ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄԻ ՓՈՒԼԷՆ ԱՆԴԻՆ

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը առ այն, թէ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը Սուրիայով սահմանափակուած չէ եւ ան Լիբանանի մէջ եւս ժխտական դերակատարութիւն ունի, կարելի է տեղաւորել Թուրքիա-Իսրայէլ՝ որոշ ընդհատումներով ընթացող հռետորաբանական պատերազմի սահմաններուն մէջ: Այս սպառնական փոխասացութիւնները ցարդ չէին հատեր յայտարարական դաշտի սահմանները: Յայտարարութեան նախորդած մասը կը կապուի Սուրիոյ տարածքներու վրայ Իսրայէլի զինուորական յարձակումներուն հետ: Իսրայէլացի դիւանագէտը յայտնած էր, թէ Թուրքիան Իրանէն «Հիզպուլլահ»ին գումարներու փոխանցման մէջ դեր ունի:

Ուրեմն, կը հասկցուի, որ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դերը՝ «Հիզպուլլահ»ին գումար փոխանցելով կը խանգարէ Իսրայէլի շահերը: Իսկ Սուրիոյ պարագային, դարձեալ Իրանի հետ գործակցութեան մասին Իսրայէլ ակնարկներ կը հնչեցնէ այս անգամ պաշտպանութեան նախարարին ճամբով: Ան յայտարարեց, որ եթէ Դամասկոս Իսրայէլի թշնամի ուժերու Սուրիա մուտքը արտօնէ, ապա շատ սուղ գին պիտի վճարէ: Թշնամի ուժերը, բնականաբար, նախ եւ առաջ Իրանին կը վերաբերին: Ընդհանրացնելով եւ յոգնակի ձեւակերպմամբ թիրախաւորումով՝ Թել Աւիւի ներկայացուցիչը խորքին մէջ սլաքը կ՚ուղղէ Անգարային:

Աւելի յստակ եւ ուղղակի պատգամը փոխանցեց Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռը, որ Սուրիոյ ռազմավարական կեդրոններուն վրայ կատարուած յարձակումին նպատակը որակեց՝ Անգարային ուղղեալ զգուշացում:

Իր գլխաւոր թշնամին Իրանը նկատելով՝ Իսրայէլ ռազմական գործողութիւնները կը շարունակէ Կազզէի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ: Երեք պարագաներուն ալ Թել Աւիւի կողմէ Անգարան կը ներկայացուի՝ իբրեւ Իսրայէլի թշնամի պետութեան աջակից: Լիբանանի պարագային իր ճամբով Իրանին նիւթական օժանդակութիւնները փոխադրելու կ՚աջակցի։ Սուրիոյ պարագային կը զգուշացնէ, որ պիտի չարտօնէ թշնամի զօրքերուն մուտքը: Կազզէի առումով թրքական դերին ուղղեալ զգուշացումները դուրս չեն մնացած այս շարքէն:

Սուրիոյ դէմ Իսրայէլի գործողութիւնները պաշտպանութեան նախարարին կողմէ կը պարզաբանուին՝ իբրեւ զգուշացում ուղղեալ Թուրքիոյ: Այդ զգուշացումին կը յաջորդէ այն յայտարարութիւնը, թէ Իսրայէլի սահմաններէն որեւէ մէկուն վրայ 6 հոկտեմբեր 2023-ի կացութեան վերականգնումը պիտի չարտօնուի:

Հոկտեմբերը, պարզ է, որ Կազզէին կը վերաբերի եւ այստեղ Անգարային զօրակցութիւնը Համասին կամ ընդհանրապէս Պաղեստինին անուղղակիօրէն կը դատապարտուի: Այս բաժինին աւելի քաղաքական ընթերցումն է՝ արտօնելի չէ Իսրայէլի սահմանամերձ շրջաններուն նախահոկտեմբերեան իրավիճակի ստեղծումը:

Խօսքը ուղղակիօրէն Սուրիոյ կը վերաբերի. կը շեշտուի, որ Թուրքիան որեւէ ձեւով պէտք չէ օժանդակէ այդ երկրին մէջ՝ Իսրայէլին սպառնալիք նկատուելիք զինուորական որեւէ միաւորի ստեղծման:

Կ՚արժէ յիշել, որ Թուրքիա, իր հերթին նման զգուշացումներ ուղղած էր Իսրայէլին՝ քրտական զինեալ գործօնին օժանդակելու մեղադրանքով:

Այս հանգամանքները կը յուշեն, որ առաջին փուլին նկատուած երկու պետութիւններու առիթաւորումը Սուրիոյ մէջ ստեղծուած նոր իրավիճակէն սկսած է փոխուիլ: Երկու նպաստաւորուող պետութիւնները շահերու բախման կէտեր ունին: Անցած են փոխզգուշացումի փուլ:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի

Երեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2025