ԿԱՆԱՉ ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիա Կովկասէն դէպի Եւրոպա կանաչ ուժանիւթի միջանցք մը դառնալու ճանապարհին հսկայական քայլեր կ՚առնէ։ Պաքուի մէջ վերջին օրերուն կազմակերպուած Հարաւային կազի միջանցքի տարեկան ժողովը առիթ դարձաւ՝ դէպի Եւրոպա ուժանիւթ մատակարարելու ուղղեալ քայլերով ռազմավարական այլընտրանքի մը հրապարակման։ Այսպէս, Ատրպէյճան-Վրաստան-Թուրքիա-Պուլկարիա առանցքին վրայ տարանցման նոր նախաձեռնութիւն մը հասունցած է։ Ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Ալփասլան Պայրաքթար Պաքուի ժողովի օրերուն համապատասխան փաստաթուղթը ստորագրեց՝ Ատրպէյճանի ուժանիւթի նախարար Փերւիզ Շահպազովի, Պուլկարիոյ ուժանիւթի նախարար Զեչօ Սթանքովի եւ Վրաստանի տնտեսութեան ու տեւական զարգացման փոխ-նախարար Վախթանկ Ցինցածէի հետ։ Փաստաթուղթը կը վերաբերի կանաչ ելեկտրականութեան փոխանցման եւ առեւտուրի զարգացման ուղղեալ համագործակցութեան։ Այսպէս, արեւու, հովի նման վերականգնուող ուժանիւթի պաշարներով արտադրուելիք ելեկտրականութիւնը Եւրոպա պիտի փոխանցուի՝ վերոյիշեալ չորս երկիրներէ տարանցումով։
«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, նախարար Պայրաքթար Պաքուի մէջ ընդունուեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Յառաջիկայ շրջանին Թուրքիայէն դէպի Նախիջեւան ելեկտրական ուժանիւթի մատակարարումն ալ անխափան պիտի դառնայ, փոխանցման լարերու տարողութիւնը պիտի բարձրանայ, ենթակառուցուածքներու արդիականացումով հանդերձ։