ՊԱՏԵՐԸ ԿԸ ՍԵՂՄՈՒԻ՞Ն
Պատերը կը սեղմուի՞ն... Սա է հարցումը Հայ Երուսաղէմի պարագային։ «Assosiated Press»ի աշխատակից Ճուլիա Ֆրանքըլ արդար է իր դատումներուն մէջ։ «Պատերը կը սեղմուին Երուսաղէմի Հին քաղաքի հայ քրիստոնեաներու շուրջ» խորագրեալ իր յօդուածով ան հանրայնացուցած է այն հիմնահարցերը, որոնք առկայ են «Հայկական Երուսաղէմ»ի կամ աւելի տեղին բնութագրումով մը՝ Երուսաղէմի հայկական թաղերուն մէջ եւ շուրջ։ Խնդիրը սահմանափակուած չէ միմիայն հողատարածքով մը, կալուածային գործարքով մը, ներքին եւ «զուտ» միաբանական որոշումով մը, այլեւ հարցն ունի շատ աւելի խորքային արմատներ։
Առկայ հարցերը կը վերաբերին «Հայկական Երուսաղէմ»ի ներքին խլրտումներուն եւ ներքին տարակարծութիւններուն։ Այստեղ շատ պարզ զուգահեռականով մը արդէն երեւելի կը դառնայ կարեւորագոյն հանգամանք մը, որ կապուած է Երուսաղէմի հայ համայնքի ընդհանուր վիճակին ու ճակատագրին հետ։ Երուսաղէմի մէջ առկայ է ներքին տարակարծութիւն մը՝ մէկ կողմէ «տէրն ու տիրական» միաբանութեան, իսկ միւս կողմէ նօսրացած հայութեան միջեւ, որ այսօր կը ներկայանայ՝ որպէս Հայ Երուսաղէմի ընդհանուր հանրոյթ։ Թէ ե՞րբ ընթացք առաւ այս խուլ եւ անաղմուկ հակամարտութիւնը՝ տակաւին պարզ չէ։ Պարզ չէ նաեւ, որ ի՞նչ հունով կրնայ շարունակուիլ այս պայքարը ու տակաւին ի՞նչ խորքային վնասներ կրնայ հասցնել Հայ Երուսաղէմին, առհասարակ հայութեան։ Այստեղ հարկ կայ անգամ մը եւս բացատրել, որ Երուսաղէմը հայկական կտրուածքով միայն տեղական բնոյթ չի կրեր։ Ան մեծ ժառանգութիւն մըն է, որ կը պատկանի ամբողջ հայութեան։ Ան նաեւ հայութեան համար կարեւոր այցեքարտ մըն է՝ Սուրբ Տեղեաց, Քրիստոսի հետքերուն եւ օրհնութեան ականատեսն ու վկան դարձած հողերուն վրայ։ Հետեւաբար, խօսքը կը վերաբերի միջազգային արժեչափերու՝ այնքան ատեն, որ Երուսաղէմը կը շարունակէ համարուիլ միջազգային սուրբ քաղաք մը։
Այս բոլորի թուարկումէն անդին, ինչքան խրտչելի է, որ Իրսայէլի եւ Պաղեստինի միլիոնաւոր բնակչութեան մէջ՝ ամենաշատը երեք զերոներով թիւ մը կազմող հայ ազգը լուրջ խնդիր ունի կազմակերպելու իր կեանքը, ապահովելու իր ներքին եւ արտաքին սահմանումները ու վերածուելու աւելի կազմակերպուած հաւաքականութեան մը։ Զանազան առիթներով կը խօսուի Երուսաղէմի խնդիրներուն մասին, իսկ այսօրուան վկայութիւնը պարզապէս աւելի յստակ պատկերով մը կը բիւրեղանայ, թէ ի՞նչ իրավիճակ կը տիրէ այնտեղ, ի՞նչ գործընթացներ կ՚ընթանան, նաեւ Հայ Երուսաղէմի խնդիրները հնարաւո՞ր է լուծել կամ ոչ։
Այս համայնապատկերին վրայ կ՚իմաստաւորուի «Assosiated Press»ի հրապարակած յօդուածը (թարգմանութիւնը՝ «Մետիամաքս» գորակալութեան), ուր նշուած է հետեւեալը.
«Մինչ Կազզէի մէջ թէժ պատերազմ մը կ՚ընթանայ, փոխուած է Սուրիոյ կառավարութիւնը եւ Իսրայէլի կողմէ բռնագրաւուած Յորդանան գետի արեւմտեան ափը կ՚եռայ, Երուսաղէմի Հին քաղաքի հայ բնակիչները կը մղեն այլ ճակատամարտ մը, որ աւելի խաղաղ է, բայց ոչ-պակաս գոյութենական: Երուսաղէմի հնագոյն համայնքներէն մին՝ հայկականը տասնամեակներ շարունակ ապրած է Հին քաղաքին մէջ՝ առանց հարեւաններուն հետ ընդհարումներու, կեդրոնացած վանքին շուրջ, որ կը ծառայէ համայնքի ընդհանուր բարեկեցութեան: Այժմ փոքրաթիւ այս քրիստոնէական համայնքը սկսած է պառակտուիլ ճնշման տակ այնպիսի ուժերու, որոնք, անոնց խօսքով՝ կը սպառնան իրենց եւ Հին քաղաքի բազմադաւան բնոյթին: Սկսեալ արմատական հրեայ վերաբնակիչներէն, որոնք կը ծաղրեն աղօթքի գացող հոգեւորականները, մինչեւ կալուածի գործարքը, որ իրենց տարածքի մէկ քառորդը շքեղ հիւրանոցի կրնայ վերածել եւ այս պատճառով ալ բնակիչներն ու եկեղեցին կ՚ըսեն, որ համայնքի ապագան խարխուլ է»։
Յօդուածին մէջ նշուած է, որ հայերու պայքարը կ՚ընթանայ բազմաթիւ տարածաշրջանային ճգնաժամերու քօղին տակ, կ՚արտացոլէ ոչ-հրեաներու ներկայութիւնը պահպանելու խնդիրը Երուսաղէմի մէջ։ Արդարեւ, կրօնական փոքրամասնութիւններու կեանքը դժուարացած է Հին քաղաքին մէջ: Հայոց Պատրիարքարանը աւանդաբար կը կառավարէ համայնքի գործերը։ Անոր եւ աշխարհիկ համայնքին միջեւ անդունդ մը բացուած է: Համայնքի անդամները կ՚անհանգստանան, որ եկեղեցին ընդունակ չէ պաշտպանելու նուազող բնակչութիւնը եւ խնդիրներու դէմ յանդիման է իրենց վանքը՝ քայքայման եւ գրաւման ռիսքերով: Յօդուածին հեղինակը կը շարունակէ ըստ հետեւեալի.
«Քալեցէք Հայկական թաղամասի նեղ անցուղիներով, հերթապահ պահակակէտի կողքով դէպի բաց տարածք եւ կը տեսնէք բեկորներու հսկայ կոյտին վրայ ծածանող հայկական դրօշը: Դուք ժամանած էք «Save the ArQ» շարժման շտապ։ Այստեղ՝ նրբատախտակներէ կառոյցին մէջ պատերէն կախուած են հնագոյն քարտէսներ։ Հոն կը մնան Հայկական թաղամասի քանի մը բնակիչներ, որոնք կը բողոքեն տարածքի անօրինական իւրացման դէմ, զոր կատարած է կալուածի կասկածելի կառուցապատողը: Վտանգուած հողն այն վայրն է, ուր համայնքը իր ինքնաշարժները կը կայանէ եւ ընթրիք-հանդիպումներ կը կազմակերպէ: Այդ մէկը կը ներառէ նաեւ բուն պատրիարքարանի քանի մը հատուածները։ Պատրիարքարանը քանիցս մերժած է այդ կալուածը վաճառելու առաջարկները»:
Ըստ հեղինակին՝ ամէն ինչ փոխուեցաւ 2021 թուականին, երբ հայ քահանայ Պարէտ Երէցեան գործարք կնքեց՝ կալուածը 98 տարիով վարձելու համար «Xana Capital» ընկերութեան, որ պաշտօնապէս արձանագրուած էր պայմանագրի ստորագրումէն անմիջապէս առաջ: Այս ընկերութիւնը բաժնետոմսերու կէսը փոխանցած է տեղի գործարարներէն Ճորճ Ուորվըրի, որ, ըստ դատարանի փաստաթուղթերուն՝ ներգրաւուած է տարբեր յանցագործութիւններու։ Այս ամբողջին մէջ է մէջ, զինուած կողոպուտի մը համար 24 ամսուան բանտարութիւնը, մինչ նախապէս սնանկութեան դիմում ալ ներկայացուցած է:
«Assosiated Press»ի լրագրողը տեսած է դատական փաստաթուղթերը, որոնց մէջ պատրիարքարանը խոստովանած է, որ Ուորվըր կաշառած է քահանան եւ անոնք կապեր ունեցած են մինչեւ պայմանագրի ստորագրումը:
Համայնքի անդամները վրդոված են՝ իմանալով այս մասին, իսկ քահանան ստիպուած փախած է երկրէն: Պատրիարքարանը անցեալ հոկտեմբերին չեղեալ յայտարարած էր գործարքը, բայց, «Xana Capital»ը հակադարձած էր։ Այժմ անոնք բանակցութիւններ կը վարեն պայմանագրին շուրջ: Աքթիւիտները կը յիշեցնեն, որ «Xana Capital»ը ուղարկած էր զինեալ մարդիկ, որոնք յարձակած էին համայնքի անդամներուն եւ հոգեւորականներուն վրայ:
Յօդուածին մէջ ընդգծուած է, որ տարածքի ապագան պղտոր է։ Աքթիւիստները կ՚ըսեն, որ պատրիարքարան դիմած են՝ պարզելու, թէ ի՞նչ պիտի կատարուի: Ըստ իրենց՝ Ուորվըրին կ՚աջակցի ծանօթ վերաբնակեցնող կազմակերպութիւն մը, որ կը ձգտի ընդլայնել հրէական ներկայութիւնը Երուսաղէմի Հին քաղաքին մէջ: Այդ կազմակերպութիւնը՝ «Ateret Cohanim», կանգնած է Հին քաղաքին մէջ քանի մը վիճայարոյց կալուածի ձեռքբերման ետին, իսկ անոր առաջնորդները 2023-ի դեկտեմբերին լուսանկարուած են Ուորվըրի եւ «Xana Capital»ի սեփականատէր Տենի Ռոթմանի հետ, որ կ՚օգտագործէ նաեւ Ռուպինշթայն մականունը: Կազմակերպութիւնը հերքած է որեւէ կապի գոյութիւնը տարածքի գործարքին հետ։ Նիւթին մէջ տեղ գտած են սաղիմահայ կարգ մը ցուցարարներու խօսքերը, ըստ որոնց՝ գործարքի ստորագրուելուն պէս պատրիարքարանը անցած է լռութեան դրութեան։ Պատրիարքարանը որոշ հարցումներու ի պատասխան ըսած է, որ տարածքը իրեն կը պատկանի, ոչ թէ համայնքին:
Հայկական վանքին մէջ հոգեւորականներն ալ լուռ են, արահետները՝ դատարկ։
«Ռոսինկ» կեդրոնը, որ կը հետեւի Սուրբ Երկրի մէջ քրիստոնեաներու դէմ յարձակումներուն, 2023 թուականին արձանագրած է մօտաւորապէս քսան յարձակում՝ կատարուած հայ դիտորդներու, հայերու մասնաւոր սեփականութեան եւ եկեղեցական կալուածներուն վրայ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ դէպքեր, երբ ծայրայեղ ազգայնական հրեայ վերաբնակիչներ թքած են հայ հոգեւորականներուն վրայ կամ խծբծած թաղամասի պատերուն վրայ «Մա՛հ քրիստոնեաներուն» գրութիւններ: Յօդուածին մէջ մէջբերուած են դիտարկումներ, ըստ որոնց՝ փակ դռներու ետին կ՚ըսեն, որ Երուսաղէմը սկսած է դառնալ վայր մը, որ այլեւս հիւրընկալ չէ քրիստոնէութեան համար։ Կարելի է նկատել, թէ ինչպէս կը շարժի սլաքը: Ատելութեան յանցագործութիւններու աճը այս ծրագրին մասը չէ, բայց, անոր հետեւանքն է:
Հակառակ հակասութիւններուն՝ հայ հոգեւորականներն ու աքթիւիստները նոյն բանը կը ցանկան. շարունակական ներկայութիւն Հին քաղաքին մէջ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան