ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ԱՌԱՋ

Շուտով, շա՛տ շուտով պիտի աւարտին երեք ամիսէ ի վեր մեր «հայրենիքին» մէջ ընթացող արշաւները. ընտրարշաւ, քարոզարշաւ, յաղթարշաւ, ինչպիսի արշաւ, որ կը նախընտրէք այլեւս: 

Առանց հպարտանալու պէտք է խոստովանիմ, որ Միջին Արեւելքի արաբ երկիրներու մէջ ապրելով ու այս տարածաշրջանի պատմութեան հետ առընչուելով, երբե՛ք ականատես չեմ եղած դէպի ժողովրդավարութիւն տանող ընտրութիւններու: Ինչ ըսեմ, գաղտնիք չեն հանրապետութիւն կոչուած ու ցմահ «ընտրուող» ու գահին մնացող նախագահներ ունեցող երկիրները, որոնք «ժողովրդավար» են իբր թէ… ուրեմն, ի՛նչ արշաւ պէտք է տեսնէինք մենք՝ ժողովրդավար այս «թագաւորութիւններուն» մէջ… 

Փառք Տիրոջ, որ անկախութենէն վերջ, մեր հարենիքին մէջ գործող ժողովրդավարութիւնը մեզի առիթ տուաւ քաղաքական այս մարտը ըմբոշխնելու, բայց եկէք ընդունինք, որ նախորդ նախագահներէն ու ղեկավարներէն մինչեւ նախորդ երեք ամիսները այսպիսի ժողովրդավարութիւն չէինք տեսած:

Համաձայն չէ՞ք: 

Սրտիկ, սրտիկներ, երգ, պար ու թմբուկներ, խոստումներ, եթէ կարելի է ըսել՝ «տիւելլոներ». այստեղացին ու այդտեղացին, հայերէն գիտցողն ու չգիտցողը, այսինչ բանը ընողն ու չընողը. գրեհիկ մթնոլորտ, անորակ խօսոյթներ, փողոցային համարուող մակարդակէն երեւի մղոններո՜վ աւելի ցած մտածելակերպ ու վարքագիծ: Մենք ստախօս չենք, անոնք են ստախօսները. հերքում ու ճշդում: 

Ա՞յս է ժողովրդավարութիւնը:

Ա՞յս է քաղաքացիի մը ազատ ընտրելուն համար առաջարկուած «առողջ» միջավայրը:

Քաղաքականութիւն է ասիկա, հասկնալի է, բայց աշխարհի միւս ժողովրդավար երկիրներուն մէջ ալ սա՛պէս «գազանաբարոյ» մթնոլորտ կը տիրէ՞. կը հարցնեմ: 

Գիտելիքի ծարաւ չէ՛ հարցումս այս պարագային, այլ՝ բարձրաձայն բողոք, ընդվզում նողկալի մեր իրականութեան դէմ: 

Այս տարուան «պատմական» համարուող այս ընտրութիւններուն ընդառաջ ինչե՜ր ունինք, բարեկամներ.

Նոր քարտէս ունինք, նոր սահմաններով, նոր Հայաստան, որ պետութիւն է եւ ոչ՝ հայրենիք, քանի որ սովորական պետութիւններուն մէջ գործող իշխանութիւնը իրեն հակասող անձանց, ովքեր ալ ըլլան՝ լրագրող, սրբազան, քահանայ թէ՛ քաղաքապետ, իրաւունք ունի, կրնայ լռեցնել, նոյնիսկ սպաննել զանոնք, ընտրարշաւի թեկնածուները զիրար կրնան հայհոյել, նուաստացնել, սպառնալ, բանտարկել… բնական երեւոյթներ են ասոնք պետութիւններուն մէջ, ինչպէս կեանքի բոլոր անիրաւութիւնները, դասակարգումները, բոլոր կաշառքները, կողմնակցութիւնները, խտրութիւնները, գողութիւնները, մարդկանց ու ապրանքներու առեւտուրն ու վաճառքները: 

Նոր ուղի է նոր քարտէսը, նոր էջ, բաներ մը մէկ կողմ դնելու ընտրութիւն, նոր յիշողութիւն ու բնականաբար՝ նոր պատմութիւն, Հայաստանի եւ ոչ՝ հայոց պատմութիւն: Ահագին խոստումներ կան այս քարտէսի սահմաններուն մէջ, գիտէ՛ք արդէն: Խաղաղաբեր, կախարդական մեր գաւազանն է անիկա: Պատերազմ բերող Արցախը հանած՝ Եւրոպայի ու աշխարհի դռները լայնօրէն բաց են մեր պետութեան ընդառաջ:

Ընտրութիւնը ձե՛րն է, Հայաստանի Հանրապետութեան հպարտ քաղաքացիներ:

Հայաստանի գիւղերուն մէջ բացուող սահնակներով ու օրօրոցներով մանկապարտէզներ կան. գալիք վարդագոյն օրերուն մարմնաւորումն են անոնք: Փակուելիք դպրոցներուն ու սահմաններուն վրայ պարպուելիք գիւղերուն լուրերը նախանձելի տարաձայնութիւններ են խաղաղութեան լուսաւոր ճամբան խաթարելու… 

Հոս-հոն բարձրախօսով կռուող մեր թեկնածուներուն միջեւ խաղաքարտի վերածուած տեղահանուած արցախահայերը մէկ կողմ՝ ամիսը մէյ մը միջազգային աճուրդներէ գնուող ու «տուն վերադարձող» մատեաններ ունինք յունիսի 7-էն առաջ: 

Ձե՛րն է ընտրութիւնը:

Բանակի նոր զինանշան կայ, Պաքուի մէջ օրըստօրէ նուաստացող հայ գերիները մէկ կողմ՝ կտուցը բաց եւ նախկին զինանշանի անկենդան արծիւին հակառակ՝ իրանն ու վերջոյթները յստա՛կ, մարտնչո՛ղ արծիւ ունինք: 

Վահանին ետեւը չէ՛ այլեւս մեր սուրը՝ պատրա՛ստ ենք:

«Արցախը Հայաստան է եւ վե՛րջ»էն վերջ, Հայաստանի ծանուցուող քարտէսէն կտրուած Արցախը մէկ կողմ՝ պառակտուած չե՛ն մեր դրօշին գոյները՝ մէ՛կ ամբողջութիւն ենք: 

Ամիսներէ ի վեր վիրաւորուած մեր հոգեւորականները, Վեհափառ Հօր ուղղուած անյարիր կոչերը, բանտարկուած սրբազանները, բեմականացուած պատարագները մէկ կողմ՝ խաչ ունինք մեր զինանշանին վրայ. անպաշտպան չենք, չմտահոգուիք: 

Արագա՛ծ ունինք. շքերթին օրը տեսանք բոլորս: Ի՛նչ ըսեմ, կոյրն ալ հաւանաբար տեսաւ աշխարհի աչքին մէջ մեր մտցուցածը:

Շաբաթներ առաջ, նոր անձնագիրներուն մէջ Խոր Վիրապը առանց Արարատի պատկերելուն անդրադառնալով հարցուցած էի, պիտի կրկնեմ.

Ինչո՞ւ քծնիլ: 

Որո՞ւն, ի՞նչ փաստած եղանք հրապարակին մէջ բազմած շինծու մեր Արագածով… 

Լե՞ռ մը պէտք էր անպայման. առանց Արագածի չէի՞ն կրնար շարժիլ այդ հրասայլերը: 

Չէին կրնար, հաւանաբար. անհրաժեշտ էր աշխարհին հասկցնել, թէ ուրկէ՛ եկած են եւ ո՛ւր կրնան երթալ հպարտառիթ այդ զէնքերը: 

Գոհ ըլլալու են մեր «տէրերը»: 

44-օրեայ պատերազմին ու անկէ վերջ բացայայտուած բանակային ողորմելի քուլիսներէն վերջ, Ֆրանսայէն, Հնդկաստանէն, Չինաստանէն ու աշխարհի տարբեր-տարբեր երկիրներէն գնուած արդիական մեր զէնքերով ինչպէ՛ս չհպարտանալ: Ե՛ս ալ ձեզի պէս հպարտ եմ, խաղաղութեան պատմական դաշինք կնքող Հայաստանի այսքան զինուած ու արդիականութեան ուղին բռնած նո՛ր բանակով, սիրելի՛ քաղաքացիներ, չկասկածիք: 

Ընտրութիւններէն քանի մը օր առաջ՝ բանակը արդի է, արծիւը՝ մարտունակ, եռագոյնը՝ մէկ կտոր, Հայաստանը՝ անարցախ ու խաղաղ, Արարատը երգ ու բանաստեղծութիւններուն, մէկ ալ՝ երկինք նայող հայերուն աչքին է, երեւի, Արագածը՝ կեանքի մեր հրապարակին մէջ… սահմաններ ունինք գծելիք, ճամբայ ունինք բանալիք, «պիզնես» ունինք ընելիք, Եւրոպան ունինք նուաճելիք, «վիզա» ունինք առնելիք, սելեպրիթիներ ունինք ընդունելիք, փառատօներ, փարթիներ, բացումներ ու շնորհանդէսներ ունինք կազմակերպելիք… 

Բացառիկ նուաճում օգոստոսէն մինչեւ յունիս, կ՚ընդունիմ, բայց չեմ կրնար չհարցնել.

Կեանք է, կրնայ պատահիլ. Աստուած մի արասցէ, եթէ՜ օր մը օրանց արդէն պատրաստ ու մարտունակ մեր բանակը կարիք ունենայ արդի այս զէնքերը գործածելու… կրակելու հրահանգը ո՞վ պիտի տայ:

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Գահիրէ

Երկուշաբթի, Յունիս 1, 2026