ՊԱՏՈՒԱԲԵՐ ՅՈԲԵԼԵԱՆ
Շուրջ դար մը առաջ իր առաքելութեան ճանապարհը բռնած Պէյրութի Հայ ճեմարանը կը նշէ իր 95-ամեակը։
Համազգայինի հիմնադիր սերունդի արգասիքն է ճեմարանը։
Լոյս փնտռողներուն համար իրական տուն, ուսման երդիք ուզողներուն համար իրական նաւահանգիստ։ Ու հոնկէ ընթացք առաւ սփիւռքի գոյութեան պայքարի կարեւոր ուղիներէն մին։ Ուղի մը, որ կը շարունակուի այսօր ալ, որովհետեւ առանց այդ մրցումին շատ բան պիտի պակսի մեր կեանքէն։
Ճիշդ է, որ ճեմարանը գործեց ու հիմա ալ կը գործէ Համազգայինի անմիջական խթանով եւ հոգատարութեամբ, բայց, ո՛չ մէկ անգամ այդ դպրոցը տուաւ կամ «արտադրեց» կոյր կուսակցականներ։
Շատեր պիտի զարմանան ու թերեւս շատեր նեղանալ այս յօդուածէն, որովհետեւ դարձեալ շատերուն համար հիասթափեցնող կրնան ըլլալ այս տողերը։
Ի հարկէ, ո՛չ ոք դէմ է, ո՛չ ոք կրնայ դէմ ըլլալ, որ իւրաքանչիւր կուսակցական կառոյց իր մարդուժը, ապագայ ղեկավարութիւնը պատրաստող տեղ մը, տուն մը ունենայ... Բայց եւ այնպէս, կրթութեան, գիտութեան եւ օրուան մարտահրաւէրներուն հետ քայլ պահելու ամենէն ճիշդ ճանապարհը նախ եւ առաջ ՀԱՅ ՄԱՐԴ-ը կերտելն է։ Հայ մարդը, որուն ընդհանուր գիծերուն մէջ մասնիկներ պիտի ըլլան Վրացեանէն, Աղբալեանէն, Շանթէն, Բ. Կանաչեանէն, Վ. Օշականէն եւ շատ ուրիշ անուններէ։ Ու եթէ իրական հայ մարդ կը կերտես, այն ատեն յաջողութեամբ պսակած պիտի ըլլաս քու առաքելութիւնդ։
Ճեմարանի մասին մեր սեղմ պատկերացումները միշտ ալ եղած են տարբեր, յաճախ նման մօտեցումներ ու երբեմն ալ հակասող եղելութիւններ։ Այս առումով ալ անկարելի է այդ դպրոցին դարաւոր եւ իրական արժէքը հասկնալ, առանց շփուելու «Ճեմարանի ջուր»ը խմած, այդ դպրոցը յաճախած եւ այդ դպրոցէն դէպի կեանք վազած աշակերտներու հետ։
Անշուշտ, պէտք չէ մոռնալ, որ հակառակ տարածուած թիւր մօտեցումներուն, ճեմարանը երբեք եւ ոչ մէկ անգամ եղած է «հարուստի դպրոց»։ Շատեր այդ վատաբանութիւնն ալ փորձած են ընել, մոռնալով անշուշտ, որ հարուստ կամ միջին խաւի, ունեւոր կամ կարիքաւոր սաներուն համար ճեմարանը միշտ ալ իր հայացքը նետած է համահաւասար դիրքերէ եւ պատուհաններէ... եւ հոս է իրական արժէքը այդ դպրոցին։
Այսօր հակառակ Լիբանանը եւ Մերձաւոր Արեւելքը հարուածող մեծ ալիքներուն, ճեմարանը կը շարունակէ իր երթը։ Շնորհիւ նուիրեալներու այն բանակին, որ մեղուի պէս կ՚աշխատին, որ մեղուի պէս կը գործեն ու շնորհիւ այն հազարաւոր շրջանաւարտներուն, որոնք կապուած են իրենց սիրելի դպրոցին եւ իրենց կարելի բոլոր միջոցները ի սպաս դրած են դպրոցի զարգացման։
Այս բոլորէն բացի, ուշագրաւ է նաեւ, որ այդ դպրոցի սաները, շրջանաւարտները եւ կամ նոյնիսկ թերաւարտները անուրանալի կապ մը կը պահպանեն իրարու միջեւ։ Ճեմարանի գրասեղաններուն առջեւ անոնք ո՛չ միայն հայերէն լեզու եւ բնագիտութիւն սորված են, ո՛չ միայն ֆրանսերէնով Լա Մարթին կամ հայերէնով Դանիէլ Վարուժան վերլուծել փորձած են, այլ զիրար պահել, պահպանել, իրարու հետ ըլլալ եւ զիրար սիրել սորված են։ Տարիներ առաջ մեր ականջներուն կը հասնէր, որ ճեմարանի աշակերտները «անհաւատ» են, որովհետեւ անոնք կրօնի դասեր չեն առներ, բայց եկուր տես, որ նոյն այդ աշակերտները ամենէն հաւատացեալներն են, ոչ ոք կը ստիպէ զանոնք եկեղեցի երթալու, բայց նորէն ու միշտ անոնք առաջինն են, երբ հարցը կը վերաբերի մեր ազգային արժէքներուն եւ ինքնութեան...
Յաճախ գրած եմ սփիւռքի մէջ կրթական ոլորտի կարեւորութեան, մեր դպրոցներու առաքելութեան, այդ կրթարաններու անհրաժեշտութեան մասին, գրած եմ տխրութեամբ վարժարաններու փակման մասին, իսկ այսօր ալ կը գրեմ մեծ ուրախութեամբ, որովհետեւ ճեմարանը իր հիմնադրման առաջին իսկ օրէն ծառայած է իր նպատակին, ոչ մէկ անգամ դարձած է «զոհ» ներքին պայքարներու կամ մեր կառոյցները կրծող եւ ներսէն հարուածող ԽԾԲ (Խնամի-ծանօթ-բարեկամ) եպերելի երեւոյթին։
Իբր այդ ալ, այս շէնշող ու ապրող կրթարանը արժանի է սիրոյ եւ գնահատանքի։
Բարի տարեդարձ քեզի՝ ճեմարան։
Ստորեւ կը ներկայացնենք Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի տնօրէնութեան կողմէ վարժարանի յոբելեանին առթիւ տարածած հաղորդագրութենէն հատուած մը։
*
Ճեմարանը 95 տարեկան։
28 մայիս 1928-ին Գահիրէի մէջ կը հիմնուի Հայ կրթական եւ հրատարակչական Համազգային ընկերութիւնը, որուն էական եւ առաջին ծրագիրներէն մէկը կ՚ըլլայ հիմնել երկրորդական վարժարան մը:
Այս նպատակով, Համազգայինի հիմնադիրներէն` Հայաստանի Ա. հանրապետութեան խորհրդարանի փոխ-նախագահ Լեւոն Շանթ եւ լուսաւորութեան նախարար Նիկոլ Աղբալեան կու գան Լիբանան, ուր կը հիմնեն Հայ ճեմարանը։
3 մարտ 1930-ին Պէյրութի Քանթարի թաղին մէջ վարձուած երկյարկանի շէնքի մը մէջ Հայ ճեմարանը կը բանայ իր դռները 15 աշակերտներով:
Յառաջիկայ տարեշրջանին արդէն Հայ ճեմարանի աշակերտութեան թիւը կը բարձրանայ 64-ի. կը կազմուին մէկ նախապատրաստական եւ երեք հիմնական դասարաններ:
Հայ ճեմարանը ունէր հիմնական մէկ նպատակ՝ պատրաստել վաղուան մտաւորական սերունդը եւ հայ լեզուին, գրականութեան, պատմութեան ու մշակոյթին գոյատեւման եւ զարգացման պատասխանատու անձերը:
Հիմնադրութեան առաջին տարիէն ճեմարանը կ՚ունենայ նաեւ գիշերօթիկի բաժին, որպէսզի այլ երկիրներէ ուսանողներ կարենան գալ եւ ստանալ հայեցի կրթութիւն:
1935-ին Հայ ճեմարանը կու տայ իր առաջին ութ շրջանաւարտները, որոնց մեծ մասը կը դառնայ ճեմարանի կամ հայ ազգային վարժարաններու մէջ ուսուցիչ:
Յաջորդող տարիներուն աշակերտութեան թիւը հետզհետէ աճ կ՚արձանագրէ եւ շուտով ճեմարանը կը փոխադրուի աւելի ընդարձակ հին շէնք մը՝ Ուատի Ապու Ժեմիլ թաղին մէջ: Աւելի ուշ, ժամանակաւորապէս, ճեմարանի որոշ դասարաններ կը փոխադրուին նաեւ Նորմանտիի շրջանին մէջ շէնքի մը գետնայարկը:
1948-ին Հայ ճեմարանը կ՚ունենայ իր սեփական շէնքը Զոքաք էլ Պլաթի մէջ՝ շնորհիւ իրենց վաղամեռիկ եղբօր՝ Նշան Փալանճեանի յիշատակին Փալանճեան քոյրերու կատարած նուիրատուութեան, ինչպէս նաեւ՝ Լ. Շանթի Ամերիկայի գաղութէն հանգանակած եւ Հայ օգնութեան միութեան տրամադրած գումարներուն:
Հայ ճեմարանի նոր շէնքի պաշտօնական բացումը տեղի կ՚ունենայ շաբաթ, 27 մայիս 1950-ին, ներկայութեամբ՝ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ շէյխ Պշարա Խուրիի, վարչապետ Ռիատ Պէյ Սոլհի, հայ թէ օտար բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու, յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներու եւ արտասահմանէն ժամանած հիւրերու: Հանդիսութեան աւարտին Լիբանանի նախագահը Լեւոն Շանթը կը պատուէ Լիբանանի «Արժանեաց Ա. կարգ»ի ոսկիէ շքանշանով՝ առ ի գնահատանք կրթական ասպարէզին մէջ անոր մատուցած ծառայութիւններուն:
Հայ ճեմարանը պաշտօնապէս կը կոչուի Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարան:
Լեւոն Շանթի մահէն ետք ճեմարանի տնօրէնութեան պաշտօնին կը հրաւիրուի Հայաստանի Ա. հանրապետութեան վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեան, որ կը շարունակէ աշխատանքը երկու օգնականներով՝ ճեմարանի առաջին շրջանաւարտներէն փորձառու ուսուցիչներ Մուշեղ Իշխանի եւ Գառնիկ Բանեանի: Առաջինը կը ստանձնէ կրթական, իսկ երկրորդը վարչական գործերը:
Աշակերտներուն թիւը տարուէ տարի աճ կ՚արձանագրէ, հետեւաբար Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը եւ ճեմարանի տնօրէնութիւնը կ՚որոշեն կառոյցը ընդարձակել ու զայն օժտել առանձին մանկապարտէզով, գիտաշխատանոցով, գրադարան-մատենադարանով եւ մարզադաշտով: Յաջորդող տարեշրջանները դարձեալ կ՚ըլլան վերելքի տարիներ եւ կառոյցը առաւել եւս կ՚ընդարձակուի: Աշակերտութեան թիւը կը հասնի 600-ի:
Ս. Վրացեանի մահէն ետք, 1969-ին, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան որոշումով՝ ճեմարանի գիտութիւններու ուսուցիչ եւ գիտաշխատանոցի պատասխանատու Հրաչ Տասնապետեան կը դառնայ ճեմարանի ջահը վառ պահելու յանձնառու տնօրէնը:
Յաջորդող հինգ տարեշրջաններուն ճեմարանի աշակերտներու թիւը կը հասնի 1000-ի: Հետեւաբար 1975-ի սկիզբը Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը կը ծրագրէ աւելի ընդարձակ ճեմարան մը կառուցել եւ Անթիլիասի Մըզհերի շրջանին մէջ կը գնէ հողաշերտ մը:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով, 1975-76 տարեշրջանէն սկսեալ ճեմարանը կը դառնայ երբեմն երկճիւղ, նոյնիսկ՝ եռաճիւղ: Որոշ շրջան մը աշակերտներու փոքր թիւ մը կը մնայ Նշան Փալանճեան ճեմարան, իսկ մեծ մասը կը փոխադրուի նախ ժամանակաւոր կերպով Մարտիկեան վարժարան (Անթիլիասի մայրավանք), ապա՝ երկու տարի Տըպպայայի Կենաց վարժարան:
1977 մայիսին, Խորէն Ա. եւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսներու ներկայութեամբ, տեղի կ՚ունենայ Մըզհերի համալիրի պաշտօնական հիմնարկէքը:
Ճեմարանը կը շարունակէ իր երկճիւղ գործունէութիւնը՝ Նշան Փալանճեան ճեմարանի եւ Պուրճ Համուտի մուտքին Շաղզոյեան եղբայրներու նուիրատուութեամբ գնուած շէնքին մէջ:
1987-88-ի տարեշրջանին, Համազգայինի Մըզհերի կրթական համալիրի կեդրոնական շէնքին մէկ մասը արդէն իսկ կառուցուած էր: Նոյեմբեր ամսուն Պուրճ Համուտի աշակերտութեան միջնակարգ եւ երկրորդական բաժինները կը փոխադրուին նոր շէնք եւ դպրոցական կեանքը կը սկսի Մըզհերի (Ծաղկաձոր) համալիրին մէջ:
20 նոյեմբեր 1988-ին տեղի կ՚ունենայ Մըզհերի ճեմարանին բացման հանդիսութիւնը՝ ներկայութեամբ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի, կառոյցի բարերար Արսլանեան ընտանիքի անդամներուն եւ մեծաթիւ հիւրերու: Ծաղկաձորի ճեմարանը պաշտօնապէս կը կոչուի Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան:
Երեք տարի ետք տեղի կ՚ունենայ Մըզհերի ՀՕՄ-ի Նորսիկեան մանկապարտէզի պաշտօնական բացումը:
Մինչեւ 2001-ը ճեմարանը քանի մը տարի երկու շրջաններու մէջ կը շարունակէ իր կրթական գործը՝ արեւմտեան բաժինը Նշան Փալանճեան, արեւելեանը՝ Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան:
Ճեմարանի տնօրէն Հրաչ Տասնապետեան կը մահանայ մարտ 2001-ին: Այնուհետեւ ճեմարանի տնօրէնութիւնը կը վարէ Տիգրան Ճինպաշեան: Միեւնոյն տարեշրջանին ճեմարանը կ՚ունենայ նոր բաժին մը՝ մանկամսուրը:
18 հոկտեմբեր 2010-ին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի սրահին մէջ տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ Համաշխարհային հայկական քոնկրէսին կողմէ կազմակերպուած «Լաւագոյն հայկական կրթօճախ» մրցումին մրցանակներու յանձնումը: Հայկական վարժարաններուն մէջ լաւագոյնի տիտղոսին կ՚արժանանայ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանը:
Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան հանգստեան կը կոչուի յունիս 2016-ին եւ տնօրէն կը նշանակուի Փաուլա Եղիայեան:
Ապրիլ 2018-ին, տէր եւ տիկին Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեաններու նուիրատուութեան շնորհիւ, բացումը կը կատարուի Համազգայինի Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան արդիական մանկամսուրին, ուր կ՚ընդունին 3 ամսականէն 3 տարեկան երեխաներ: Համազգայինի Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան մանկամսուրը կը սկսի գործել 1 սեպտեմբեր 2018-ին:
Եւ ահա այսօր, 3 մարտ 2025-ին, ճեմարանը կը դառնայ 95 տարեկան:
95 տարիներէ ի վեր ճեմարանը կը շարունակէ իր հիմնադիրներուն առաքելութիւնը. ճեմարանի մէջ դպրոցական կեանքը աշխոյժ է ու բեղուն. ճեմարանի աշակերտները հայերէնագիտական դասանիւթերու կողքին, կը պատրաստուին լիբանանեան պըրըվէի պետական քննութիւններուն եւ լիբանանեան ու ֆրանսական պաքալորէայի պետական զոյգ քննութիւններուն՝ ապահովելով բարձր եւ գնահատելի յաջողութիւններ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան