ՇԻՆՈՒԹԻՒՆ ՄԱՄՈՒԼԻ ԹԵՐԹԵՐԷՆ

Երիտասարդութեան ծաղկման տարիներուն, երբ երկար մազերը կը ծածկէին մեր աչքերը, ամէն ինչ կը տեսնէինք: Եւ քայլերուն հետ, որոնք յաջորդեցին պայքարի ճանապարհին, որ հարուստ էր կանչերով, պոռթկումներով եւ քրտնած շապիկներով, կերած ժամանակ կը մտածէինք Լոմոմպայի1 եւ Ափրիկէն ազատագրելու մասին: Մեզմէ մէկը մինչ լուացքի տաշտին մէջ կը լոգնար՝ իր միտքը զբաղ էր այն արեամբ, որ պիտի լուար Պաղեստինի աղտին ամօթը, Ասիոյ եւ Ափրիկէի, ինչպէս նաեւ բոլոր վայրերու գաղութատիրութեան գարշանքը: Տարիներ ետք, երբ մեզմէ մէկը կը կարդար, թէ ինչպէս Լոմոմպան խոշտանգուեցաւ, չարչարուեցաւ ու անարգուեցաւ, միժամանակ կը մտածէր բակլայի ու սմբուկի արժէնքրուն մասին: Իսկ լոգցած ժամանակ երբ կը մտածէր թափած արեան՝ Լիբանանի, Հնդկաստանի ու Փիլիպեանի ջրհեղեղներուն, յանկարծ միտքը կը տարուէր օճառի եւ սրբիչներու արժէքին մասին տեղական շուկայէն ներս:

Արաբ քաղաքացիին միտքը տարուէ տարի գայթակղութիւններու ու փոփոխութիւններու ենթարկուեցաւ՝ գրաւուած Պաղեստինէն, Լատին Ամերիկայէն, Արեւելեան ու Արեւմտեան Ափրիկէէն…, ինչպէս նաեւ աշխարհի բոլոր ցամաքամասերէն դէպի իր «խոհանոցը», եւ միջազգային համագումարներն ու Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը ըսին անոր. «Դիրքաւորուէ աղի, բրինձի ու ոսպի տոպրակներուն ետեւը, դգալդ կրակարանիդ մէջ դիր, եւ յաւիտեան զգաստ վիճակի մէջ եղիր»:

Տակաւին, ամենայն քաղաքավարութեամբ հանեցին զինք բանաստեղծութեան, հեքիաթի, թատրոնի ու նկարչութեան էջերէն, փոխադրելով զինք ջուրի եւ ելեկտրականութեան ընկերութիւններ, ու ըսին անոր, թէ այնտեղ են քու բանաստեղծութիւնդ, թատրոնդ ու օփերադ:

Ան զայրացաւ ու խռովեցաւ, բարձրախօսներու ետեւէն պոռաց, հանրակառքին մէջ փսփսաց, սրճարաններուն մէջ կատակեց, ապա անցաւ իր պարտամուրհակներուն եւ մթերքի տետրակին՝ կարդաց ու ուսումնասիրեց: 

Թերթերն ու համաշխարհային ռատիոկայանները իրենց արդէն իսկ սովորութիւն դարձած քաղաքավարութեամբ ըսին իրեն, թէ իրադարձութիւններուն անիւը ներխուժած է տարածաշրջան, հեռացիր անոր առջեւէն եւ պատին փակիր: Այն էր, որ իր ճամբուն վրայ ճզմեց Լիբանանը, որ հազար կողմէ աջակիցներ ունէր, սակայն ո՛չ աչքը թարթեց եւ ոչ ալ պտուտակը, նաեւ պիտի չկանգնեցնէ զինք հանրակառքի մէջ փսփսուքը կամ սրճարանի մէջ եղած կատակը, կամ ամպիոնին ետեւէն բանաստեղծին յանդիմանութիւնը, կամ դերասանի մը դողը բեմին վրայ:

Իր անձնական առողջութիւնն ու ամէնօրեայ պայքարը ապրուստ, երթուղայինի եւ առողջութեան համար գումար ապահովելու, եւ ասոնց նման կարիքներ, գումարներ, որոնք իր սահմանափակ եկամուտին չեն համապատասխաներ, զինք հեռու վանած էին աշխարհի մէջ ուրիշ որեւէ մէկ բանէ: Բացի իր գրպանէն, այլեւս ո՛չ մէկ բանի մասին կը մտածէր, ատոր համար, նոյնիսկ եթէ ճամբուն վրայ կամ հանրակառքին մէջ դիւանագիտական պայուսակ մը գտնէ՝ որ իր մէջ ամբողջ տարածաշրջանին գաղտնիքները կը պարունակէ, ապա կը տատամսի նախքան զայն վերցնելը՝ վախնալով, որ «կռնակս ցաւէն փայլի» եւ ստիպուիմ բժիշկի երթալ: Որովհետեւ, այն օրէն ի վեր երբ բուժարանները մթերքի խանութներու վերածուեցան, ինք կը խուսափի որեւէ մէկ ախտով մը բռնուելով, մանաւանդ՝ «ջղային», որպէսզի անոնց ձեռքերուն մէջ չիյնայ: Ատոր համար, օրինակի համար, ան կը խնդրէ արաբական կառավարութիւններէն, որպէսզի շաբաթական կամ երկու շաբաթը մէկ պաշտօնական յայտարարութիւն մը տարածեն, ուր ներառուի այն երկիրներուն անունները, որոնց հետ պիտի կռուին կամ պիտի պայքարին այս ընթացքին ու զանոնք փակցնէ հանրակառքերուն վրայ, սինամեներու մուտքերուն եւ կառավարական կառոյցներու յայտարարութիւններու ցուցափեղկին վրայ, որպէսզի քաղաքացին նախապէս պատրաստուի նման իրավիճակի մը:

Ինչպէս նաեւ, կը խնդրուի նախապէս տեղեկացնել զինք նաւթ արտադրող երկիրներու յանձնախումբին եւ այդ նաւթը սպառող երկիրներու յանձնախումբին գումարելիք ժողովներու մասին, որպէսզի նիւթապէս պատրաստուի, քանի որ արդէն գիտէ, թէ այս երկու յանձնախումբերուն միջեւ ծագած որեւէ մէկ պայքարի հետեւանքները, բացի իր [արաբ քաղաքացիին] գլուխէն, ուրիշ տեղ պիտի ճթափին…: Եւ երբ արեւմտեան ռատիոկայանները սկսան հիմակուընէ նախագուշակել, թէ սպառող երկիրներուն նաւթի վնասները պիտի կազմեն 20 միլիառ տոլար՝ երբ եկող տարի արժէքը պիտի բարձրացնեն, ինք այլեւս նախապէս գիտէ, թէ այդ վնասին տեղը պիտի փոխհատուցուի կրկնապատիկօրէն իրեն նման միլիոնաւոր աղքատներու բերաններէն: Այս վիճակը իր մօտ այնքան խորացած է, որ նոյնիսկ սարսափած կը ցատկէ իւրաքանչիւր գումարուած համագումարի մը համար՝ աշխարհի ո՛ր անկիւնն ալ ըլլայ, եթէ նոյնիսկ այդ գումարման նիւթը ըլլային ուսումնասիրել թատրոնի խնդիրները եւ զարգացնել օփերան…:

Ասկէ բացի, ան ուրիշ որեւէ մէկ բան չ՚ուզեր, բացի զինք պաշտպանել արտաքին ու ներքին ագահութենէն, որպէսզի իմանայ ինչպէ՞ս դիմակայէ եկող ձմեռը: Ի միջի այլոց, կը խնդրուի գնահատանքով ու յարգանքով նայիլ փողոցի վրայ առուծախ ընողներուն եւ չհետապնդել զանոնք փողոցէ փողոց եւ թաղէ թաղ…, որովհետեւ եթէ անոնք չըլլային, ապա պաշտօնեաներուն մեծամասնութիւնը իրենց աշխատանքին պիտի երթային իրենց ներքին հագուստներով: Քաղաքացին նախապէս կ՚ամչնար այդ առուծախով զբաղուողներու կառքերուն մօտենալէ, իսկ հիմա, զայն գլուխն ի վար կը շրջէ՝ փնտռելով բան մը որ՝ իրեն, իր ընտանիքին եւ զաւակներուն կը յարմարի, առանց ամչնալու: Կ՚ամչնայ միայն մէկ բանէ. քառորդ դար ընկերվարական յոյսեր փայփայելէ ետք, դրամատիրութեան «հինցած»ները հագուելէ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ


1 Փաթրիք Էյմիրի Լոմոմպա, ծնած է 2 յուլիս 1925-ին եւ մահացած 17 յունուար 1961-ին: Քոնկոցի քաղաքական գործիչ եւ եւ ազատագրական շարժումի ղեկավար: Մասնագիտութեամբ լրագրող եղած է: 1960-ի յունիսին եղած է Քոնկոյի Հանրապետութեան վարչապետ եւ պայքար մղած է երկրէն ներս անջատողական շարժումին եւ պելժիական գաղութատիրութեան ներկայացուցիչներու զինուած յարձակումներուն դէմ: Նոյն թուականի սեպտեմբերին հեռացուած է իշխանութենէն, ձերբակալուած ու տարուած է Քաթանքա, ուր եւ սպաննուած է: 1966 թուականին պաշտօնապէս հռչակուած է որպէս ազգային հերոս: 2002 թուականին Պելժիոյ կառավարութիւնը պաշտօնապէս ներողութիւն խնդրած է Լոմոմպայի սպանութեան գործին մէջ իր մասնակցութեան համար:

Չորեքշաբթի, Մարտ 11, 2026