ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ, ԲԱՅՑ Ո՛Չ ԿՈՐՍՈՒԱԾ` ՄԵՐ ԼԵԶՈՒՆ, ՄԵՐ ՄՇԱԿՈՅԹԸ
Լեզու, սփիւռք, հայրենիք, յիշողութիւն, ինքնութիւն, ձուլում, մայրենի լեզու, լեզուներու անհետացում, լեզուապահպանում, լեզուներու վերակենդանացում, փոքրամասնութիւններ՝ ամենէն շատ սերտուած նիւթերն են ընկերալեզուաբաններու կողմէ: Պատահական չէ, որ լեզուապահպանումի հարցը առաջնահերթ տեղ սկսած է գրաւել համաշխարհային գետնի վրայ։
Թիւերով խօսինք
Անցեալին ունեցած ենք 12 հազար լեզուներ, իսկ այսօր 6 հազար լեզուներ գոյութիւն ունին։ Այս 6 հազար լեզուներէն 276-ը կը խօսուին մէկ միլիոն ժողովուրդներու կողմէ եւ 80-90 առ հարիւրն ալ կը խօսուին բնիկ ժողովուրդներու կողմէ, որոնք հազիւ 10 առ հարիւր կը հաշուեն երկրի բնակչութեան: Այս կը նշանակէ, թէ այսօր լեզուներու 80-90 առ հարիւրը կը գտնուի աշխարհի բնակչութեան 10 առ հարիւրին մօտ, որոնց մեծամասնութիւնը թիւով քիչ է եւ տկար. ինչպէս՝ Փափուա Նիւ Կինէայի ուարաբուները, որոնք թիւով 500 են, նաեւ մալոլ խումբը՝ 3 հազար 300:
Օրինակի համար, 1500 թուականին Պրազիլիոյ մէջ հազար 175 լեզուներ կը խօսուէին, 1993-ին անոնց թիւը 200 կը յաշուէր: 1996 թուականին Սուտանի հարաւը 132 լեզուներ կը խօսուէին եւ թէ 2020-ին անոնց թիւը 17 կը յաշուէր: Այսօր, Ինտոնիզիոյ մէջ 425, Փափուա Նիւ Կինէայի մէջ 312, Աւստրալիոյ մէջ 190 եւ Ամերիկայի մէջ 180 լեզուներ վտանգուած են։ Կը նախատեսուի, թէ 2100-ին 2 հազար 922 լեզուներ պիտի մնան։ Այս առումով, այդ կը նշանակէ, թէ լեզու մը պիտի կորսուի ամէն երկու շաբաթը անգամ մը:
Կորսուած լեզուներ, կորսուած աշխարհներ
Այս իրողութիւնները կը մտահոգեն ընկերալեզուաբանները, որովհետեւ լեզուներու մեծաքանակ անհետացումի հետեւանք՝ մշակոյթներու անհետացումը, կրնայ վտանգել մարդկային ցեղին գոյութիւնը: Այսօր 8 միլառի սահմանը հատած է երկրագունդի բնակչութեան թիւը, որ նուաճած է Ամերիկաները, Աւստրալիան եւ Խաղաղականի ամենէն փոքր կղզիները ու վարժուած է անտառներու, անապատներու եւ սառուցեալի պայմաններուն՝ շնորհիւ իր մշակոյթներուն, որոնք փոխանցուեցան լեզուներու միջոցով, ապա սովորութիւններու, կրօններու եւ արժէքներու թափանցումը եւ տարածումը: Այս տրամաբանութեամբ, որեւէ խախտում լեզուներու այլազանութեան մէջ եւ կրճատում անոնց մշակոյթներու զանազանութեան մէջ, կը նշանակէ մարդկային ցեղին յարմարելու ուժականութեան տկարացում:
Լեզուներու անհետացման անակնկալ պատճառները
Կարելի չէ բացատրութիւն մը տալ լեզուներու կրած անկումին: Բնական աղէտներ, հիւանդութիւններ, տեղահանում, կրօնափոխութիւն եւ տնտեսական պայմաններ գլխաւոր ազդակներ են։
Օրինակի համար, Իրլանտայի գետնախնձորի «հիւանդութեան» պատճառած անօթութիւնը (1845-51) մէկ միլիոն անձի մահուան պատճառ դարձաւ, իսկ մնացեալին զանգուածային գաղթին: 1841 թուականին, 8 միլիոն հաշուող ժողովուրդը, 6.5 միլիոն եղած էր տասնամեակ մը ետք: Գիւղաբնակ ժողովուրդը, որ ամենէն աւելի իրլանտերէն կը խօսէր, ամենէն աւելին տուժեց, ինչ որ սատարեց այդ լեզուին աննախնթաց տկարացման եւ նոյնիսկ անհետացման որոշ շրջաններու մէջ:
Եւրոպացիներուն Ամերիկա հասնելէն 200 տարի ետք բնիկ ժողովուրդին աւելի քան 90 հարիւրը մեռաւ՝ հաստատուողներուն եւ անոնց կենդանիներուն բերած հիւանդութիններուն պատճառով: Կեդրոնական Մեքսիքոն 1518-ին, երբ սպանացիները եկան, աւելի քան 25 միլիոն կը հաշուէր: Սակայն, 1620-ին, 1.6 միլիոնի իջած էր անոնց թիւը: Ամազոնի մեծ շրջանը ունէր 6.8 միլիոն բնիկ ժողովուրդ, բայց այդ 1992-ին միայն 700 հազար կը հաշուէր: Ներկայիս, ըստ ՄԱԿ-ի վիճակագրութիւններուն, HIV/AIDS-էն մահացողներուն 95 առ հարիւրը կը գտնուի Ափրիկէի եւ Լատին Ամերիկայի մէջ, երկու ցամաքամասեր, որոնք կը պարունակեն աշխարհի երեք չորրորդ լեզուները:
Ամազոնի անտառներուն միլիոնաւոր ծառերու անհետացումը, հանքերու մեծաքանակ գործունէութիւնները եւ շարունակական սպանութիւնը տեղացի ցեղերուն՝ կը վտանգէ բնիկ ժողովուրդին կեանքը, կը պատճառէ մեծաթիւ արտագաղթ եւ կը դժուարացնէ անոնց ջանքերը պահպանելու իրենց մշակոյթը, աւանդութիւնները եւ լեզուները:
Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի կռիւներուն՝ Խաղաղականի եւ Հնդկական ովկիանոսի կղզիներու ընկերութիւնները թիրախ դարձան եւ հսկայական վտանգի ենթարկուեցան անոնց լեզուները: Փափուա Նիւ Կինէայի մէջ, ճաբոնցիները եւ միացեալ ուժերը պատճառ դարձան հարիւրաւոր խօսակցական լեզուներու ամբողջական կորուստին՝ այրելով բոլոր արխիւները: Նոյնպէս, աւետարանչական արշաւներու եւ գաղութատիրական լեզուներու պարտադրումին որպէս հետեւանք հազարաւոր բնիկ լեզուներ եւ մշակութային ժառանգութիւն անհետացան:
Անգլերէնէն անդին
Յաճախ փորձեր ալ կը կատարուին՝ մանաւանդ համաշխարհային մամուլին կողմէ, մատնանշելու անգլերէնի մեծածաւալ տարածումը եւ անոր ազդեցութիւնը աշխարհի լեզուներուն վրայ: Պատահական չէ, որ անգլերէնը յաճախ կը կոչուի «սպաննող լեզու» ընկերալեզուաբանական հատորներու մէջ: Այդ մէկը, սակայն, կ՚օգնէ ճշդելու պատճառներէն միայն մէկը: Բացատրենք։
Ներկայ վիճակը եզակի է՝ աշխարհ այսքան մեծաթիւ բնակչութիւն չէ ունեցած, համաշխարհայնացումի ընթացքը այսքան արագընթաց չէ եղած, հաղորդակցութեան եւ փոխադրամիջոցներու ճարտարուեստները այսքան լայնածիր չեն եղած, այսքան լեզուներու միջեւ հաղորդակցութիւն չէ ստեղծուած եւ ո՛չ մէկ լեզու այսքան համաշխարհային ազդեցութիւն ունեցած է, որքան անգլերէնը:
Հարցումը այն է, թէ ինչպէ՞ս պիտի կրնան լեզուներ՝ մանաւանդ փոքրամասնութիւն կազմող ժողովուրդներու լեզուները, տոկալ նման պայմաններու մէջ:
Թեր եւ դէմ տեսակէտներ
Մուֆուէնէ կը կարծէ, թէ լեզուներ իրենց բնական ընթացքը պէտք է շարունակեն, նոյնիսկ եթէ այդ կը նշանակէ անոնց մահը: Ան կը հաւատայ, թէ արդէն լեզուներու այլազանութիւնը Աստուծոյ պատիժն էր Բաբելոնի մէջ եւ անոնց նուազումը համերաշխութիւն, խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում պիտի երաշխաւորէ:
Այս թեզը պաշտպանողներ 1960-ական թուականներուն Հիւսիւսային Ամերիկայի, Աւստրալիոյ եւ Անգլիոյ մէջ ծանր պատիժներու կ՚ենթարկէին աշակերտներ եւ անոնց բերանը օճառով կը լուային, երբ անոնք իրենց մայրենի լեզուն գործածէին դպրոցին մէջ: Անգլիոյ մէջ, ուսուցիչներ այցելութիւններ կատարեցին իրենց օտար աշակերտներուն տուները՝ զգուշացնելու անոնց ծնողները եւ արգիլելու տան մէջ անոնց մայրենի լեզուին գործածութիւնը: Անոնք համոզուած էին, թէ երկլեզուութիւնը նոր երկրին հանդէպ հարազատութեան եւ պատկանելիութեան հարցեր կը յարուցանէ եւ կը խանգարէ մանուկին հոգեմտաւոր զարգացումը: Անգլերէնէ զատ ուրիշ լեզու խօսողներ կը նկատուէին ապուշ, ծոյլ, աղքատ, անվստահելի եւ անբարոյ: Այս միջոցառումները եւ համոզումները մղեցին շատ մը գաղթականներ, որպէսզի անոնք ո՝չ միայն լքեն իրենց մայրենի լեզուն, այլեւ փոխեն իրենց անունները եւ մականունները:
Բարեբախտաբար, 1970-ական թուականներուն, շնորհիւ ընկերալեզուաբաններու ուսումնասիրութիւններուն, կը հաստատուի, թէ մայրենի լեզուի դասաւանդութիւնը եւ պահպանումը անհրաժեշտ են մշակելու ինքնուրոյն ազգային ինքնութիւն, մշակութային պատկանելիութիւն, ազգային սովորութիւններ, ընտանեկան սերտ յարաբերութիւններ, մանկական յիշատակներ, լեզուի հանդէպ հաւատարմութիւն եւ հարազատութիւն, ազգային պատմութիւն, բարոյագիտութիւն եւ փիլիսոփայութիւն:
Ահա թէ ինչո՛ւ մեծ թիւով լեզուագէտներ, ինչպէս՝ Տիքսըն, Նեթըլ եւ Ֆիշմըն, կը հաւատան, թէ մայրենի լեզուի պահպանութեան հետ կը պահուի մշակոյթ, իւրայատուկ կենցաղավարութիւն, յատուկ ինքնութիւն, աշխարհայեացք եւ մտածելակերպ:
Համաշխարհային նեցուկ
Այս չափանիշները եւ ըմբռնումները ընդգծելու առումով, ՄԱԿ-ը եւ Եւրոպական Միութիւնը որդեգրած են յստակ որոշումներ՝ ապահովելու փոքրամասնութիւններու լեզուական իրաւունքները: Լեզուաբաններու հրամցուցած լուսաբանութիւնները եւ միջազգային մարմիններու որոշումները կու գան հաստատելու, թէ կարելի չէ համաշխարհային համերաշխութիւն ապահովելու պատրուակով քաջալերել գաղութներու լեզուներու հարստահարումը կամ մէ՛կ լեզուի եւ մէկ մշակոյթի բռնակալական ախորժակները:
Այս զօրակոչին իբրեւ ենթահող կը ծառայեն ընկերաբաններու եւ լեզուաբաններու մեծ խումբի մը աշխատասիրութիւններուն արդիւնքները: Անոնք կը հաւատան, որ երբ մայրենի լեզուի փոխանցումը խախտի, անոր կը հետեւի ժառանգուած գիտութեան լուրջ կորուստ, որովհետեւ այդ կը պարունակէ թէ՛ անձնական եւ թէ ազգային պատմութիւններու բանալին, կը յատկանշէ ժողովուրդի մը մշակութային, անձնական եւ ազգային ինքնութիւնը, կ՚ընդգծէ անցեալի եւ նախնիներու հետ կապը եւ շարունակականութիւնը, կ՚արտացոլայ իւրայատուկ աշխարհայեացք եւ դէպքերու մեկնաբանութիւն, կ՚ընդգրկէ անհրաժեշտ, հետաքրքրական եւ հմայիչ քերականական, բառագիտական եւ հնչիւնաբանական յատկանիշներ եւ կը յառաջացնէ ընկերային համերաշխութիւն, ինքնավստահութիւն եւ մշակութային հպարտութիւն:
Ազգային ինքնագիտակցութեան զարթօնք
Պատահական չէ, որ այսօր յունական, իտալական եւ չինական կարգ մը գաղութներ Հիւսիւսային Ամերիկայի մէջ զօրաշարժի ենթարկուած են՝ պահպանելու իրենց նախահայրերուն լեզուները, որովհետեւ անոնք հպարտ կը զգան անգամ մը եւս իրենց ժառանգութեամբ, դրական կեցուածք սկսած են մշակել իրենց լեզուին հանդէպ, մտադրած են օգտուիլ իրենց լեզուին հրամցուցած արժէքներէն, սկսած են գիտակցիլ ազգային միասնականութեան կարեւորութեան, անհրաժեշտ կը սեպեն հայրենիքի հանդէպ իրենց կապուածութիւնը եւ կ՚ուզեն կառչիլ իրենց իւրայատուկ կրօնական հաւատալիքներուն եւ ծէսերուն:
Երբ մեր լեզուն դարձաւ վտանգուած ժառանգութիւն
Իսկ, երբ 2010 թուականի փետրուարին, UNESCO-ի Վտանգուած լեզուներու ցանկին վրայ զետեղուեցաւ արեւմտահայերէնը, մե՛ր մայրենի լեզուն, թերեւս լեզուներու անհետացումն ու մահն ալ առասպել մը չէր, կամ ուրիշներուն պատահելիք բան մը, այլ քիչ մը աւելի հարազատ:
ՏՔԹ. ԱՐՏԱ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Քուէյթ, 2025