ՎԻՊԱՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐԻ ՄԱՍԻՆ…

Մեծն Շահան Շահնուր (Շահնուր Քերեսթէճեան) կը գրէ «մենք»ի լեզուով։ Ան յստակ բնորոշում մը չի տար, թէ իր կարծիքով որո՛նք են այդ «մենք»ը, սակայն, անոր «Մենք» խորագրեալ յօդուածը կարդալէ ետք շատ բան երեւելի կը դառնայ, թէ որո՞ւ մասին կը խօսի Շահնուր։ 

Այդ յօդուածին մէջ կան երկու խորքային գիծեր, որոնք դանդաղ եւ սակայն հաստատուն կերպով կը յառաջանան ու մեզ կը տանին այդ օրերու ընդհանուր քննարկումներու պատկերին։ Նախ հողը կորսնցնելու հարց մը կայ, յետոյ նաեւ կայ կոչ մը՝ ճանչնալու մեր կարողութիւնները ու վիպապաշտութիւն ընելէ անդին երթալով պահել-պահպանելու համար այն, ինչ որ մնացած է։

Յաւերժական պայքարներու, խօսոյթներու տարբերութեան եւ ներքին պայքարներու մէջ մկրտուելու համար չի գրեր Շահնուր, այլ ըսելու համար, որ գրականութիւնը պարտաւոր է կապուած ըլլալ կեանքին։ 

Աւելին, եթէ կը խօսինք գրականութեան մը մասին, պարտաւոր ենք հաշուի նստիլ այն հանգամանքներուն հետ, որոնք կը գտնուին մեր շուրջ, նաեւ տեսնել այն վիճակները, որոնք կը շրջապատեն մեզ։ Մենք կրակողներ չենք ու գրականութիւնը կրակելու մասին չէ։ 

Այն կրակոցները, որոնց կ՚ակնարկեմ, գրեթէ սփիւռքի իւրաքանչիւր համայնքի մէջ ալ կան ու պիտի շարունակուին այնքան ժամանակ, երբ անոնց կարիքը կայ։ Այս կէտին, անշուշտ, տարբերութիւնը «Հաւաքական մենք»ին եւ միւս իսկական «Մենք»ին միջեւ է, որուն ակնարկած է Շահան Շահնուր։ Եւ այստեղ աշխարհագրութեան, տեղի, վայրի, տարածութեան մասին խօսք չի կրնար ըլլալ այնքան ժամանակ, երբ մենք կը հոսինք ինքնութենէ մը, որ մերն է, բայց եւ այնպէս, խլուած է մեզմէ ամենատարբեր հանգամանքներու բերումով։ 

Որո՞ւ դէմ կռուեցանք ի վերջոյ եւ ի՞նչ շահեցանք մենք այդ կռիւներէն։

Իմ սերունդը, որ Պուրճ Համուտի թաց մայթերէն կը հասնէր, այսօր սփռուած է աշխարհով մէկ։ Մեզմէ շատերը, որոնք հրապարակ ելան գրականութիւն մը հասցնելու երազով, այսօր արդէն լռած ու սմքած են։ Ուրիշներ, որոնք գիշեր ցերեկ «Դէպի երկիր» կը պոռային, լաւագոյն պարագային նախընտրեցին գրասեղանի մը ետեւ նստիլ, սիկառէթ մը վառել եւ մտածել, թէ յառաջիկայ տարուան ամավերջի հանդէսին ո՛ր աթոռը պիտի գրաւեն, որո՛ւ պիտի բարեւեն եւ ինչպէ՛ս պիտի հեռանան լուսաւոր սրահէն։ «Դէպի երկիր»ը դարձաւ պատէն կախուած լուսանկար մը եւ պարզապէս աւելցաւ մեր օրագրութեան վրայ՝ որպէս յիշատակելի օր, որուն համար ամէն տարի մենք պարտաւոր էինք հոգեհանգիստ մը ընել։ Յար եւ նման «Մահ կամ ազատութիւն» լոզունգին, որուն մէջ շաղախուեցաւ երկար տարիներով արիւն-քրտինք կտրածներու մաքուր արիւնը։

Փուլը, որ անցած է, փաստօրէն կը պատկանի անցեալին, սակայն մեծ խնդիր է, որ մենք չսորվեցանք այդ անցեալի դասերէն ու այսօր ալ կը շարունակենք թիավարել հոսանքն ի վեր։ 

Հոսանքը խորքին մէջ մեր կողմէ հրապարակ նետուած բառ մըն է, որովհետեւ իսկութեան մէջ մենք է, որ տակաւին կը հաւատանք, թէ ինչ-որ հոսանք մը կայ եւ պարտաւոր ենք պայքարիլ այդ հոսանքին հակառակ ուղղութեամբ։ Մոռցած ենք, որ պայքար պէտք չէ, պէտք է իրողապէս լողալ, մտնել ջուրերուն խորունկը ու հասկնալ այդ ջուրերուն խորհուրդն ու մակարդակը։ Եթէ պահ մը պէտք է սուզուիլ, ապա սուզուիլ ու մնալ լռութեան մը մէջ, մինչեւ որ ջուրերը հանդարտին ու մենք դարձեալ կերպով մը հասնինք դէպի ապահով ափեր։

Ի հարկէ, վիպական չէ ըսածս, մեզմէ շատերուն համար անօդաչու սարքերու դէմ սուր ճօճելն է կարեւորը, որպէսզի վաղուան օրը վկայութիւն մը տանք, հերոսի մը մասին երկու խօսք ըսենք, երգ մը երգենք ու մեր դիմաց դրուած դագաղին վրայ մեխակ մը դնենք... Մենք վիպականութիւնը դարձուցած ենք ամէնօրեայ ապրում ու անոնք, որոնք մեզի այդ վիճակէն դուրս հանել կը փորձեն, զանոնք պիտի տեսնենք հակառակորդ ու թշնամի։ 

Աշխարհաքաղաքական խաղերուն համար ամենաանկարեւոր «ուտելիք»ը գրականութիւնն է։ Իբր այդ, հասարակութիւններուն համար շատ աւելի կարեւոր է Միսաք Մանուշեանի խօսքը՝ քան Շահան Շահնուրին խօսքը, որ ունի բուժելու յատկութիւն։

Խորքին մէջ բոլոր այն գրողները, որոնք բուժելու համար կը գրեն, դրուած են դատապարտման աթոռին վը-րայ, հալածուած են, բռնադատուած են, ծեծի ենթարկուած ու յաճախ ալ սպաննուած։ Շահնուր անոնցմէ մին է, որ չի  պահուըտիր իր գաղափարներու ետին ու շատ լաւ գիտէ, որ գրողը փրկիչ մը չէ։ Գրողը սուրբ մը չէ, գրողը սրբասացութեան մը հաւատացողը չէ, այլ ընկեր մըն է, մտերիմ մը ու մա՛նաւանդ խօսակից մը։

Ի հարկէ, ատելութեան մասին իմ կամ իմ սերնդակիցներուս կողմէ գրուելիք իւրաքանչիւր տող նոր ատելութեան մը պիտի տանի ու շատ հաւանաբար այդ անբուժելի հիւանդութիւնը աւելի ծանրացնէ։ Իմ հայրենակիցներս շատ արագ պիտի մարսեն ատելութեան մասին այդ ասքը, պոէմը կամ երկար պատմուածքը։ Բայց ինչ փոյթ, ո՛չ ոք պիտի օգտուի այդ ատելութենէն ու բոլորը պիտի պատրաստուին ընել այն բաները, ինչ որ մինչեւ հիմա կը շարունակէին ընել։

Սան Ֆրանսիսքոյի ափերուն կիրակնօրեայ պատարագին մասնակցած հայը կամ Սեւաստոփոլի ափերուն իր կիսատ-պռատ հայերէնով կիրակնօրեայ հանգիստը վայելող հայը խորքին մէջ իրարու կը հաւասարին մեծ առումներով։ 

Երկուքն ալ հիւանդ են ազգի ցաւով, սակայն, երկուքն ալ յստակ ծրագիր մը չունին մեզի համար։ Երկուքն ալ ունին մեծ կարողութիւններ, արծաթ, ոսկի եւ ադամանդ, սակայն, երկուքն ալ չեն տեսներ, որ հողէն անդին իրենք ու աւելիով իրենց յետնորդները դատապարտուած են վերացման։ 

Հողը, սկզբունքը կամ հողի արժէքը, զորս շատեր կ՚անտեսեն, կ՚ուրանան ու կը մոռնան, այս բոլոր ընթացքներու յորձանուտներու ամենակարեւոր հանգոյցն է։ 

Հողը ճշմարիտ է եւ հողէն ելած, հողէն աճած արժէքները մնայուն են։

Թերեւս Շահնուր եւ իր սերնդակիցները այդ հողին դրուածքին մասին շատ չեն խօսած, բայց այդ ընկալումը եւ հողի ապրումը եղած են անոնց մէջ։ Անշուշտ, այս բոլորին մէջ կայ տիեզերական շունչ մը, սակայն, կարեւորը միայն այդ շունչը չէ, կարեւորը ճիշդ թիավարելն է, ճիշդ դիտարկելը եւ մեր շուրջ տեղի ունեցող մեծ տարաժամերուն, փոփոխութիւններուն հետ հաշտ ըլլալու միտումը։ 

Ես պիտի չուզեմ ակնարկութիւններ ընել, թէ ինչպիսի ընթացքներու հետեւանքով հասանք այստեղ։ Ինչպէ՞ս պարտուեցանք Արցախի պատերազմին ու անկէ անդին, ինչպէս մեր աչքին առջեւ տեղահան դարձան հարիւր հազարաւոր արցախցիներ։ 

Կրնայի՞նք այդ բոլորին համար դարման մը, ճար մը գտնել, այո, կրնայինք, բայց չուզեցինք։ Չուզեցինք, որովհետեւ վստահեցանք մեր գոռոզութեան ու մոռցանք, որ մեր հաւաքական ծուլութիւնը եւ այս շրջանին մէջ հանգիստ ու խաղաղ ապրելու դրոյթները միայն մեր յաղթանակներու ճանապարհով պիտի չըլլան։ Մոռցանք, որ մենք առանձինն չենք այս հողերուն վրայ ու տակաւին յաճախ ալ նոյն վիրաւորական խօսոյթով կը փորձենք մեր ձայնը բարձրացնել...

Խորքին մէջ, հիմա ո՞վ է, որ մեզ կը հրահրէ եւ ո՞վ է տակաւին, որ մեզ սին յոյսերով կը փայփայէ, որ վաղուան օրը մենք «Կիրանցով գնալու ենք Ստեփանակերտ»։ 

Այո՛, կարող էինք Ստեփանակերտ երթալու ճիգ անգամ չընել, քանի այնտեղ էինք, բայց չարժեւորեցինք մեր այնտեղ ըլլալը ու ատոր կողքին ուզեցինք հաւատալ, թէ միայն մենք ենք խաղին տէրը։ 

Մեզ լքեցին բոլորը. թաղեցինք մեր մեռելները… հիմա ալ հին երազներուն ետեւէն ըլլալով՝ կ՚ուզենք հողին մէջ դնել մեր ներկան։

Կը շարունակենք զիրար յօշոտելու հին-նոր խաղը խաղալ ու մոռցած ենք, որ պարտաւոր ենք ժամ առաջ սորվիլ մօտիկ անցեալի դասերէն ու նախ մէջքը ուղղել եւ ապա ոտքի կանգնիլ։

Այս բոլորէն անդին, սակայն, կը սիրենք վիպապաշտութիւնը ու անոր մէջ կը տեսնենք մեր ուշացած փրկութեան մէկ հատուածը, որ ո՛չ մէկ անգամ փրկած է մեզ... 

Վիպապաշտ ենք ոտից-գլուխ ու տակաւին հեռու ենք մեծ ահազանգը լսելու ընդունակութենէն։

Զգացական դարձած ենք ու մեր ականջները կարծէք եկած ու խլած են մեզմէ։

Կը քալենք հիմա լուռ, մութ արգանդի մէջ լողացող ձուկերուն պէս, առանց ականջ ունենալու, առանց լսողութեան մը հասնելու…

 

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յունուար 16, 2026