ԲԱՐԴ ԹՂԹԱԾՐԱՐՆԵՐ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ հիւրընկալեց Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուն։ Սպիտակ տան բանակցութիւններուն ժամանակ օրակարգի վրայ եկան բարդ թղթածրարներ, որոնք ունին թէ՛ երկկողմանի եւ թէ համաշխարհային նշանակութիւն։ Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, ովալաձեւ գրասենեակին մէջ կողմերը ծաւալուն քննարկումներ կատարեցին։

Կը հաղորդուի, որ ԱՄՆ-Իսրայէլ բանակցութիւնները ունէին նաեւ ինչպէս Թուրքիոյ, այնպէս ալ Իրանի վերաբերեալ ծալքեր։ Թրամփ-Նեթանիյահու զրոյցին այս երեսակը լայն արձագանգ գտած է նաեւ տեղական մամուլին մէջ։ Իսրայէլի վարչապետը շեշտած է, որ Թուրքիոյ հետ հակամարտութիւն չեն փափաքիր։ Իր կարգին, Թրամփ բարձր դրուատիքով արտայայտուած է Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի մասին։ Ամերիկացի ղեկավարը պատրաստակամութիւն յայտնած է միջնորդելու համար։ Թրամփ Նեթանիյահուին խոստացած է նպաստել Էրտողանի հետ մեղմացման ապահովման՝ տրամաբանական ըլլալու պայմանով։

Թրամփ մէջբերած է նաեւ Էրտողանի հետ ունեցած հանդիպումէն բաժիններ։ Ան նշած է, որ Էրտողանը շնորհաւորած է Թուրքիոյ կողմէ Սուրիոյ մէջ հաստատուած ազդեցութեան բերումով։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2025