ՈՂՋՈ՜ՅՆ ՅՈԲԵԼԵԱՐ ՍՐԲԱԶԱՆԻՆ

Գերշ. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի քահանայական ձեռնադրութեան յիսնամեայ յոբելեանը կ՚ողջունենք յուզումնախառն զգացումներով։ Այս յոբելեանը ուրախառիթ է բոլոր անոնց համար, որոնք Նորին Սրբազնութիւնը ճանչցած են մօտէն, վկայած են մարդկային առաքինութիւններուն եւ ականատեսը դարձած՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս անոր ծառայասիրութեան ու նուիրումին։ Միեւնոյն ժամանակ, այս յոբելեանը յուզիչ է՝ քանի Նորին Սրբազնութեան քահանայագործութեան կէս դարու լրացումը կ՚ենթադրէ, որ ան թեւակոխած է իր կեանքի հասունութեան շրջանը, փորձառութեան գագաթնակէտին է, ինչ որ բոլոր կոչումներու կամ ասպարէզներու պարագային ֆիզիքական դանդաղեցման հակադրուած գլխաւոր գործօնը կը դառնայ։

Գերշ. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կեանքի ոդիսականը սկսած է գաւառէն, խաչաձեւուած է Սուրբ Երուսաղէմի հետ եւ, ի վերջոյ, վերջին տասնամեակներուն նոյնացած Պոլսոյ հետ։ Ան իւրաքանչիւր քայլափոխին պատրաստ եղած է նոր պատասխանատուութիւններու, նոր գիտելիքներու, նոր յարաբերութիւններու եւ նոր ձեռքբերումներու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կ՚առընչուի իր նկարագրի առանցքներուն հետ եւ մեզի կը ցոլացնէ այն պատկերը, որ մեր բոլորի աչքին առջեւն է այսօր։

Գերշ. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան տասնամեակներէ ի վեր եղած է իր ժողովուրդի, իր հօտի եւ մեր եկեղեցւոյ հարազատը, հաւատարիմը եւ համեստը։ Աստիճանի բարձրացումները, պաշտօնի փոփոխութիւնները եւ մարդոց կողմէ տրուած կամ սահմանուած ամէն ինչ թէեւ պատուով կրած է իր վրայ, բայց, չէ մոռցած, որ այդ բոլորը կ՚անցնին ու կ՚երթան, իսկ մնայունն է՝ Բարձրեալին առջեւ հանգիստ խիղճ ունենալն ու սեփական ժողովուրդին բաց ճակատով ներկայանալը։ Բարդոյթներէ, մեծամտութիւններէ հեռու, Նորին Սրբազնութիւնը միշտ եղած է Աստուծոյ խօսքին կրողը, երկնառաք շնորհներ բաշխողը եւ Տիրոջ Աւետարանի պատգամաբերը։ Մեր հաւաքական կեանքի խնդիրներուն ալ միտք յոգնեցուցած է այս նոյն մեկնակէտով։

Իսկապէս ողջունելի է Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տնօրինութիւնը, որով կը նշուի Գերշ. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի քահանայագործութեան յիսնամեակը. յոբելեան մը, որ կ՚ենթադրէ երախտագիտութիւն, հոգեւոր եղբայրներու միջեւ միութիւն, համայնքէն ներս սէր ու համերաշխութիւն, նաեւ յարգանք, որ շաղախն է այս բոլորին։ Որպէս պոլսահայեր՝ որքա՜ն հպարտ ենք, որ Նորին Սրբազնութեան կուրծքը կը զարդարուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Ս. Ղեւոնդ Երէց» շքանշանով՝ տնօրինութեամբ ազգիս Վեհափառ Հայրապետին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, որու Սրբատառ կոնդակին մէջ լաւագոյնս արժեւորուած է յոբելեար սրբազանի կեանքի ու ծառայութեան ուղին։

Յանուն արդարութեան, համոզուած ենք, թէ յոբելենական այս հանգրուանին մեր հաւաքական կեանքէն ներս պէտք է շնորհակալ ոգիով արձանագրուի Գերշ. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ անցեալ հինգ տասնամեակներուն տարուած աշխատանքին հանրագումարը։ Մարդկային գործօններով պայմանաւորուած հանգամանքներէ անդին՝ ան միշտ եղած է հետամուտ առաւելագոյնը ընելու, հնարաւոր առաւելագոյնին հասնելու։

Յոբելեանին առթիւ Նորին Սրբազնութեան կը մաղթենք արեւշատութիւն եւ կ՚աղօթենք, որ Բարձրեալը պոլսահայ իրականութիւնը չզրկէ իր իմաստութենէն եւ միշտ պատրաստակամ հօր կերպարէն։

ՆԱՏԻԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 13, 2026