ԲԱՑԱՅԱՅՏԵԼ ՆԵՐՈՒԺԸ
Երէկ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան Ապու Տապիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (ԱՄԷ) նախագահ շէյխ Մուհամմէտ պին Զայիտ էլ Նահիանի հետ։ Հարկ է նշել, որ Վահագն Խաչատուրեան կը մասնակցի Ապու Տապիի ներդրումային համաժողովին։ Ողջունելով զինքը՝ Էլ Նահիան շնորհակալութիւն յայտնեց Խաչատուրեանի կողմէ տարեկան այս հաւաքին բերուած մասնակցութեան համար։ Իր խօսքով՝ բարձր մակարդակի նման այցելութիւնները կը վկայեն երկու երկիրներու միջեւ ձեւաւորուած բարեկամական յարաբերութիւններն ու փոխադարձ վստահութեան ամրապնդումը։
Նախագահ Վահագն Խաչատուրեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան եւ հրաւէրին համար։ Ըստ իրեն՝ Երեւանի եւ Ապու Տապիի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ի վեր երկկողմանի կապերուն մէջ շարունակական զարգացում կ՚արձանագրուի։ Որպէս վառ օրինակ՝ ան յիշեցուց, որ Հայաստանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջեւ ամէն շաբաթ շուրջ երեսուն թռիչք կը կազմակերպուի։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրուցակիցները քննարկեցին զանազան բնագաւառներէ ներս փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութեան ընդլայնման հնարաւորութիւնները։ Կողմերը այս փուլին առաջնահերթութիւն կ՚ընծայեն ենթակառուցուածքներու եւ ուժանիւթի բնագաւառներուն։ Ներդրումային միջավայրի խթանման եւ համատեղ նախաձեռնութիւններու իրականացումը առաւել արդիւնաւէտ դարձնելու նպատակով անդրադարձ կատարուեցաւ անհրաժեշտ քայլերու աշխուժացման։
Վահագն Խաչատուրեան բարձր գնահատեց զանազան ոլորտներէ ներս ԱՄԷ-ի ձեռքբերումները՝ ընդգծելով, որ երկիրը օրինակելի է զարգացման իր մօտեցումներով եւ ռազմավարական տեսլականով։ Խաչատուրեան դիտել տուաւ նաեւ, որ Ապու Տապիի ներդրումային համաժողովը ամէն տարի արդիւնաւէտ հարթակ մը կը հանդիսանայ՝ պետութիւններու եւ գործարար աշխարհի ներկայացուցիչներու, ներդրողներու եւ ոլորտային կազմակերպութիւններու միջեւ կապերու ստեղծման եւ արդիւնաւէտ համագործակցութեան խթանման համար։
Հանդիպման աւարտին նախագահները վերահաստատեցին պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու համար խորացնել երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ բացայայտել համագործակցութեան հնարաւորութիւնները՝ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ բոլոր ոլորտներէ ներս։
Միւս կողմէ, Ապու Տապիի մէջ Վահագն Խաչատուրեան մէկտեղուեցաւ նաեւ տեղւոյն հայութեան ներկայացուցիչներուն հետ։