ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԷՏՔ Է ԽՕՍԻՆՔ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ

ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆԸ

բ. Կենդանի ծէս

Մեր եկեղեցիին մէջ կենդանի ծիսակատարութիւն կայ, որ լիցքաւորուած է մտապէս, յուզականօրէն եւ հոգեւորապէս: Եկեղեցիէն ներս ծէսը դաւանանքի ամանն է, ո՛չ միայն ուսուցման բովանդակութեան առումով, որ եկեղեցին իւրաքանչիւր ծէսի միջոցով կը ներկայացնէ մեզի, այլ նաեւ որպէս յուզական, հոգեւոր եւ մտային արտայայտութիւն, այս ծէսին ունեցած ազդեցութեան մեր ներքին թէ արտաքին կեանքին վրայ…: Ծէսը եկեղեցական գրեթէ բոլոր վարդապետութիւններուն վերաբերեալ ուսուցանելու, արտայայտուելու, համտեսելու եւ յագենալու ուրախութիւն է. իբր այդ, անհրաժեշտ է առողջ դաւանանքը, սակայն առանց անուշադրութեան մատնելու առօրեայ կեանքի ուղղութեան կարեւորութիւնը՝ ներքնապէս եւ երեւութապէս:

Ծէսը, հետեւեաբար՝

1.- Աման մըն է, որ իր մէջ կը պարունակէ վարդապետութեան (դաւանանք) բովանդակութիւնն ու տեսքը:

2.- Մեր մէջ եղող կեանքին արտայայտութիւնն է:

3.- Դաւանաբանական, աստուածաբանական եւ վարուելակերպի ուսուցում է, ինչպէս նաեւ հրաւէր՝ ծառայութեան:

Մեր եկեղեցւոյ իւրաքանչիւր ծէս այս յատկութիւնները կը կրէ: Օրինակ՝ երբ Ս. Պատարագ կը մատուցենք… մենք Պատարագին մէջ կը տեսնենք դաւանանքն ու առողջ հաւատքը՝ Աստուծոյ ներկայութեան մէջ, որ «մարդուն անապականելի ստեղծեց»1, ապա մարդուն անկումն ու փրկագործութիւն, Ս. Հոգիին էջքը, ապա փրկագործութեան տարածումը Ս. Հաղորդութեան մէջ, ապա առողջ հաւատքը Յիսուս Քրիստոսի մէկ բնութեան մասին, որ երկու բնութիւններէ միացան «առանց խառնուելու եւ փոփոխուելու»2…:

Տակաւին, Ս. Պատարագը մեր մէջ եղող կեանքին արտայայտութիւնն է, «որովհետեւ մեզ բոլորս մաքրեց, Քեզի միացուց՝ սուրբ խորհուրդներուդ հաղորդումովը»3, «պարգեւէ մեզի վերին ծնունդը՝ ջուրէն ու Հոգիէն»4, «մեզ Ս. Հոգիիդ միջոցով մաքուր ըրէ»5:

Տակաւին, Ս. Պատարագը իր մանրակրկիտ ծիսակատարութիւններով, ուսուցանող դպրոց մըն է, սկսած քահանային շարժումներէն, հասնելով մամերուն, խունկին, խաչակնքումներուն, Հացին ու Գինին, Ս. Հոգիի էջքին, որմէ ետք քահանան կը դադրի ժողովուդրին խաչով խաչակնքելէ, քանի որ Էմմանուէլը արդէն մեր մէջ եղաւ, այդ պատճառով ալ քահանան դէպի ժողովուրդը կ՚երթայ, ինքզինք կը խաչակնքէ, ձգելով որ աստուածային Գառնուկը Ի՛նք օրհնէ ներկաները…: Բազմաթիւ գեղեցիկ մանրամասնութիւններ կան, եթէ ուշադրութիւն դարձնենք անոնց՝ շա՜տ բան պիտի սորվինք:

Այդ պատճառով ծառայողը պէտք է եկեղեցւոյ առօրեայ կեանքով ապրի, որպէս անդամ մը Տէր Յիսուսի մարմինին: Ուղղափառ քրիստոնեայ հաւատացեալը իրեն յատուկ կեանք մը ունի՝ եզակի առանձնայատկութիւններով, ինչպէս օրինակ.

ա.- Սաղմոսներու ամէնօրեայ աղօթքը. հայրերու (եկեղեցական) ժառանգութիւնը, նոր խնդրանքներ, ինքզինքին քարոզել (ինքզինք դաստիարակել), ամէն օր քրիստոնէական կարեւոր առիթներու միանալ, շարժուն եւ յուզիչ զգացումներ:

բ.- Նպատակաուղղուած աղօթքներ. օգնականութիւն եւ ողորմութիւն խնդրելու, ինչպէս որ եկեղեցւոյ հայրերը սորվեցուցին մեզի: Արդարեւ, Ս. Անտոնը իր աշակերտին ըսաւ, որ միշտ աղօթէ. «Տէր իմ Յիսուս Քրիստոս, ողորմէ ինծի: Տէր իմ Յիսուս Քրիստոս, օգնէ ինծի. ես կը փառեբանեմ Քեզ Տէր իմ Յիսուս Քրիստոս»:

գ.- Ամէնօրեայ ընթերցումներ. եկեղեցական առօրեայ օրացոյցին մէջ, իւրաքանչիւր Պատարագի ընթացքին ինն գլուխներ կան նուազագոյնը6:

դ.- Հայրերու վարք (Վարք Հարանաց). ամէնօրեայ յիշատակութիւն սուրբերու, եկեղեցական ժողովներու եւ հրաշքներու, որպէսզի անոնցմէ օրինակ վերցնենք:

ե.- Ամէնօրեայ փառաբանութիւն. Աստուածաշնչական բաժանումներով, աստուածաբանական խորքով եւ անմահական երաժշտութեամբ:

զ.- Սուրբ պահեցողութիւնները. չորեքշաբթի եւ ուրբաթ, այլեւ տարբեր պահեցողութիւններ, հասնելով Տիրոջ ծննդեան, խաչելութեան եւ յարութեան նախորդող պահեցողութիւններուն, առաջնորդ եւ տիպար ունենալով Ս. Կոյսը, առաքելական հայրերը եւ Նինուէացիները:

է.- Եկեղեցական առիթները. Ս. Զատիկը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին նուիրուած տօները:

ը.- Սուրբ տօները. Տէրունական եւ այլ տօները, որով անոնց ներգործութիւնը կը ստանանք մեր կեանքին մէջ:

թ.- Սուրբ Հաղորդութեան Խորհուրդը. հոգեւոր յագեցումի գագաթնակէտը՝ ամէնօրեայ պատարագներու ընդմէջէն:

ժ.- Եկեղեցւոյ հայրերը. մնայուն սերտողութիւն անոնց խօսքերուն, որպէսզի օգտուինք անոնցմէ մեր կեանքին ու ծառայութեան մէջ:

Այսպիսով, թէ՛ մենք եւ թէ մեր երիտասարդները ուղղափառ դաւանութեան ու կեանքի կրողներ կ՚ըլլանք եւ զԱստուած կը փառաբանենք, ամուր կերպով կ՚ընթանանք՝ առանց ծայրայեղութեան, բոլորը սիրելով՝ առանց զիջելու մեր ունեցած դաւանանքին ու սկզբունքներուն մէջ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 4

Վաղարաշապատ


1 Ղպտի եկեղեցւոյ Պատարագամատոյց:

2 Նոյն:

3 Նոյն:

4 Նոյն:

5 Նոյն:

6 Համաձայն Ղպտի եկեղեցւոյ օրացոյցին: Հայ Եկեղեցւոյ Աստուածաշնչական առօրեայ ընթերցումներու օրացոյցը երբ բանանք, այնտեղ եւս պիտի տեսնենք, որ իւրաքանչիւր օրուան համար ճշդուած Սուրբգրային ընթերցումներ կան, նուազագոյնը՝ Աստուածաշնչական երեք տարբեր գիրքերէ:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 11, 2025