ԻՐԱՆԻ ՄԵԾ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ, ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԾՈՑԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒՆ ՄԱՏՆՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿԸ ԵՒ ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԱՊԱԳԱՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի Իրանի դէմ մեծ պատերազմը եւ Արաբական ծոցի երկիրներուն մատնուած կացութիւնը կը մեկնաբանուի շարք մը առանցքներու շուրջ՝ գաղափարական պայքարէ սկսեալ մինչեւ տնտեսական ընդհանրութիւն։ Իրանի նորընտիր կրօնապետ Միւճթեպա Խամանէյի առաջին պատգամներն ալ մեծ հարցականներու դուռ կը բանան։ Իրանի դէմ սանձազերծուած պատերազմի երկրորդ շաբթուան աւարտին Այեթուլլահ Միւճթեպա Խամանէյի հանրութեն հետ չշփուիլը եւ անոր առողջական վիճակին մասին շրջանառած հակասական լուրերը կասկածներու ծնունդ տուին։ Յամենայնդէպս, այժմ պարագան աւելի յստակ է։
Նոր կրօնապետի հրապարակած առաջին պատգամը ուղղուած էր Իրանի ժողովուրդին, զինուած ուժերուն, «դիմադրութեան առանցք»ին եւ տարածաշրջանի պետութիւններուն։ Ան շեշտեց, որ Իրանի ուժին հիմնական աղբիւրը ժողովուրդի միասնականութիւնն է։ Խամանէյ կոչ ուղղեց՝ վստահիլ Աստուծոյ, պահպանել ազգային միասնութիւնը, շարունակել ներկայութիւնը հասարակական եւ քաղաքական կեանքին մէջ, նաեւ օգնել պատերազմի հետեւանքով տուժած քաղաքացիներուն։ Իրանի զինեալ ուժերուն ուղղուած բաժնին մէջ ան ընդգծեց, որ պէտք է շարունակուի Հիւրմիւզի նեղուցի փակումը։ Ըստ իրեն՝ Իրան կրնայ նաեւ այլ ռազմաճակատներ բանալ, եթէ պատերազմը շարունակուի։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց «դիմադրութեան առանցք»ի ուժերուն՝ մասնաւորապէս Լիբանանի «Հիզպուլլահ»ին, Եմէնի զօրքերուն եւ Իրաքի դիմադրութեան խմբաւորումներուն, որոնք աջակցած են Իրանի եւ Կազզէի պայքարին։
Խամանէյ նաեւ շեշտեց, որ Իրան պիտի լուծէ նահատակներու արեան վրէժը։ Տարածաշրջանի որոշ պետութիւններուն ուղղեալ բաժնին մէջ ալ ան զգուշացուց, որ եթէ անոնց տարածքի ամերիկեան կամ այլ օտար ռազմակայանները օգտագործուին Իրանի դէմ, ապա Իրան պիտի շարունակէ թիրախաւորել զանոնք։
Ընդհանուր առմամբ, այս առաջին պատգամը ցոյց կու տայ, որ նոր առաջնորդը կը փորձէ շարունակել իր հօր քաղաքական ու ռազմավարական ուղղութիւնը՝ պահպանելով կոշտ դիրքորոշում Իսրայէլի եւ ԱՄՆ-ի դէմ, շարունակելով աջակցութիւնը «դիմադրութեան առանցք»ին եւ օգտագործելով Հիւրմիւզի նեղուցի հարցը՝ որպէս ճնշման կարեւոր միջոց։
Այս պահու դրուեթամբ պատերազմի բուն միջուկն է՝ Արաբական ծոցի խաղաղ ջուրերը։ Արդարեւ, Իրանի մէջ ստեղծուած իրադրութեան առընթեր, շատ կարեւոր է անդրադառնալ Արաբական ծոցի երկիրներու ընդհանուր իրավիճակին։ Ազդեցութեան տեսակէտէ արդէն գաղտնիք չէ, որ Իրանի որոշումը՝ ծանրօրէն խառնելով Արաբական ծոցի ընդհանուր ջուրերը, կը խօսի ո՛չ միայն կարեւոր նշանակէտի մը, այլեւ որոշիչ ուժերու ազդեցութեան գօտիէն ներս տեղի ունեցած բեկման փորձի մը մասին։
Ամէն պարագայի, Ծոցի երկիրներուն մասին յաճախ կայ այն միտումը, թէ անոնք անշարժ ու անփոփոխ համակարգեր են։ Իրականութեան մէջ, անոնք ամրապնդուած են հսկայական հարստութեամբ, բացարձակ միապետական վարչակարգերով եւ ԱՄՆ-ի հետ խոր տնտեսական ու զինուորական կապերով։ Վերջին շաբթուան ընթացքին Իրանի դէմ ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի օդային հարուածները եւ Իրանի հակահարուածները նոր լոյսի մը տակ բերին, թէ այդ երկիրները ինչքա՞ն կ՚արտահանեն (նաւթ եւ կազ) եւ ի՞նչ կը ներմուծեն (հարկէ խուսափողներ եւ աշխատուժ)։ Սակայն, համաշխարհային տնտեսութեան ուժանիւթի մատակարարման առկայ դժուարութիւններուն մասին մտածելէ անդին եւ պատերազմական գօտիներու ազդեցիկ անձերու վրայ «ծիծաղելէ» զատ՝ հարկ է յիշել, թէ ներկայ բախումները ամբողջ տարածաշրջանին համար խոր հետեւանքներ պիտի ունենան։ Խնդիրը միայն ԱՄՆ-ին, Իսրայէլին եւ Իրանին չի վերաբերիր։ Սա Միջին Արեւելքի բարդ եւ իրարու համընկնած քաղաքական համակարգին մասին է, որ աւելի փխրուն է՝ քան կ՚երեւի։
Վերջին տարիներուն տարածաշրջանը բազմաթիւ փոփոխութիւններ տեսած է, սակայն, յատկապէս՝ Ծոցի երեք երկիրներու՝ Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (ԱՄԷ) մեղմ, բայց, հետեւողական զարգացումը ամենէն նշանակալին եղած է։ Անոնք արագ կերպով կ՚իրականացնեն փոփոխութիւններ, որոնց ազդեցութիւնը կը զգացուի՝ Լիպիայէն մինչեւ Պաղեստին։ 7 հոկտեմբեր 2024 թուականի «Համաս»ի կատարած յարձակումը, որ շղթայական իրադարձութիւններու սկիզբ հանդիսացաւ, մասամբ կը կապուի անոր այն ձգտումին հետ, որով ան կը փորձէր կասեցնել Սէուտական Արաբիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացումը։ Այս գործընթացը յաջորդեց 2020 թուականի Աբրահամեան համաձայնագիրներու ստորագրութեան։ ԱՄԷ եւ այլ երկիրներ այդ փաստաթուղթերը ստորագրեցին Իսրայէլի հետ։ Այս երեք երկիրները տարբեր ուղիներով, երբեմն ալ իրարու դէմ հակասութեամբ, կը հետապնդեն համաշխարհային եւ տարածաշրջանային լայնածաւալ օրակարգեր։ Անոնք նաեւ շատ աւելի անորոշ վիճակի մէջ են՝ քան իրենց տասնամեակներ շարունակ տեւած ընտանեկան իշխանութիւնը։
Սէուտական Արաբիոյ պարագային ներսէն սկսած է ազատականացման գործընթաց մը, որ կ՚աղարտէ երկար տարիներու ընկերային եւ կրօնական աւանդութիւնները։ Քանի մը տարի առաջ երկիրը յայտնուած էր «մերժեալ պետութիւն» կոչուելու սպառնալիքին առջեւ՝ ԱՄՆ-ի նախկին նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ, լրագրող Ճեմալ Քաշըքճըի սպանութեան պատճառով, մինչ Եմէնի մէջ անոր ռմբակոծումները զէնքի վաճառքի արգիլման կոչերու կը յանգեցնէին։ Այդ ժամանակէն ի վեր թագաւորութեան գահաժառանգ Մուհամմէտ պին Սելման երկիրը վերածած է բացօթեայ խրախճանքներու, նորաձեւութեան ցուցադրութիւններու եւ բարձր մակարդակի մարզական ձեռնարկներու կեդրոնի մը։ Այն երկիրը, որ երբեմնի իր հեղինակութիւնը կը ստանար սիւննի իսլամի կրօնական առաջնահերթութիւններով՝ իբրեւ իսլամի ամենասուրբ քաղաքին՝ Մեքքէի հիւրընկալը, այժմ կը փորձէ հասնիլ Քաթարին եւ ԱՄԷ-ին, որոնք մեծ ներդրումներ կատարած են իրենց երկիրները դարձնելու համար ելմտական, սպառման եւ զուարճանքի հրապուրիչ կեդրոններ։
Այս երեք պետութիւններուն որդեգրած շրջադարձը մեծապէս կախեալ է միջազգային այցելուներ ներգրաւելէ։ Իսկ, ասիկա, իր հերթին, կախեալ է պատերազմներու բացակայութենէն։ Ծոցի երկիրները փաստօրէն փորձած են աշխարհաքաղաքական լարուածութիւնները նուազեցնել՝ իրենց երկիրներուն կայունութիւնը երաշխաւորելու եւ զանոնք համաշխարհային հաղորդակցութեան կեդրոններ դարձնելու համար։ Չսադրել Իրանը, չգրգռել Իսրայէլը եւ ԱՄՆ-ը պահել՝ որպէս անվտանգութեան երաշխաւոր։ Սակայն, ընդամէնը մէկ շաբթուան ընթացքին, երբ Իրանի նոր հրթիռային եւ անօդաչու թռչող սարքերու յարձակումները հասան ԱՄԷ եւ Սէուտական Արաբիա, ապա այս ձեւաչափը խախտեցաւ։
Անցեալ տասնամեակին ԱՄԷ ներգրաւուած է ազդեցութեան ընդարձակման արիւնալի ծրագիրներու մէջ՝ Եմէնի, Լիպիոյ եւ Սուտանի պատերազմներուն ժամանակ հովանաւորելով դաշնակից ուժեր՝ ռազմավարական ազդեցութիւն եւ ոսկիով հարուստ շրջաններ ապահովելու նպատակով։ Այս ուղին վերջին ամիսներուն նոյնիսկ բախումի տարաւ Սէուտական Արաբիոյ հետ՝ Եմէնի մէջ Էմիրութիւններու աջակցութիւնը վայելող ուժերու յառաջխաղացին պատճառով։ Իսրայէլի հետ բնականոնացման գործընթացին մէջ ԱՄԷ հետեւողական ընթացք որդեգրեց՝ իբրեւ Աբրահամեան համաձայնագիրները ստորագրած միակ կարեւոր Ծոցի երկիրը՝ ազդարարելով, որ Պաղեստինի պետութեան ստեղծման պահանջներու նման սկզբունքային հարցերը առաջնահերթութիւն չեն իրեն համար։ Էմիրութիւնները գործարքային պետութիւն մըն է, որ ջերմեռանդօրէն ընդունած է նոր աշխարհակարգը՝ ուժի եւ դրամի գերակայութեան սկզբունքով եւ չունի Սէուտական Արաբիոյ կրօնական կամ մշակութային բեռը։
Միւս կողմէ, Քաթար կը գտնուի նուրբ եւ վտանգաւոր հաւասարակշռութեան մը մէջ։ 2017-ին, Սէուտական Արաբիան եւ ԱՄԷ շրջափակեցին զայն։ Այդ ժամանակէն ի վեր երկիրը կը փորձէ հաւասարակշռել Պաղեստինի դատին աջակցութիւնը՝ «Համաս»ի ղեկավարներ հիւրընկալելով եւ Կազզէին օժանդակութիւն ուղարկելով, միեւնոյն ժամանակ, հիւրընկալելով տարածաշրջանի ամենամեծ ամերիկեան ռազմակայանը եւ Իրանի հետ համագործակցելով Պարսից ծոցի կազի հանքավայրերուն շուրջ։ Այժմ այս բոլոր երկիրները քաղաքական վճռորոշ հանգրուաններու առջեւ կը գտնուին՝ իրարու միջեւ սուր մրցակցութեամբ։
Օդային տարածքներու փակումը, հեղուկ բնական կազի արտադրութեան դադրեցումը եւ նաւթի արտադրութեան հաւանական ընդհատումը, խաղաղութեան փլուզումը եւ պատերազմական սարսափները՝ հրթիռներու եւ անօդաչու սարքերու պայթիւններով, այնպիսի իրողութիւններ են, որոնք կարելի չէ պարզապէս «սպասելով» տանիլ։ Թէեւ այս պետութիւնները ուղղակի ռազմական գործողութիւններու մէջ ներգրաւուած չեն, սակայն, անոնք եւս պատերազմի մէջ են գործնականօրէն։ Ծախսերու մեծ մասը կարելի է հոգալ պետական հարստութեան միջոցներով, սակայն, աւելի դժուար է յաղթահարել անապահովութեան այն մթնոլորտը, որ կը տիրէ Ծոցի տարածաշրջանին մէջ։ Հարցը նախ տեւողութեան մասին է։ Որքա՞ն ժամանակ կրնայ տարածաշրջանը դիմանալ պատերազմի հետեւանքներուն, երբ նոյնիսկ խմելու ջուրը՝ որ մեծ մասամբ կ՚արտադրուի ուժանիւթ պահանջող աղազերծման կայաններու միջոցաւ, կրնայ վտանգուիլ։ Երկրորդ՝ պատերազմը աւելի յստակօրէն ցոյց տուաւ, թէ այս երկիրները, կամայ թէ ակամայ, ներգրաւուած են ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի տարածաշրջանային գերիշխանութեան օրակարգին։ Որքան երկար տեւէ առկայ վիճակը, այնքան դժուար կ՚ըլլայ ղեկավարներուն համար պահպանել ինքնիշխանութեան եւ վերահսկողութեան պատրանքը։ Տնտեսական ցնցումները կրնան խորացնել Էմիրութիւններու ձգտումը՝ Ափրիկէի մէջ պատերազմներ խթանելու՝ հում նիւթեր ապահովելու նպատակով։ Կայ նաեւ վտանգ, թէ Ծոցի պետութիւններուն միջեւ սուր տարաձայնութիւններ ծագին՝ ԱՄՆ-Իսրայէլ ռազմավարութիւններուն աջակցութեան սահմաններուն շուրջ։ Նաեւ սպառնալիք կայ, որ Իրանի անկայունութիւնը տարածուի դէպի անոնց սահմանները։ Այս բոլորի հետեւանքով Ծոցի պետութիւնները արագ կերպով կրնան կորսնցնեն տարիներու ընթացքին կուտակուած քաղաքական եւ տնտեսական հարստութիւնը։
Այս երկիրները միայն ուժանիւթի մատակարարներ չեն. անոնք մարդկային հասարակութիւններ են, որոնք կարելի չէ ներկայացնել՝ որպէս պարզապէս հարստութեան բախտաւոր պահապաններ։ Ինչպէս Էտուըրտ Սայիտ գրած է. «Արեւմուտքը յաճախ կը կարծէ, թէ ինք իրաւունք ունի աշխարհի մեծամասնութեան պաշարները սպառելու, որովհետեւ ինք «իրական մարդ» է, ի տարբերութիւն Արեւելքի ժողովուրդներուն»։
ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի մօտեցումներուն մէջ այս մտածելակերպը խոր արմատներ ունի։ Իսկ երբ պատերազմը աւարտի եւ Տանըլտ Թրամփն ու Պենիամին Նեթանիյահուն անցնին իրենց յաջորդ ճգնաժամերուն, ապա տարածաշրջանը պիտի գտնուի վերաձեւուած քարտէսի մը առջեւ՝ նոր թշնամանքներով, մրցակցութիւններով եւ անվտանգային բարդ հետեւանքներով, որոնց բեռը պիտի կրեն ժողովուրդները՝ իրենց սերունդներով միասին։
Այս ամբողջ պատկերը մէկ կարեւոր ճշմարտութիւն կը ցոլացնէ. Մերձաւոր Արեւելքը կը մտնէ նոր անցումային փուլ մը, ուր հին հաւասարակշռութիւնները աստիճանաբար կը քանդուին, իսկ նորերը դեռ ամբողջութեամբ չեն ձեւաւորուած։ Իրանի ներքին անորոշութիւնը կրնայ արագացնել այս գործընթացը։ Սա միայն Իրանի ներքին հարցը չէ։ Իրան տարածաշրջանի հիմնական աշխարհաքաղաքական առանցքներէն մէկն է եւ անոր ներսի ամենափոքր ցնցումն իսկ անմիջապէս կը տարածուի ամբողջ տարածաշրջանին վրայ՝ Պաղեստինէն մինչեւ Իրաք, Լիբանանէն մինչեւ Արաբական ծոց։ Այդ պատճառով ալ ներկայ լարուածութիւնը աստիճանաբար կը վերածուի ո՛չ միայն ռազմական բախումի, այլեւ տարածաշրջանային վերադասաւորման գործընթացի։
Ծոցի պետութիւնները երկար ժամանակ փորձեցին կառուցել այնպիսի մոտել մը, ուր տնտեսական ազատութիւնը, միջազգային ներդրումները եւ քաղաքական զգուշաւորութիւնը պիտի ապահովէին իրենց կայունութիւնը։ Սակայն, վերջին զարգացումները ցոյց կու տան, որ այդ ձեւաչափը խոցելի է աշխարհաքաղաքական մեծ բախումներու դիմաց։ Նաւթի եւ կազի հսկայական հարստութիւնը կրնայ մեղմել տնտեսական ցնցումները, բայց, չի կրնար ամբողջովին պաշտպանել այդ պետութիւնները այն անվտանգային եւ քաղաքական ճնշումներէն, որոնք կը ծագին մեծ ուժերու մրցակցութենէն։
Այս իմաստով, առկայ պատերազմական մթնոլորտը կը բացայայտէ նաեւ ուրիշ իրականութիւն մը. Մերձաւոր Արեւելքի քարտէսը միայն պետութիւններու սահմաններով չէ որոշուած, այլեւ ազդեցութեան գօտիներով, տնտեսական ուղիներով եւ ռազմավարական դաշինքներով։ Երբ այս բոլոր գործօնները միաժամանակ կը շարժին, ապա ամբողջ տարածաշրջանը կը մտնէ երկարատեւ անորոշութեան մը շրջանը։
Հետեւաբար, ներկայ իրադարձութիւնները կարելի չէ դիտարկել՝ որպէս առանձին ճգնաժամեր։ Անոնք մասն են մէկ մեծ գործընթացի, որով տարածաշրջանը կը վերաձեւուի՝ ուժերու նոր դասաւորումով, նոր մրցակցութիւններով եւ երբեմն նաեւ նոր հակամարտութիւններով։ Իսկ այս փոփոխութիւններուն իրական գինը, ինչպէս պատմութիւնը բազմիցս ցոյց տուած է, ամենաշատը կը վճարեն ժողովուրդները։ Ներկայիս հիմնական հարցը այլեւս միայն այն չէ, թէ ո՞վ պիտի շահի այս «բախում»էն։ Իրական հարցը այն է, թէ արդեօք Մերձաւոր Արեւելքը պիտի կարենա՞յ դուրս գալ այս շրջափակումէն՝ նոր հաւասարակշռութիւն մը ստեղծելով, թէ ոչ տարածաշրջանը պիտի մտնէ երկարատեւ մրցակցութիւններու եւ անկայունութեան ժամանկաշրջան մը, ուր խաղաղութիւնը կը դառնայ հազուագիւտ եւ խոցելի երեւոյթ մը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան