ՄԱՀ՝ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ՅԱՅՏՆԻ ՊԱՏՄԱՍԱՑ ԱԼԻԾ ԱՂՊԱՊԵԱՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է սփիւռքահայ յայտնի պատմասաց Ալիծ Աղպապեան։

Լիբանանի մէջ ծնած, Հայաստանի մէջ ուսանած եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ հաստատուած Ալիծ Աղպապեանի կորուստը յառաջացուցած է մեծ ցաւ։ Երեւանի Պետական համալսարանի Բանասիրական ֆաքիւլթէն աւարտելէ վերջ, Լոս Անճելըսի մէջ ան հիմնած էր «Ծիլուծառ» հրատարակչութիւնը, որու լոյս ընծայած գիրքերը կը ներկայացնէին անանտեսելի մասնագիտական արժէք, նաեւ լայն ընդունելութեան կ՚արժանանային։ Որպէս արհեստավարժ պատմասաց՝ իր գործունէութիւնը հայկական շրջանակով սահմանափակ չէր մնար՝ քանի հայկական կամ միջինարեւելեան բանահիւսութիւնը կը ներկայացնէր բազում հարթակներու վրայ՝ ներառեալ Կեթի թանգարանը եւ այլն։ Ի լրումն այս բոլորին, Ալիծ Աղպապեան տիպար ընտանեկան մայր մըն էր, իր հովանին ու խնամքը անսակարկ կը տարածէր ընտանիքի բոլոր անդամներուն վրայ։

Դժբախտաբար, շուրջ երկու տարիէ ի վեր ան կը տառապէր անողոք հիւանդութենէ, որուն հետեւանքով հիւծուած էր եւ նախընթաց օր աչքերը փակեց կեանքին։ 

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք նորոգ հանգուցեալ Ալիծ Աղպապեանի հոգւոյն եւ խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք իր ընտանիքին՝ մանաւանդ մեր սիրելի բարեկամ ու պատուակալ աշխատակից տքթ. Հրայր Ճէպէճեանին, որու մեծ քոյրն է ողբացեալը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2025