ՄՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ՎԱՐՔԵՐ ԵՒ ԺԱՄԱՆԱԿԻ ԵՐԵՒՈՅԹԸ

Գիտե՞նք արդեօք, թէ մեզ ի՛նչ կ՚ուրախացնէ եւ ի՛նչ կը տխրեցնէ։ Ի՞նչ յուզական վիճակներու ծանօթ ենք: Կրնա՞նք զայրանալ մէկու մը, որ չենք ճանչնար։ Ինչո՞ւ մեր նոր հանդիպած մարդու մը սովորական թուացող պահուածքը մեզ կ՚անհանգստացնէ: Ինչո՞ւ երբեմն կը մտածենք, որ որոշ մարդիկ մեր դէմ են, վատ մտածումներ ունին մեր մասին եւ թշնամական վարքագիծ կը դրսեւորեն միայն մեզ ջղայնացնելու համար:

Բազում բացասական մտածումներ եւ խնդրայարոյց վարքագիծ գոյութիւն ունին, որովհետեւ մարդիկ չեն կրնար ճիշդ ձեւաւորել իրենց կապը անցեալի եւ ապագայի հետ: Ժամանակի «անցեալ եւ ապագայ» ընկալումը նաեւ երկկողմանի ազդեցութիւն կը ստեղծէ՝ համեմատութիւն եւ դատողութիւն: Բազում մարդիկ կը պնդեն, թէ իրականութեան մէջ ժամանակի հարթութեան վրայ բացասական ընկալումները վերացնելու ամենաարդիւնաւէտ միջոցը ներկայ պահը լիարժէքօրէն ապրիլն է։

Ժամանակի տարակերպութեան մէջ յայտնուած մարդը նախ իր անցեալի կեանքի փոքրիկ մէկ պահը կը բերէ ներկային՝ առանց այդ մէկը մեծ խնդիր դարձնելու։ Որովհետեւ ներկայի բացասականը անցեալի հետ հաշուի նստիլ կը պահանջէ։ Այսինքն խնդրայարոյց միջավայրի մը մէջ իյնալը կրնայ պայմանաւորուած ըլլալ ո՛չ թէ այսօրուայ պահով, այլ՝ աւելի վաղ ժամանակով:

Ժամանակի երեւոյթի «ապագայ» շրջանին կը ստեղծուին երազներ, ակնկալութիւններ, խորհուրդներ, երեւակայութենէ դուրս երեւակայութիւններ…

Ապագան այն երեւակայական աշխարհն է, ուր մենք մեզ կը տեսնենք այնպէս, ինչպէս որ ենք, բայց միեւնոյն ժամանակ կը կառուցենք իրականութեան դաշտ մը, որ ոչ ոք գիտէ, որու մասին հաճոյքով կը մտածենք կամ կ՚անհանգստանանք… Կան ինքնավստահութիւն խթանող խոստումներ, ինչպէս նաեւ վախ՝ փորձելով յետաձգել գալիքները որոշ սնահաւատ ծէսերով: Բայց, ցաւօք, ապագան անպայման կու գայ…

Մարդը կրնայ նախընտրել ստեղծել ապագայ մը՝ միայն ըսելու համար, թէ պատահածները ակնյայտ էին, այդ բոլորը անխուսափելի էին՝ բառին բուն իմաստով սեփական ձեռքերով բացասական պայմաններ ստեղծելով։ Թէեւ սա տարօրինակ կրնայ թուիլ, սակայն չենք կրնար անտեսել այն մարդիկ, որոնք հաճոյք կը ստանան նման իրավիճակներէն։ Նման ըմբռնումը կրնայ ըլլալ ինքնավնասման ձեւ՝ ուրիշին դաս տալու համար:

Ժամանակի երեւոյթը ճիշդ չընկալող անհատի համար կը սկսի ձեւաւորուիլ կանոններու միասնական ծրար մը։ Յետոյ գործի կը դրուի այն, թէ ան ինչպէս կ՚ընդունի ինքզինք, իր ակնկալիքները, արդարացումները, նախապաշարումները, վերջին շրջանի վերաբերմունքը… Անոր ինքնաընկալումն ու արժէքային չափումը կը սկսին փոխուիլ, ան կը սկսի հետեւութիւններ ընել եւ խաղալ նոյն բեմագրութիւնները, որոնք իր կարծիքով իրական են։ Աւելի վերջ կը կառուցէ կեանք մը՝ փորձելով այս յորձանուտի մէջ ներքաշել ո՛չ միայն ինքզինք, այլեւ իր շրջապատը։

Այս ամբողջ յոռետեսական պատկերը կրնայ յանգեցնել, որ անոնք կեանքը չվայելեն, որեւէ մէկու համար ոչինչ ընեն եւ ի վերջոյ խուսափող մարդ դառնան։

Մենք մեզի վերագրած որոշ հասկացութիւններ կրնան մեր ինքնարժէքի ընկալումները տակնուվրայ ընել։ Սկիզբին բոլոր մարդիկ կը ծնին բարի նպատակներով: Այս մտադրութեան համահունչ ընթացող մարդոց վարքագիծը կը բարձրացնէ իրենց ինքնագնահատականը: Բայց հակառակ պարագային կը պատահին մեր վերի նշածները…

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 14, 2025