ԱԿՆԱՐԿ - 125 - ԲՈԼՈՐԸ ԿԸ ԽՕՍԻՆ…
Հայ ժողովուրդին ներկայ վիճակը՝ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի մէջ կարելի է վերնագրել այսպէս. «Բոլորը կը խօսին…», եւ վերնագիրին որպէս պատասխան կարելի է ըսել. «Բայց զիրար չեն լսեր…»:
Պահ մը եթէ թերթատենք հայկական մամուլը, եթէ հետեւինք լրատուական կայքերու հաղորդումներուն, եթէ նայինք Հայաստանի իշխանաւորներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ սփիւռքի պատասխանատու մարդոց գրառումներուն, աշխարհիկ ըլլան թէ հոգեւորական, ապա պիտի տեսնենք, որ բոլորը կը խօսին, բոլորը կը գրեն, առանց զիրար լսելու, կամ առանց իրարու գրածը կարդալու:
Երանի՜ միայն սովորական խօսք ըլլար. ցաւօք այդպէս չէ, որովհետեւ ամէն կարմիր գիծերը հատուած են, պարտ ու պատշաճութեան բոլոր սահմանները ոտնահարուած են, եւ որու միտքէն ի՛նչ կ՚անցնի՝ առանց մտածելու, դուրս կու տայ, վիրաւորելով, նուաստացնելով, անարգելով եւ այլն:
Այս բոլորը կը խօսին մէ՛կ բանի մասին, որ մենք խօսքի նկատմամբ, իւրաքանչիւրս ինքն իր խօսքին նկատմամբ հաւատք չունի, աւելին, գիտակցութիւնը չունին, որ խօսքը ուժ է եւ զայն պէտք չէ յումպէտս վատնել, աջ ու ձախ վիրաւորելով:
Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն մասին չե՛մ գրեր, որովհետեւ անոնց վարքագիծը կը համապատասխանէ իրենց եկած տեղին՝ փողոցին, այնպէս որ զարմանալ պէտք չէ անոնց անկրթութեան եւ լկտիութեան վրայ. այդ մարդիկ իրենց բնաւորութեամբ է, որ կ՚արտայայտուին: Զարմանալին որոշ հոգեւորականներու, մշակութային գործիչներու եւ չէզոք քաղաքագէտներու պահուածքն է, ըլլայ խօսելու կամ գրելու մէջ: Այս մարդիկ պէտք է իրենց բարձրութեան վրայ մնան, առանց տարուելու գործող իշխանութիւններու լարած թակարդներէն, որովհետեւ իրենց նպատակն ալ ա՛յդ է, բոլորը իջեցնել իրենց մակարդակին, բոլորը տանիլ փողոց, այդպիսով կազմաքանդելով հզօր ու անկախ Հայաստան ունենալու բոլոր հնարաւորութիւնները: Պէտք չէ ներքաշուիլ անոնց ապազգային խաղին մէջ:
Վերը ըսի, թէ խօսքը ուժ է, զօրութիւն է: Ես աւելին պիտի չգրեմ այստեղ, այլ տարբեր ժամանակներու ապրող մարդոց մտածումներէն փունջ մը պիտի ներկայացնեմ մեր ընթերցողներուն: Այսպէս.
Սողոմոն իմաստուն կը գրէ.
- Կեանքն ու մահը լեզուի ձեռքն են, անոնք որ զայն կը սիրեն, անոր պտուղը կ՚ուտեն (Առակաց 18:21):
Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կը գրէ.
- Աստուած իմ, ինծի խօսք տուր, որ բարութիւն բերէ:
Սոկրատ կը գրէ.
- Խօսի՛ր, որ տեսնեմ թէ ո՞վ ես:
Մարկ Թուէյն կը գրէ.
- Բարկութիւնը, որ բառերով կ՚արտայայտուի, կրնար շատ կարճ ու հեշտ ըլլալ, բայց ատոր արձագանգը յաւերժ է:
Ճորճ Օրուէլ կը գրէ.
- Լեզուն կրնայ ծածկել ճշմարտութիւնը, բայց կրնայ նաեւ բացայայտել զայն:
Մահաթմա Կանտի կը գրէ.
- Խօսքերն ու միտքերը կրնան աշխարհը փոխել:
Լաու Թսու կը գրէ.
- Բարի խօսքերը կրնան կարճ ըլլալ, բայց ատոնց արձագանգը երկար կը հնչէ:
Նափոլէոն Հիլլ կը գրէ.
- Միտքերը բառերու միջոցով ձեւ կը ստանան, իսկ բառերը արարքներու կը վերածուին:
Յովհաննէս Թումանեան կը գրէ.
- Խօսքը մարդուն հայելին է:
Պարոյր Սեւակ կը գրէ.
- Խօսքը, եթէ ճշմարիտ չէ, սուտէն աւելի վատ կը դառնայ:
Սիլվա Կապուտիկեան կը գրէ.
- Մի՛ խօսիր, եթէ խօսքդ ցաւ կու տայ, եւ խօսէ՛, երբ լռութիւնդ ցաւ կու տայ:
Աւետիք Իսահակեան կը գրէ.
- Երբեմն մէկ բառը կրնայ աշխարհը աւերել, երբեմն ալ՝ կեանք փրկել:
Հայկական առած մը կայ, որ կ՚ըսէ.
- Խօսքը կրակ է, եթէ լեզուդ չզսպես, տունդ կ՚այրէ:
Էլիանոր Ռուզվելթ կը գրէ.
- Մեծ միտքերը գաղափարներու մասին կը խօսին, միջինները՝ իրադարձութիւններու, փոքրերը՝ մարդոց:
Լեզուի, խօսքի զօրութեան մասին պատում մը կայ, որ շատ հետաքրքրական է:
Այսպէս, թագաւոր մը կը հրամայէ իր ծառային, որպէսզի աշխարհի ամենէն լաւ եւ ամենէն վատ բաները բերէ իրեն համար: Ծառան երկու պատուէրներուն համար ալ ամաններու մէջ լեզու դնելով կը բերէ իր տիրոջ: Թագաւորը կը զարմանայ եւ ծառան կանչելով կը յիշեցնէ անոր, թէ իրմէ ամենալաւ եւ ամենավատ բաները խնդրած էր: Ծառան կը պատասխանէ.
-Տէր իմ, արքայ, երբ լեզուն ճիշդ ու լաւ կը գործածուի՝ ընկերութիւն, սէր եւ խաղաղութիւն կը բերէ: Եւ այս բաներն են աշխարհի ամենէն լաւ բաները: Հակառակ պարագային, երբ մարդ իր լեզուն չարութեամբ գործածէ՝ պատերազմ, ատելութիւն, թշնամութիւն եւ մահ կը բերէ, որ աշխարհի ամենէն վատ բաներն են:
Հնդկական գրականութեան մէջ խօսքի զօրութեան մասին հետեւեալ պատումը կայ:
- Վանական մը իր աշակերտներէն մէկուն կ՚ըսէ, թէ իր ըսած վիրաւորական խօսքերուն համար պէտք է ներում խնդրէ: Աշակերտը կը հարցնէ. ինչո՞ւ, այս խօսքը անցեալ չէ՞ այլեւս:
Վանականը կը պատասխանէ.
-Վնասը, որ խօսքը կը գործէ, օդին մէջ կախուած փետուրի նման է, կրնաս ներողութիւն խնդրել, բայց քամիին տարածած փետուրները չե՛ս կրնար ետ հաւաքել:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
7 յուլիս 2025, Վաղարշապատ