Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ԱՊՐԻԼ 21-ՐԴ ԴԱՐՈՒՆ

Հաւաքական գործունէութեան ազնուացման զուգահեռ, մարդկութիւնը իբրեւ ընդհանուր կերպար սկսաւ մտածել մարդ անհատի մասին. այս երեւոյթը մենք կը պարտինք մեր դարուն: Անհատական շահը կար մարդկութեան պատմութեան մէջ, բայց, հասարակարգային իմաստով անհատական շահը պետութեան հետ զուգեկցած է, քանի բռնատիրութիւնը տիրական էր պետականաշինութեան ալ մակարդակով՝ սկսեալ փարաւոններէն, հասած Ֆրանսական յեղափոխութեան: Անհատական շահի ծառայելը, բնականաբար, անհատ մարդը չէ առաջնորդած դէպի բարօրութիւն ու երջանկութիւն։ Մարդկութեան երկար պատմութեան ընթացքին առաջին անգամ ներկայ դարուն կը նկատենք, որ ժողովրդավարութիւնը, հասարակայնութիւնը, մարդկային անհատական իրաւունքներու գործադրութեան գործօնները կիրառումի մէջ են այսպէս կամ այնպէս, ձախողումներով կամ ոչ: Հիմնական ուղենիշերէն մէկը մարդկային անհատական բարօրութեան ու արժանապատուութեան հասանելիութեան համար, որեւէ ընկերութեան ու հասարակարգի մէջ՝ անհատական ու հաւաքական կերպարի աղքատացման կամ հարստացման ընթացքն է: Այս կէտին տնտեսական համակարգութեան մասին չէ խօսքը, այլ սկզբունքին՝ անկեղծութեան ու թափանցիկութեան: Օրինակ՝ Գանատան կամ Սկանտինաւիան իրապէ՞ս կը յարգեն մարդը ու անոր կարիքները կը հոգան եւ զայն չե՞ն ոտնակոխեր կամ ալ անոնց ըրածը դերասանութի՞ւն է: Մեր համեստ կարծիքով՝ այդքան ալ դերասանութիւն չկայ այդ երկիրներուն մէջ եւ մարդը իր հաւաքական՝ մանաւանդ անհատական կերպարով յարգուած է ու բարօրուած։ Իմ կարգիս, գոնէ ես շօշափեցի այդ մէկը, ինչ որ մեծ ու պարծենալի նուաճում է բոլորիս համար՝ անկախ մեր հաւաքական առաքելութեան արդարացիութենէն կամ մեր մարդկային համակարգի արմատներէն ու ծառայութենէն։

Ինչպէ՞ս հասանք այդ նուաճման եւ ի՞նչն է արեւմտեան քաղաքակրթութեան դերը անոր մէջ․ սերտելի նիւթ է: Փաստը այն է, որ մարդ անհատը Գանատայի եւ Սկանտինաւիայի մէջ աւելի յարգուած է եւ պաշտպանուած՝ քան ուրիշ երկիրներու մէջ, իսկ այս մէկը մեզի կը յուշէ, որ բազմաթիւ երկիրներ այս առաքելութեան մէջ աւելիով ձախողած են, պատճառ դառնալով ժողովուրդի թշուառութեան, ինչքան ալ ըլլան կրօնական, դաւադրական ու գաղութատիրական պատճառներ։ Երկիր մոլորակը, այո, զարգացումի ահռելի տարբերութիւններու մէջ էր եւ է, բայց, միեւնոյն ատեն այդ չի նսեմացներ, օրինակ, Գանատայի ու Սկանտինաւիայի նուաճումները:

Աներկբայ է, որ մարդս իբրեւ անձ աւելի անհատականացած եւ անկախ է ներկայ դարուն մէջ՝ համաշխարհայնացման պատճառով: Մարդուն ազգային ու քաղաքացիական պատկանելիութիւնն ու ինքնութիւնը տեղ մը հաւասարակշռումի մէջ է՝ իր բարօրութեան ու լաւ ապրելու ձգտման հետ, որու հետեւանքով տեղի կ՚ունենան ահռելի քանակութեամբ մարդկային տեղաշարժեր ու գաղթեր. յատկապէս արեւելքէն արեւմուտք ու հարաւէն հիւսիս, կամ յետամնաց ու աղքատ երկիրներէն դէպի զարգացածներն ու հարուստները: Մարդկային չափանիշները աւելի համաշխարհայնացած են՝ անհատական ու հաւաքական հանգստաւէտութեան-անվտանգութեան, հոգեկան-մարմնային հաճոյքի փնտռտուքի տեսակէտէ ու մարդկութեան մեծամասնութիւնը կը տանի դէպի արեւմուտք: Ասիկա փաստ ըլլալու կողքին կը բացայայտէ մեր դարու յատկանիշն ու կեանքի-ապրելակերպի գոնէ անհատական բնոյթը, որ հետապնդելի է ամէն մարդու կողմէ անխտիր եւ որ արեւմուտքի գերակայութեան ու յաղթանակի գործադրման եղանակի ապացոյցն է: Մարդիկ միշտ ալ ուզած են հարստանալ ու ըլլալ ուրախ, վայելել իրենց հարստութիւնը, իսկ հարստացման վայելումը աղքատ ու հարուստ երկիրներու մէջ տարբեր է, քանի ամենաանգիտակից ու անզգամ մարդ արարածն ալ բնազդօրէն եւընկերաբանութեան չափանիշով ուրախութեամբ չի կրնար ապրիլ (թէ՛ նիւթական եւ թէ բարոյական իմաստներով) աղքատ երկրի մը մէջ: Հարուստ ու զարգացած համադրոյթութիւնը պատմութեան մէջ շատ չէ կատարուած պետական մակարդակով, յարաբերաբար համատարած առումով, իսկ երբ արեւմտեան երկիրներուն մէջ գրեթէ յաղթահարուած է աղքատութիւնը եւ անհատ-քաղաքացիները ընդունելի բարւօք կեանքով կ՚ապրին, այդ շատ բան կը բառացուցէ թէ՛ անհատապէս մարդոց (ուր ալ ապրին անոնք) եւ թէ պետութիւններուն համար:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

•շարունակելի…

Երեւան

Շաբաթ, Յունիս 14, 2025