ՎԵՐՋԻՆ ԽԱՂԱԴՐՈՅՔԸ
Իսրայէլի քաղաքական եւ անվտանգութեան դաշտին իրադարձութիւնները կը բացայայտեն խորացող հակասութիւններ, որոնք կրնան վճռորոշ ազդեցութիւն ունենալ երկրի ապագայ կառավարութեան կազմութեան եւ Միջին Արեւելքի ընդհանուր իրավիճակին վրայ։ Միաժամանակ երկու կարեւոր հարցեր կը գտնուին օրակարգի կեդրոնին. արդեօք Պենիամին Նեթանյահու պիտի փորձէ՞ Իրանի դէմ նոր ռազմական գործողութիւն մը նախաձեռնել մինչեւ իշխանութեան փոխանցումը, եւ արդեօք ընդդիմութեան առաջնորդ Կատի Այզենքոթ պիտի կարողանա՞յ ձեւաւորել նոր կառավարութիւն մը՝ օգտուելով Նեթանյահուի աւանդական դաշնակիցներուն հետզհետէ թուլացող դիրքերէն եւ կեցուածքներէն։ Այս երկու հարցերը, առաջին հայեացքով իրարմէ անկախ, սակայն, իրականութեան մէջ, փոխկապակցուած են։ Իսրայէլի մէջ իշխանութեան պայքարը այլեւս միայն կուսակցութիւններու եւ խորհրդարանական ձայներու վերադասաւորում չէ։ Անիկա նաեւ երկրի անվտանգութեան քաղաքականութեան, բանակի դերակատարութեան եւ Ուաշինկթընի հետ յարաբերութիւններու ապագայ ուղղութեան հարցն է։
Նեթանյահուի քաղաքական ապագան տակաւին վերջնականապէս փակուած չէ, սակայն, անոր շուրջ ձեւաւորուած դաշինքներուն մէջ նկատելի ճեղքեր կան։ Իսկ Այզենքոթի առջեւ բացուած կարելիութիւնները, թէեւ իրական, կը մնան բազմաթիւ քաղաքական եւ գաղափարական խոչընդոտներու ենթակայ։
Մինչ այդ, Իսրայէլի քաղաքական դաշտէն ներս ուշագրաւ զարգացում մը կը նկատուի ծայրայեղ ուղղափառ հրէական շրջանակներուն՝ մասնաւորաբար «Եահուտ ՀաԹորա» կուսակցութեան դիրքորոշման մէջ։ Կուսակցութեան կարգ մը շրջանակներ սկսած են քննարկել Կատի Այզենքոթի գլխաւորութեամբ փոքրամասնութեան կառավարութեան մը արտաքին աջակցութիւն տրամադրելու կարելիութիւնը։ Այս նախաձեռնութիւնը, եթէ իրականութիւն դառնայ, կրնայ լուրջ հարուած մը ըլլալ Նեթանյահուի քաղաքական ճամբարին։
Ըստ իսրայէլեան «Քանալ12» հեռատեսիլի կայանի լրագրող Էլի Հիրշմանի հաղորդումին՝ «Եահուտ ՀաԹորա»ի ներսէն առաջարկուած է Այզենքոթի գլխաւորութեամբ կառավարութիւն մը կազմել՝ առանց կուսակցութեան պաշտօնապէս կառավարութեան մաս կազմելուն։
Առաջարկուած խորհրդարանական հաշիւներուն համաձայն՝ Նեթանյահուի ճամբարը կրնայ ունենալ 46 ձայն, մինչդեռ Այզենքոթի ճամբարը՝ 48-ը։ Այսինքն՝ վերջինս կրնայ երկու ձայնի առաւելութիւն ձեռք ձգել, եթէ «Եահուտ ՀաԹորա» ձեռնպահ մնայ քուէարկութիւններէն եւ դէմ չարտայայտուի կառավարութեան կամ անոր ներկայացուցած օրինագիծերուն։ Այզենքոթի տրամադրութեան տակ կրնան ըլլալ նաեւ արաբական «Ռաամ» կուսակցութեան ութ ձայները։ Սակայն, այս թիւերը տակաւին քաղաքական համաձայնութիւն մը չեն նշանակեր։ Անոնք պարզապէս կը մատնանշեն, որ Նեթանյահուի երկարամեայ դաշնակիցները այլեւս անպայմանօրէն իրենց ապագան չեն կապեր անոր իշխանութեան շարունակութեան։ «Եահուտ ՀաԹորա»ի պատասխանատուներուն յայտարարութիւնները այս առումով բաւական յստակ են։ Անոնցմէ մէկը նշած է, թէ Նեթանյահուի հետ համագործակցութիւնը այլեւս նպաստաւոր չէ, մինչ ուրիշ մը մտահոգութիւն յայտնած է, որ միասնական կառավարութեան մը կազմութեան պարագային իրենք կրնան քաղաքական ազդեցութենէ զրկուիլ։
Այս քաղաքական վերադասաւորումի ետին կայ շատ աւելի գործնական պատճառ մը։ Հրէական ուղղափառ գիծի հաւատաւոր շրջանակներէն՝ «Հարիտին» շարժման համար առաջնահերթութիւն են զինուորական ծառայութենէն ազատման հարցը, կրօնական կրթական հաստատութիւններուն պետական յատկացումները եւ պետական կառոյցներուն մէջ իրենց ազդեցութեան պահպանումը։ Այս կէտին է, որ Այզենքոթի հետ հնարաւոր գործակցութիւնը կը բախի իր առաջին լուրջ փորձութեան։ Անոր քաղաքական ճամբարը դժուար թէ ընդունի զինուորագրութեան այնպիսի բացառութիւններ, որոնք կրնան խարիտականներուն համար պահպանել ներկայ իրավիճակը։ Հետեւաբար, նոյնիսկ եթէ կողմերը յաջողին հասնիլ խորհրդարանական փոխըմբռնումի մը, զինուորագրութեան հարցը կրնայ դառնալ անոնց միջեւ հիմնական տարակարծութեան աղբիւրը։
Այդուհանդերձ, «Հարիտին» կուսակցութեան կարգ մը պատասխանատուներ կը հաւատան, որ գաղտնի բանակցութիւններու միջոցով կարելի է գտնել միջին լուծում մը՝ առանց հրապարակային բախումի։ Անոնք նաեւ կը յուսան, որ յետագային կրնան պաշտօնապէս միանալ կառավարութեան։
Մինչ Իսրայէլի քաղաքական ուժերը կը վերադասաւորեն իրենց դիրքերը, երկրի անվտանգութեան շրջանակներուն մէջ կը խորանայ երկրորդ եւ թերեւս աւելի վտանգաւոր հարցը՝ Իրանի դէմ նոր ռազմական գործողութեան մը սկսելու կարելիութիւնը։
Ըստ իսրայէլեան լրատուամիջոցներու հաղորդումներուն՝ Նեթանյահուի եւ բանակի սպայակոյտի պետ Էյալ Զամիրի միջեւ տարակարծութիւնները դարձեալ սրած են։ Զամիր մտահոգութիւն յայտնած է վարչապետին կողմէ առաջարկուած կարգ մը ռազմական քայլերու հետեւանքներուն նկատմամբ՝ զգուշացնելով, որ անոնք կրնան երկիրը առաջնորդել նոր լայնածաւալ բախումի մը։
Բանակի սպայակոյտի պետին մտահոգութիւնը միայն ռազմական գործողութեան մը անմիջական արդիւնքը չէ։ Խնդիրը նաեւ այն է, թէ Իսրայէլ որքանո՞վ պատրաստ է դիմագրաւելու Իրանի հակադարձութիւնը եւ այդ գործողութեան հետեւանքով ստեղծուելիք տարածաշրջանային անկայունութիւնը։
Բաց աստի, ընտրութիւններէն առաջ եւս Նեթանյահու փորձած է առաջ մղել Թեհրանի դէմ ռազմական քայլ մը, սակայն, անոր դէմ արտայայտուած են անվտանգային հաստատութեան ներկայացուցիչները։ Այդ ժամանակ, ըստ հաղորդումներուն, Ուաշինկթըն եւս միջամտած է՝ կանխելու համար իրավիճակի յետագայ սրումը։
Այսօր, երբ Իսրայէլի մէջ նոր կառավարութեան կազմութեան հարցը կը գտնուի քաղաքական օրակարգի կեդրոնին, Իրանի դէմ ռազմական գործողութեան մը նախաձեռնութիւնը կը ստանայ նաեւ ներքաղաքական նշանակութիւն։
Միւս կողմէ, Կատի Այզենքոթ Նեթանյահուին ուղղած նամակով կոչ ըրած է ցուցաբերելու զսպուածութիւն եւ հրաժարելու այնպիսի ռազմական քայլերէ, որոնք անմիջական անհրաժեշտութիւն չեն ներկայացներ եւ կրնան սպասել մինչեւ նոր կառավարութեան կազմութիւնը։ Այզենքոթ նաեւ պահանջած է, որ կառավարութեան իրաւական խորհրդականը քննէ պաշտօնակատար կառավարութեան լիազօրութիւններուն սահմանները՝ յատկապէս խոշոր անվտանգութեան որոշումներու պարագային։ Անոր հիմնական մտահոգութիւնն է, որ առանց անմիջական սպառնալիքի մը՝ բանակը լայնածաւալ ռազմական գործողութեան մը մղելը կրնայ վտանգել պետական հաստատութիւններուն նկատմամբ հանրային վստահութիւնը եւ անվտանգային կառոյցներու ղեկավարները դնել իրաւական ու սահմանադրական պատասխանատուութեան առջեւ։
Նոյն մտահոգութիւնները կը բաժնեն նաեւ ընդդիմադիր այլ շրջանակներ։ «Իսրայէլ՝ մեր տունը» կուսակցութեան ղեկավար Աւիկտոր Լիպերման կը պնդէ, որ պաշտօնակատար կառավարութիւնը իրաւունք չունի առանց խորհրդարանական վերահսկողութեան եւ անվտանգային պատասխանատուներու համաձայնութեան երկիրը ներքաշելու լայնածաւալ պատերազմի մը մէջ։ Սակայն, անվտանգութեան նախարար Իսրայէլ Քաց հակադարձած է ընդդիմութեան՝ ընդգծելով, որ գործող կառավարութիւնը լիովին պատասխանատու է երկրի անվտանգութեան համար եւ բանակին հրահանգներ տալու նպատակով ընդդիմութեան կամ իրաւական մարմիններու համաձայնութեան կարիքը չունի։
Այս փոխադարձ մեղադրանքները կը բացայայտեն, որ խնդիրը միայն Իրանի դէմ ռազմական գործողութեան մը նպատակայարմարութիւնը չէ։ Իսրայէլի մէջ կը վիճարկուի նաեւ այն հարցը, թէ մինչեւ նոր կառավարութեան կազմութիւնը ո՛վ եւ ի՛նչ սահմաններու մէջ իրաւունք ունի երկրի անունով ճակատագրական որոշումներ կայացնելու։
Նաթանիահուի եւ Այզենքոթի միջեւ վարչապետի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը, որուն մասնակցած է նաեւ վարչապետի զինուորական քարտուղար զօրավար Կայ Մարքիեզանոն, կը վկայէ, որ լարուածութիւնը հասած է այնպիսի մակարդակի մը, ուր կողմերը ստիպուած են ուղղակիօրէն քննարկելու անվտանգութեան տեղեկատուութեան եւ որոշումներու համակարգման հարցերը։
Այս ամբողջ իրավիճակին մէջ կայ գործօն մը, որուն ազդեցութիւնը կրնայ գերազանցել Իսրայէլի ներքին քաղաքական հակասութիւնները՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումը։
Ըստ մեկնաբան Ամիթ Սեկալի, Իրանի դէմ նոր յարձակում մը սկսելու որոշումը կրնայ աւելի շատ կախեալ ըլլալ Նեթանյահուի եւ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութենէ մը, քան վարչապետին եւ բանակի սպայակոյտի պետին միջեւ կայանալիք խորհրդակցութենէ մը։
Այս գնահատականը պատահական չէ։ Իսրայէլի ռազմական կարողութիւնները, անշուշտ, զգալի են, սակայն, Իրանի դէմ լայնածաւալ գործողութեան մը քաղաքական, զինուորական եւ տարածաշրջանային հետեւանքները կարելի չէ դիտարկել առանց ամերիկեան գործօնին։
Ուաշինկթընի աջակցութիւնը կրնայ էական նշանակութիւն ունենալ ո՛չ միայն ռազմական գործողութեան մը իրականացման, այլեւ անոր հետեւանքներու դիմագրաւման համար։ Հետեւաբար, Նեթանյահուի համար Թրամփի դիրքորոշումը կրնայ դառնալ վճռորոշ սահմանագիծ մը։
Միւս կողմէ, ամերիկեան վարչակազմը եւս պէտք է նկատի ունենայ, որ Իրանի դէմ նոր պատերազմ մը կրնայ տարածուիլ տարածաշրջանի տարբեր ճակատներուն վրայ՝ ստեղծելով այնպիսի իրավիճակ մը, որուն հետեւանքները դժուար ըլլայ վերահսկել։
Մինչ այդ, Իսրայէլի ներկայ քաղաքական զարգացումներուն մէջ ամենէն կարեւորը միայն Նեթանյահուի իշխանութեան շարունակութեան կամ Այզենքոթի կառավարութիւն կազմելու կարելիութեան հարցը չէ։ Իրական խնդիրը այն է, թէ Իսրայէլի քաղաքական ղեկավարութիւնը ինչպիսի՞ ռազմավարական ընտրութիւն պիտի կատարէ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ երկրի ներքին համախմբուածութիւնը կը թուլանայ, իսկ տարածաշրջանային վտանգները կը շարունակեն աճիլ։
Նեթանյահուի աւանդական դաշնակիցներուն հեռացումը ցոյց կու տայ, որ նոյնիսկ տարիներով գոյատեւած քաղաքական դաշինքները կրնան փլուզուիլ, երբ իշխանութեան պահպանման շահերը այլեւս չեն համընկնիր գործընկերներու ակնկալիքներուն հետ։ Սակայն, անոր քաղաքական ճամբարին թուլացումը ինքնաբերաբար չի նշանակեր Այզենքոթի յաղթանակը։ Վերջինս պէտք է ապացուցէ, որ կրնայ համախմբել իրարմէ տարբեր, երբեմն նոյնիսկ հակասական շահերով ուժեր՝ առանց սկզբունքային զիջումներու քաղաքական ծուղակին մէջ իյնալու։
Իսկ Իրանի դէմ նոր ռազմական գործողութեան հարցը կրնայ ամբողջովին փոխել ներքաղաքական հաշիւները։ Նեթանյահուի համար ռազմական լարուածութեան բարձրացումը կրնայ թուիլ քաղաքական նախաձեռնութիւնը իր ձեռքը պահելու միջոց մը։ Բայց եւ այնպէս, այստեղ պէտք է զգուշանալ եզրակացութիւններ կատարելէ՝ առանց հաստատուած ապացոյցներու։ Յստակ է, սակայն, որ որեւէ ռազմական արկածախնդրութիւն կրնայ շատ աւելի ծանր հետեւանքներ ունենալ՝ քան քաղաքական կարճաժամկէտ հաշիւները։
Իսրայէլի բանակին զգուշացումները, ընդդիմութեան պահանջները եւ Ուաշինկթընի վճռորոշ դերակատարութիւնը կը յուշեն, որ երկրի առջեւ կանգնած է ո՛չ միայն նոր կառավարութիւն մը կազմելու, այլեւ պետական պատասխանատուութեան լուրջ փորձութիւն մը։
Ի վերջոյ, Նեթանյահուի քաղաքական ապագան կրնայ որոշուիլ խորհրդարանական թիւերով, սակայն, Իսրայէլի եւ ամբողջ տարածաշրջանի ապագան պիտի պայմանաւորուի շատ աւելի մեծ հարցով մը՝ արդեօք քաղաքական ղեկավարները պիտի կարողանա՞ն իրենց ներքին իշխանական հաշիւները ստորադասել պետական անվտանգութեան եւ տարածաշրջանային կայունութեան պահանջներուն դիմաց։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան