ԱԿՆԱՐԿ - 112 - ԼՈՒՌ ԿԱՄ ՅՈՒԶԱԿԱՆ ԱՄՈՒՍՆԱԼՈՒԾՈՒԹԻՒՆ

Վերջին մէկ-երկու տասնամեակներուն ամուսնալուծութիւնը կարծէք սովորական երեւոյթի մը վերածուած է, որովհետեւ ամուսնութիւնը երկու կողմերուն իրերհասկացողութենէն աւելի երկու կողմերու միջեւ կնքուած պայմանագիրի մը վերածուած է, որ շատ յաճախ տարբեր չէ աշխատանքային որեւէ մէկ պայմանագիրէ:

Այսօր, այդ մասին չէ որ կ՚ուզեմ անդրադառնալ, այլ՝ մեր սիրելի ընթերցողներուն պիտի ներկայացնեմ թարգմանաբար գրութիւն մը, ուր կը խօսուի լուռ կամ յուզական ամուսնալուծութիւններու մասին: Լուռ կամ յուզական ամուսնալուծութիւնը շատ աւելի վտանգաւոր է քան իրական ամուսնալուծութիւնը: Լուռ կամ յուզական ամունալուծութիւնը այր ու կնոջ ամուսնացած վիճակով ամուսնալուծուած ըլլալուն հանգամանքն է, որով այր եւ կնոջ միջեւ իրական ամուսիններ ըլլալու բոլոր կապերը խզուած կ՚ըլլան, սակայն կը շարունակեն ապրիլ մէկ յարկի տակ՝ իրարու համար օտարացած: Բնականաբար, նման մթնոլորտի մը մէջ ամենէն ծանր եւ մեծ վնասը կը կրեն զաւակները, որոնք այդ անառողջ մթնոլորտին մէջ մեծնալով, հոգեբանական բարդութիւններով կը մեծնան, հասակ կ՚առնեն, որ մինչեւ իրենց կեանքին վերջը կը կրեն:

Գրութեան վերնագիրը «Լուռ կամ յուզական ամուսնալուծութիւն» է: Գրութեան հեղինակն է թունուզցի Սամի Նասըր, որ ընկերաբանութեան տոքթոր է:

Լուռ ամուսնալուծութիւնը, հոգեբանական վիճակ մըն է, որ ամուսիններէն մէկը, կամ երկուքը իրարու նկատմամաբ կ՚ունենան ժխտական զգացումներ, որոնք պատճառ կը դառնան չկարենալու զիրար հասկնալ՝ մտապէս, հոգեպէս եւ մարմնապէս (հաղորդակցութեան եւ ընկերային փոխազդեցութեան բացակայութիւն), եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը կ՚առանձնանայ մտային, հոգեբանական եւ ընկերային յատուկ կեանքով ապրելու, որով ամուսնութիւնը որպէս երեւոյթ կը շարունակուի, բայց անոր բովանդակութիւնը կը վերջանայ, կը սպառի:

Ամուսիններուն միջեւ լուռ բաժանումը կամ յուզական բաժանումը մեր ընկերութեան մէջ գոյութիւն ունեցող իրականութիւն մըն է: Հակառակ անոր ունեցած մեծ վտանգին՝ ընտանեկան կեանքին վրայ, սակայն շարքին է այն նիւթերուն, որոնց մասին չի՛ բարձրաձայնուիր: Երեւոյթներ, որոնք կ՚ապրինք, ցաւ կը կրենք անոնցմէ, բայց չենք յայտներ, չենք խօսիր անոնց մասին:

Ամուսնութիւնը կը շարունակուի ամուսիններուն միջեւ, սակայն անոնցմէ իւրաքանչիւրը միւսէն առանձին կ՚ապրի, եւ իրարու հետ չեն միատեղուիր բացի պաշտօնական եւ ընկերային հաւաքներու ժամանակ, վախնալով ամուսնալուծուած մակդիրէն, մանաւանդ եթէ զաւակներ ալ ունին: Ասոր արդիւնքը սակայն ամուսնալուծութիւն մըն է, որու մէջ ամուսնական կապը կը շարունակուի մարդոց դիմաց, սակայն ամուսիններուն յատուկ կեանքին մէջ այդ կապը գրեթէ կտրուած է:

Լուռ ամուսնալուծութիւնը անպաշտօն դադրեցումն է ամուսնութեան: Ամուսիններուն միջեւ հաղորդակցութիւն, խօսակցութիւն չկայ, ինչպէս նաեւ ամուսնական յարաբերութիւն չկայ՝ ինչ բանը կը նպաստէ սիրալիրութեան աճին եւ սիրտերուն իրարու մօտենալուն: Զգացմունքներու պղտորում կը յառաջանայ, այն աստիճան, որ որոշ պարագաներու նոյնիսկ նախանձը կը բացակայի մէկ կամ երկու կողմերուն մօտ:

Ինչո՞ւ համար լուռ ամուսնալուծութիւն կոչւած է:

Լուռը այստեղ երկու իմաստ ունի, որ կ՚ընկերանայ այս տեսակի ամուսնալուծութեան:

Առաջին իմաստով այն է, որ երկխօսութիւնն ու հաղորդակցութիւնը կը բացակային երկու կողմերուն մէջ, կամ ինչպէս ամուսնական յարաբերութիւններու որոշ մասնագէտներ կը կոչեն՝ «համրութեան երեւոյթ», որ այս տեսակի ամուսնալուծութեան ամենէն կարեւոր ազդակներէն մէկն է, երբ երկու կողմերն ալ հասած կ՚ըլլան այն վիճակին, որ կը կարծեն, թէ անիմաստ է այլեւս խօսիլ միւս կողմին հետ, որով լռութիւնն ու համրութիւնը կը տիրեն անոնց վրայ:

Երկրորդ իմաստով այն է, որով փորձ կը կատարուի տունէն դուրս այդ վիճակը թաքցնելուն մէջ, որով ամուսնական կեանքին մէջ կը վերածուին երկու պաշտօնեաներու, որոնք պատահական հանդիպումներու ընթացքին զիրար կը տեսնեն, կամ նիւթական պարտաւորութիւններու բերումով՝ կարենալ պահպանելու համար իրենց ընկերային եւ ընտանեկան կերպարը ուրիշներուն դիմաց, դարձեալ վախնալով ամուսնալուծուած մակդիրէն, յատկապէս ամուսնալուծուած կին մակդիրէն, խուսափելու համար մեր ընկերութեան ամուսնալուծուած կիներու մասին ունեցած նեղ եւ խիստ կեցուածքէն եւ հայեացքէն: Այս վիճակին մասին միայն իրենք՝ ամուսինները կը գիտնան, որովհետեւ ընտանիքին եւ ընկերներուն առջեւ այնպէս կը ձեւանան, որ շա՜տ կը սիրեն զիրար, սակայն իրենց առանձնութեան մէջ կը հանեն ընտանիքի դիմակը եւ կը վերադառնան բաժանումի տգեղ դէմքին: 

Այս պատճառով կարելի չէ այս երեւոյթին մասին յստակ վիճակագրութիւն եւ թիւեր ստանալ, հակառակ անոր տարածումին եւ սաստկացումին:

Անցնո՞ղ (պարագայական) երեւոյթ մըն է, թէ՞ շարունակական:

Անցնող պարզ երեւոյթ մըն է լուռ ամուսնալուծութիւնը, երբ առաջին աստիճանի է. լուռ կամ յուզական ամուսնալուծութիւնը կրնայ անցնող պարզ երեւոյթ մը ըլլալ, ամպ մը, որ կու գայ ամպոտելու ամուսնական կեանքը որոշ հանգրուանի մը, որով ամուսինները կը յաջողին յաղթահարել զայն: Արդարեւ, իւրաքանչիւր ամուսնական կապ, երբեմն-երբեմն կը հանդիպի անհամաձայնութիւններու, որոնք արդիւնք են՝

ա. Առօրեայ կեանքի ու կենցաղավարութեան ճնշումները:

բ. Սովորամոլութիւն (routine):

գ. Աշխատանքային ճնշումներ:

դ. Երկու կողմերուն ստացած ընկերային դաստիարակութեան տարբերութիւնը…:

Այս բոլոր պատճառներուն հետեւանքով խզում կը յառաջանայ ամուսիններուն միջեւ, ինչ որ ժամանակաւոր կամ պարագայական կ՚ըլլայ. այս մէկը կրնանք կոչել առաջին կարգի լուռ ամուսնալուծութիւն: Աւելին, երկրորդ աստիճանի ամուսանլուծութեան ընդհանրապէս կը նախորդեն ժամանակաւոր խզումները:

Խորքին մէջ ժամանակաւոր եւ պարագայական խզումը պայմանաւորուած է՝

ա. Սիրոյ զօրութեան գերակայութիւնն ու ձեռք բերած յաջողութիւնը անցողիկ անհամաձայնութեան վրայ, որ կը միացնէ ամուսինները իրարու:

բ. Կողմերէն մէկուն նախաձեռնութիւնը՝ անկեղծանալու եւ զրուցելու իրարու հետ:

գ. Կողմերէն մէկուն հմտութիւնը, որ կրնանք կոչել հաղորդակցութեան արուեստ (խօսելու կերպը, ճիշդ ժամանակ ընտրելը, ինչպէս նաեւ կարողութիւն ունենալ ազդելու եւ համոզելու):

Մնայուն/շարունակուող երեւոյթ. երկրորդ աստիճանի ամուսնալուծութիւն. 

Եթէ վերոնշեալ երեք պատճառները բացակային (սիրոյ զօրութիւնը, անկեղծանալն ու զրուցելը, հաղորդակցութեան մէջ հմտութիւն), կամ խզումները դառնան կրկնուող եւ յաճախակի, ապա լուռ ամուսնալուծութիւնը առաջին աստիճանէն կը զարգանայ, անհամաձայնութիւնները կը բարդանան եւ կը վերածուի երկրորդ աստճանի լուռ ամուսնալուծութեան:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 10, 2025