«ՍՊԱՍՈՒԱԾ» ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ

Կանխատեսելի էր, որ Իսրայէլ ռազմական գործողութեան մը ձեռնարկէ Իրանի դէմ։ Բայց, ոչ ոք կը մտածէր, թէ թիրախային հարուածներու Իսրայէլի խաղաոճը կրնայ վերածուիլ երկարատեւ պատերազմի, որուն ծայրը մինչեւ այս պահը չ՚երեւիր։

Իսրայէլի աղբիւրներ, որոնք պատերազմի առաջին օրերուն յստակ վերլուծութիւններէ զերծ մնացին, աւելի ուշ գրեցին, թէ այս պատերազմը կրնայ տեւել առնուազն երկու շաբաթ։ Նոյնը ըսաւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուն, որ, միեւնոյն ժամանակ, հրճուանքով մը խօսեցաւ իր երկրի օդուժի գերակայութեան մասին։ Ան նշեց, որ իրենց համար Թեհրանի երկինքը բաց է։ Այս խօսքերը, անշուշտ, ռազմավարական տեսակէտէ որոշ սլաքներ կ՚արձակէին տարածաշրջանի բոլոր կողմերուն եւ յատկապէս՝ անոնց, որոնք Իրանը կը համարէին ռազմական իւրայատուկ ուժ եւ ռազմական-մարտավարական խորհուրդով երկիր մը։

Այս բոլորին զուգահեռ՝ ի հարկէ, պէտք չէ անտեսել արդիւնաւէտութիւնը Իրանի հրթիռային համակարգին, որ կը յաջողի ազդու հարուածներ տալ Թել Աւիւին ու շարք մը այլ քաղաքներու, բայց եւ այնպէս, բոլորին համար պարզ ու յստակ է, որ այդ հարուածները որեւէ ներուժ չունին պատերազմի ընդհանուր հունին մէջ մեծ բան մը փոխելու, բեկում մը յառաջացնելու կամ նժարի մէկ ափին ծանրութիւնը՝ Իրանի կողմը թեքելու։

Նախքան խնդրի քաղաքական երեսակը քննարկելու, հարկ է նշել, որ այս պատերազմը կը մղուի բացառապէս հեռավար միջոցներով եւ այդ առումով ալ Իրանի ռազմական ուժը, բանակային ներուժի ձեռքը, միտքն ու տոկունութիւնը մեծ բախտեր չունին իրենք զիրենք պարտադրելու համար։ 

Իսրայէլի նպատակը, կարեւորագոյն կէտը Իրանի ռազմական եւ ֆիզիքի մասնագէտներու փաղանգի գլխատումն է։ Սա կրնայ երկար չտեւել այս ընթացքով՝ քանի արդէն յառաջատար դէմքեր սպաննուած են։ Աւարտին, Իրան պիտի յայտնուի բաւական անմխիթար վիճակի մը մէջ։

Իսրայէլ, ուրեմն, նպատակ չունի գրաւելու Իրանը։ Թել Աւիւ, ըստ էութեան, կը ձգտի հիմնովին թուլացնել Թեհրանը եւ զայն մղել «կոտրուած» եւ «թուլացած» կերպով վերադառնալու բանակցութեանց սեղան։

Խնդիրը ռազմականէն անդին ունի քաղաքական խորք։ Իրան-Իսրայէլ հակամարտութեան քաղաքական երեսակին մասին խօսելով՝ հարկ է նկատել, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները ամէն գնով կ՚ուզէ հեռու մնալ այս պատերազմին ներքաշուելէ։ Այդ առումով ալ աւելի քան յստակ էր ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի պատգամը, որ բաց նամակ մըն էր Իրանին յղուած։ Թրամփ կ՚ըսէ, որ ԱՄՆ նախայարձակ պիտի չըլլայ ու պիտի չհարուածէ Իրանը, բայց, եթէ Իրան այդ ընտրանքին երթայ, ապա ԱՄՆ պատրաստ է շատ ծանր հարուածներով պատասխանել։ Ո՛չ Իրան, ո՛չ ալ ԱՄՆ պատրաստ են իրարու դէմ հակամարտելու եւ այս առումով ալ կան յուսադրիչ նշաններ, թէ Թրամփ ստիպէ Նեթանիյահուն դադրեցնելու համար կրակը։

Միւս կողմէ, շատ կը խօսուի, որ Իսրայէլի հարուածները չունին բաւարար ներուժը՝ ամբողջականապէս շարքէ դուրս հանելու Իրանի աթոմային կեդրոնները։ Կը նշուի, որ (օրինակ) Նաթանզ կեդրոնի կարեւորագոյն ռեաքթէօրները կը գտնուին լեռնային հատուածներու մէջ եւ անհասանելի են Իսրայէլի ուժերուն՝ մանաւանդ ռազմաօդային ներուժին համար։ Այնպէս որ, եթէ Իսրայէլի բուն նպատակը Իրանի աթոմային կեդրոններու վերացումն է, ապա սա իրականութիւն դառնալէ շատ հեռու կրնայ ըլլալ։ Առանց ԱՄՆ-ի նեցուկին՝ Իսրայէլ պիտի չկարողանայ այդ փափաքը իրականացնել։

Ի դէպ, բնաւ պատահական չէր Թրամփի սեփական ընկերային հարթակին վրայ կատարած գրառումը, որով ան վստահեցուց, թէ շուտով խաղաղութիւն կը հաստատուի Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։ Թրամփ բառացիօրէն կ՚ըսէր, թէ ինք պիտի հաշտեցնէ Իրանն ու Իսրայէլը, ինչպէս նոյնը ըրաւ Հնդկաստան-Փաքիստան հակամարտութեան ժամանակ։ Մինչ Թեհրան եւ Թել Աւիւ կը շարունակեն ռմբակոծութիւնները, Թրամփի այս յայտարարութիւնը եկաւ պաղ ջուր լեցնել այսքան լարուած եւ մեծ հարցականներով լեցուն իրադրութեան վրայ։ Չմոռնալ, որ Իրան թիրախաւորած է նաեւ ԱՄՆ-ի դեսպանատունը Իսրայէլի մէջ։

Ամէն պարագայի, եթէ խորքային հայեացքով մը դիտարկուին վերջին օրերու դէպքերը, ապա կարելի պիտի ըլլայ համոզուիլ, թէ Իրանի քիմիագէտներու, բայց, մանաւանդ՝ ռազմական ոլորտի գործիչներու դէմ հաշուեյարդարէ ասդին՝ Իրանի ձեռքին շատ խաղաքարտեր չեն մնացած։ Եթէ ոմանց համար Թել Աւիւի եւ Իսրայէլի քանի մը քաղաքներու երկինքին երեւցած Իրանի հրթիռներու տողանցքը որոշակի ոգեւորութիւն կը յառաջացնէ, ապա վստահաբար այդ մէկը շուտով պիտի շոգիանայ։ Անկախ արտաքին հանգամանքներէն, Իրանի իշխանութիւնները եւ յատկապէս՝ խորքային պետութեան ասպետները (գլխաւորութեամբ՝ հոգեւոր առաջնորդին) յանգած են այն համոզման, թէ երկրի անվտանգային ոլորտը մեծ առումով վիրաւոր է։ Վիրաւոր է ո՛չ միայն անոր համար, որ աւելի քան քսան զօրահրամանատար սպաննուեցաւ ընդամէնը ժամերու ընթացքին, այլ անոր համար, որ այդ սպանութիւնները տեղի ունեցան լրտեսական ստուար եւ հաստատուն ցանցի մը նեցուկով։ Սա արդէն շատ բան կ՚ըսէ, թէ ի՛նչ ներքին կացութիւն մը ունի Իրանի համակարգը, որ մեծ առումով այսօր կանգնած է քայքայման սեմին։

Խնդիր է, անշուշտ, թէ ո՞վ կրնայ փոխարինել Իրանի այժմու իշխանութիւնները եւ նոյն առումով ինչպէ՞ս պիտի կատարուի իշխանական բուրգի նոր բաժանումը։ Այդ երկրին մէջ առկայ ներքին բաժանումները, շահերու եւ մօտեցումներու բախումները նորութիւն մը չեն, սակայն, բոլոր առումներով այդ երկու թեւերն ալ վիրաւոր են, տկարացած եւ կերպով մըն ալ պառակտուած։

Ո՛չ Ռուսաստանը, ո՛չ Չինաստանը եւ ո՛չ ալ ԱՄՆ երբեք պիտի չուզեն, որ Իրանի մէջ իշխանական համակարգը կամ ընդհանուր համակարգը ամբողջապէս քանդուի, որովհետեւ ո՛չ ոք կրնայ ապահովագրել, թէ ովքե՞ր կրնան փոխարինել։ Այսինքն, ովքե՞ր կրնան նոր իշխանութիւն մը կազմել այն պարագային, երբ բացի երկրի իշխանական մեծամասնութենէն՝ որեւէ կողմ, որեւէ քաղաքական-քաղաքացիական համայնք բաւարար ներուժ չունի երկրին ամբողջական տիրութիւն ընելու։

Ու այս բոլորը, անշուշտ, կը բանայ անվերջանալի եւ մտատանջող հարցադրումներու մեծ տուփին կափարիչը եւ ապահովաբար այդ հարցադրումներուն մէջ տառապանքի մեծագոյն բաժինը բախտ պիտի վիճակուի Իրանի վիրաւոր ժողովուրդին, որ աւելի քան քառասուն տարիէ ի վեր կը շարունակէ թանկ գին վճարել՝ ոտքի պահելու համար իսլամական հանրապետութիւնը, ուր «իսլամական յեղափոխութիւն»ը վերածուած է հինցած եւ սպառած լոզունգի։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յունիս 16, 2025