ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆ
Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւնները կը շարունակեն պայմանաւորել միջազգային հաւասարակշռութիւնները։ Ուաշինկթընի նոր ղեկավարութեան կողմէ որդեգրուած քաղաքականութիւնն ալ պատճառ կը դառնայ, որ շահագրգիռ բոլոր երկիրները երանգաւորեն իրենց ընթացքը։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Փարիզ-Գահիրէ-Ամման առանցքին վրայ փոխըմբռնում գոյացած է՝ տարածաշրջանի կացութեան եւ հեռանկարներուն շուրջ՝ մասնաւորապէս Պաղեստիսի պատերազմին բերումով։
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն եւ Յորդանանի Ապտուլլահ Բ. թագաւորը երէկ Գահիրէի մէջ հիւրընկալուեցան Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ Սիսիի կողմէ։ Այսպէս, անոնք կոչ ուղղեցին, որպէսզի վերականգնուի Կազզէի վերաբերեալ անցեալ յունուարի համաձայնագիրը։ Եռակողմանի գագաթաժողովի ժամանակ պահանջուեցաւ, որ միջազգային հաւաքականութիւնը Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնէ, որպէսզի դադրին Կազզէի դէմ յարձակումները։ Անհրաժեշտ նկատուեցան՝ հրադադարի համաձայութեան գործադրութեան նպատակով առնուելիք քայլերը։
Բաց աստի, Մաքրոն եւ Սիսի Գահիրէի մէջ ստորագրեցին փաստաթուղթ մը, որով Ֆրանսա-Եգիպտոս յարաբերութիւնները ռազմավարական գործընկերութեան մակարդակի կը բարձրանան։ Ըստ վերլուծաբաններու, այս երկու երկիրները աւանդաբար ունին սերտ յարաբերութիւններ եւ ստորագրուած փաստաթուղթը հետամուտ է անոնց համագործակցութիւնը ա՛լ աւելի ամրապնդելու։