիւն կը դառնայ: Նախապէս, այդ պատուհանը աւելի լայն էր, որովհետեւ եղբայրները աւելի մօտիկ [մտերիմ] էին իրարու:

-Ուրկէ՞ կու գայ քեզի տխրութիւնը:

Իմ մարմինիս ծակոտիքներէն:

-Իսկ ուրկէ՞ կու գայ քեզի ուրախութիւնը:

Դժոխք եկող երեխաներու լացէն եւ դրախտ գացող մարտիկներու կօշիկներէն:

-Կը յիշե՞ս երբ բաժնուեցանք:

Երբ մեծ հայրս մահացաւ եւ չթաղուեցաւ իր ընտրած գերեզմանին մէջ: Ռատիոկայանն ալ չամչցաւ: 

-Իսկ ինչո՞ւ համար միշտ դէպի աշխարհ կ՚երթաս:

Ես դէպի աշխարհ չեմ երթար, այլ՝ աշխարհն է, որ միշտ դէպի ինծի կու գայ եւ կը պաշարէ զիս:

-Ե՞րբ պիտի հանդիպինք դարձեալ:

Սովորութեանդ համաձայն, երբ կուրծքիս պատը ծեծես եւ ցատկես անկէ՝ նստելու համար դիմացս: Բայց, խնդրեմ, ուշադրութիւն մի՛ դարձներ այցելութիւններուդ… կարիք չունիմ տխրութեան եւ անմեղութեան:

-Կը սպաննե՞ս զիս:

Մարդ երբ իր մանկութիւնը սպաննէ՝ անձնասպան եղած կ՚ըլլայ, իսկ ես կարիքդ ունիմ որպէս վկայութիւն սերունդի մը: Շատ մի՛ գար, որովհետեւ տգեղութիւնը լեցուցած է քաղաքները: Եւ այս օրերուն, ընկերներէս շատերը կը մեռնին:

-Մի՛ մոռնար զիս:

Եւ վերադարձաւ կուրծքիս՝ մագլցելու համար թութի ծառի կոճղին, որ հին տան բակին մէջ էր, քաղելու համար լուսինը, որ ջրհորին մէջ չինկաւ: 

«Տխրութեան սովորական օրագիր»

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 4 եւ վերջ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 2, 2025