ԱԿՆԱՐԿ - 178 - «Ի ՀԱՐԿԷ ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆ»
-Բարեկամ, եկող ամրան ծրագիրներդ ի՞նչ են:
-I will travel to Armenia. I will get married.
-Ի վերջոյ որոշեցիր Հայաստան երթալ ու այնտեղ ամուսնանալ:
-Yes, my friend. That is what Sabrina and I decided.
Այս քանի մը նախադասութիւնը արտագրութիւնն է անցեալները դուրսը ապրող ծանօթներէս մէկուն ղրկած ձայնայինին: Ան կը նկարագրէր, թէ ինչպէս իր ընկերոջ ընկերը, որ հայ է, հայերէն գիտէ, սակայն, չի՛ խօսիր հայերէն, որովհետեւ, ըստ իրեն, հայերէնը իրեն ո՛չ մէկ օգուտ կը բերէ այս ափերուն մէջ: Ծանօթս վրդոված էր այս հանգամանքէն, թէ ան մարդը, որ հայերէն գիտնալով հանդերձ կ՚ամչնար իր մայրենին օգտագործելէ, որոշած է եկող ամրան Հայաստան գալ ու այստեղ ամուսնանալ:
Ծանօթիս ձայնագրութիւնը լսելէ ետք ակամայ յիշեցի ամիսներ առաջ Փարիզի երբեմնի «Յառաջ»ին մէջ կարդացածս մէկ գրութիւնը՝ «Ի հարկէ մեր Եկեղեցին» վերանգիրով, Եւրոպացի [Ժիրայր Միսաքեան] ծածկանուն ստորագրութեամբ: Այս գրութիւնը լոյս տեսած է երեքշաբթի, 19 յուլիս 1960-ին, նոր շրջան, 16-րդ տարի, թիւ 4653, առաջին էջին վրայ: Այդ գրութիւնը ստորեւ կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն:
*
-Ինչո՞ւ հայերէն չես խօսիր, աղջիկս…
-Կ՚ամչնամ, իմ հայերէնս շատ գէշ է:
-Սորվէ…
-Օգո՞ւտը ինչ է… Այս երկրին մէջ հայերէնով դրամ չես կրնար շահիլ…
-Մարդիկ իրենց ժողովուրդին լեզուն՝ դրամ շահելու համար չէ որ կը սորվին… Մայրենի լեզուդ է, պիտի սորվիս…
-Ի՛մ մայրենի լեզուս չէ… Իմ հայրիկիս եւ մայրիկիս մայրենի լեզուն է… Թող անոնք խօսին…
-Լա՛ւ, անոնց հետ ի՞նչ լեզուով կը խօսիս…
-Ես այս երկրին լեզուն կը խօսիմ, անոնք ալ իրենց երկիրէն եկած լեզուով կը պատասխանեն:
-«Իրենց երկիրը» քու երկիրդ ալ չէ՞…:
-Ո՛չ… Ես այս երկիրը ծնած եմ… Մարդ քանի՞ հատ երկիր կ՚ունենայ - մէկ հատ… Երկիր՝ մայրիկ ըսել է… Մարդ միայն մէկ մայրիկ կ՚ունենայ…
-Կը տեսնեմ, որ փաստաբանութեան ալ խելքդ կը հասնի… Լա՛ւ, մեծ մայրիկդ քու լեզուդ կը հասկնա՞յ…
-Բա՛ռ մըն ալ չի հասկնար: Ատոր դարմանը գտած ենք - ես մայրիկիս կը խօսիմ, ան կը թարգմանէ…
-Ըսել կ՚ուզես, որ դուն բնա՛ւ հայերէն չես գիտեր…
-Գիտեմ, բայց կ՚ամչնամ…
-Ներողութիւն, մինչեւ հիմա ամչնալիք հայերէն մը չէ, որ կը խօսիս հետս… Ես «երկիրէն եկած»ներ կը ճանչնամ, որոնք այսքան ալ չեն կրնար խօսիլ…
-Շնորհակալութիւն… Ան ի՜նչ էրկան բառ է… Աղէկ խօսք բացիք… Ձեր հայերէն լեզուն…
-Ըսէ «մեր հայերէն լեզուն»:
-Լա՛ւ, մեր հայերէն լեզուն շատ էրկան բառեր ունի… Լեզունիս չի դառնար… Ատ ալ ուրիշ պատճառ մըն է, որ հայերէն չխօսինք, մե՛նք այս երկիրը ծնածներս…
-Դուք կարճ բառերը սորվեցէք, կը բաւէ… Կարճ բառեր ունեցող լեզուն սորվիլ դիւրին է… Քաջութիւն ունեցողը կը նստի երկար բառեր ունեցող լեզուն կը սորվի:
-Հայերէնը ուրիշ դժուարութիւն մըն ալ ունի - քերականութիւնը շատ խրթին է… Հազար ու մէկ կանոն, հազար ու մէկ բացառութիւն…
-Ո՛չ աւելի քան մեզի ծանօթ օտար լեզուները… Բայց, երեւի, բաւական ծանօթութիւն ունիս մեր լեզուին մասին… Ա՛լ ինչո՞ւ կ՚ըսես, թէ չես գիտեր…
-Չեմ գիտեր չէ, բայց, ինչպէ՜ս ըսեմ,որ չվիրաւորուիք…
-Ուզածիդ պէս ըսէ, չեմ վիրաւորուիր…
-Չեմ ուզեր խօսիլ, որովհետեւ, ինչպէս ըսի, օգուտ չունի…
-Քեզի բան մը ըսեմ - երբ ձեր հիւրանոցը, պատէն նկար մը կը կախէք կամ ծաղկաման մը լեցուն վարդ կը դնէք դաշնակին վրայ, օգուտ ունի՞ն…
-Ունի՛ն, ի հարկէ… Մեր հոգիին, մեր սրտին կը խօսին… Ես շա՜տ կը սիրեմ թարմ ծաղիկները… Շա՜տ կը սիրեմ հին նկարները, հին առարկաները…
-Ըսելիքս ականջիդ օղ ըրէ - մեր հայերէն լեզուն ալ մեր հոգիին, մեր սրտին կը խօսի… Մեր լեզուն ե՛ւ թարմ ծաղիկ է՝ քաղցրաբոյր եւ հին նկար…
-Թող ատանկ ըլլայ, չվիճինք: Ուրեմն, ցտեսութիւն…
-Ներողութի՛ւն, բան մը պիտի հարցնէի, մազ մնաց մոռնայի… Մօտ օրէն հարս պիտի ըլլաս եղեր… Պսակը ո՞ւր պիտի ըլլայ:
-Ատ ի՞նչ զարմանալի հարցում է - ի հարկէ, մեր եկեղեցին:
-Մե՞ր եկեղեցին… Այսի՞նքն:
-Մեր, Հայոց եկեղեցին… Հապա ի՞նչ , օտարին եկեղեցի՞ն պիտի երթայի… Խենթեցե՞ր եմ:
-Ո՛չ, բայց հայացեր ես, աղջիկս… Հիմա ազատ ես, կ՚ուզես հայերէն խօսէ, կ՚ուզես չինարէն… Ա՛լ քեզմէ չենք վախնար… Որովհետեւ չես կորսուեր՝ շնորհիւ տանդ մթնոլորտին: Ապրի՛ս…
*
Նկարագրուած այս դէպքին եւ ծանօթիս օրեր առաջ պատմած միջադէպին միջեւ ուղիղ վաթսունվեց տարիներու ժամանակամիջոց մը կայ։ Վաթսունվեց տարի առաջ ալ կար այս մտայնութիւնը, այսօր ալ կը շարունակուի։ Ցաւալին այն է, որ այս ամբողջ ժամանակաշրջանի ընթացքին, հակառակ բոլոր փոփոխութիւններուն, նոր սերունդներու դաստիարակութեան եւ հաղորդակցութեան նոր միջոցներու ընձեռած կարելիութիւններուն, տակաւին կան երիտասարդներ, որոնք իրենց մայրենի լեզուն կը նկատեն աւելորդ բեռ մը, իրենց ինքնութեան անբաժանելի մասը ըլլալու փոխարէն՝ զայն կը դիտեն իբրեւ խանգարիչ հանգամանք մը իրենց առօրեային մէջ։
Այսօր կան բազմաթիւ երիտասարդներ, որոնք անունով ու մականունով հայ են (նկատի չառած այն հայերը, որոնք իրենց ապրած երկիրներուն մէջ մականունները դիւրութեամբ արտասանելու մարմաջէն տարուած՝ նոյնիսկ զանոնք փոխելու կը դիմեն)։ Անոնցմէ ոմանք հայերէն ալ գիտեն, հասկնալով հանդերձ՝ կը խուսափին խօսելէ, իսկ ուրիշներ արդէն իսկ զրկուած են իրենց մայրենի լեզուով հաղորդակցելու կարելիութենէն։ Այս բոլորը, սակայն, իրենց համար կարծես բնական ընթացք մը դարձած է։ Հայերէն խօսիլը օգուտ չունի, հայերէն սորվիլը ժամանակի կորուստ է, իսկ հայերէնով արտայայտուիլը՝ երբեմն նոյնիսկ ամչնալիք երեւոյթ մը։
Բայց երբ հերթը հասնի պսակի կամ մկրտութեան, երբ ընտանիքի մը կարեւոր իրադարձութիւնը նշելու պահը գայ, յանկարծ կը յիշեն իրենց հայ ըլլալու հանգամանքը։ Աւելի ճիշդ՝ ո՛չ թէ իրենց հայ ըլլալու հանգամանքը, այլ իրենց փոխանցուած ընտանեկան սովորութիւնը։ Կը փնտռեն հայկական եկեղեցին, կը դիմեն հայ հոգեւորականին, կը փափաքին իրենց զաւակը մկրտել հայկական աւանդութեամբ եւ իրենց պսակը կատարել Հայ Եկեղեցւոյ մէջ։ Այսինքն՝ կեանքի կարեւոր պահերուն հայութիւնը կը վերածուի անհրաժեշտութեան մը՝ անըմբռնելի, զուրկ պատկանելիութեան զգացումէն, մինչդեռ առօրեային մէջ անոր ամենէն հիմնական արտայայտութիւնը՝ լեզուն, կը մնայ անտեսուած։
Շատ չենք ուզեր մանրամասնել կամ նմանատիպ այլ երեւոյթներու անդրադառնալ, որովհետեւ ինչքան ալ գրուի, խօսուի կամ բացատրուի, նման մտածելակերպ ունեցող երիտասարդներն ու երբեմն նաեւ անոնց ծնողները պատրաստ են նոյն պատասխանը տալու. «Ուզածիդ պէս ըսէ, չեմ վիրաւորուիր…»։
Այնպէս որ, մեր ուզածին պէս ըսենք, երգենք ու պարենք, քննադատենք կամ յորդորենք, այդ մտածելակերպը կրողներուն կարաւանը անխափան կ՚ընթանայ։ Անոնք կը շարունակեն ապրիլ իրենց ընտրած կեանքով՝ առանց անդրադառնալու, որ լեզուն միայն խօսելու միջոց մը չէ, այլեւ ինքնութեան, յիշողութեան, պատմութեան ու պատկանելիութեան կենդանի արտայայտութիւնն է։
Դրական հանգամանքը այս բոլորին մէջ այն է, որ այս կարաւանին նման կայ ուրիշ կարաւան մը եւս, որ դարձեալ անխափան կ՚ընթանայ, բայց բոլորովին հակառակ մտածելակերպով զինուած ու վահանուած։ Այդ կարաւանին մէջ կան երիտասարդներ, որոնք ո՛չ միայն կը խօսին հայերէն, այլեւ կը փափաքին աւելի լաւ սորվիլ, կը կարդան, կը գրեն, կը ստեղծագործեն եւ իրենց հայութիւնը կը կրեն ո՛չ միայն անունով ու մականունով, այլեւ՝ իրենց առօրեայ կեանքով։ Անոնք չեն սպասեր, որ պսակի կամ մկրտութեան առիթ մը ներկայանայ՝ իրենց հայկական պատկանելիութիւնը յիշելու համար։ Անոնց համար հայերէնը տօնական օրերու կամ ընտանեկան արարողութիւններու լեզու չէ, այլ իրենց կեանքի բնական ու հարազատ մէկ մասը։
Եւ ուրեմն, երկու կարաւանները կը շարունակեն իրենց ճամբան։ Մէկը՝ լեզուն իբրեւ բեռ նկատելով, միւսը՝ զայն իբրեւ ժառանգութիւն, պատկանելիութեան կռուան ու հարստութիւն պահպանելով։ Թէ ո՛ր կարաւանը վաղը պիտի ունենայ աւելի մեծ թիւով ուղեւորներ, ժամանակը ցոյց պիտի տայ։ Մէկ բան յստակ է. հայերէնը պիտի շարունակէ ապրիլ այնքան ատեն, որ գտնուին մարդիկ, որոնք զայն կը խօսին, կը սիրեն եւ իրենց յաջորդ սերունդներուն կը փոխանցեն։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ