ԳՐԱՌՈՒՄ ՄԸ ԵՒ ԲՈՂՈՔ
Պոլուի ՃՀՓ-ական քաղաքապետ Թանժու Էօզճան շաբաթավերջին ընկերային ցանցերու վրայ աղմկայարոյց գրառումով մը հանդէս եկաւ։ ՓՔՔ ահաբեկչական կազմակերպութեան պարագլուխ Ապտուլլահ Էօճալանի ուղղեալ գրառման մէջ ան նշած էր հետեւեալը. «Երանի հայ հայրդ երկու երկվայրկեան աւելի կանուխ վարուած ըլլար եւ բնաւ ծնած չըլլայիր, դաւաճան»։
Վերջին տասնամեակներուն հանրային կարծիքի օրակարգին վրայ ժամանակ առ ժամանակ գետի նման կը վարարին այն պնդումները, թէ Ապտուլլահ Էօճալան իրականութեան մէջ հայ մըն է։ Որոշ առումներով սա թէեւ սպառած վիճաբանութեան մը նիւթը կը համարուի, սակայն, ազգայնական խօսոյթի հետամուտ քաղաքական գործիչները վերջնականօրէն չեն հրաժարիր յանկերգէն։
Թէեւ Թանժու Էօզճանի այդ գրառումը որոշ շրջանակներու հաւանութեան ու համակրանքին առարկայ դարձած է, սակայն, ընկերային ցանցերու վրայ ուշադրութեան արժանացած են նաեւ այն անհատները, որոնք կը հակադրուին ՃՀՓ-ական քաղաքապետի խօսոյթին ու մտայնութեան։ Այս ամբողջին մէջ ուշագրաւ դարձած է երգիչ Էզհէլի հետեւեալ գրառումը. «Այս խայտառակ մարդն ալ, այս ցեղապաշտին դէմ ոչինչ ըրած ՃՀՓ-ն ալ պոյքոթի կ՚ենթարկեմ։ Փլցուցէք ուրեմն Տոլմապահչէն, զոր եւս հայ մը կառուցած է»։
Արուեստագէտը շեշտած է, որ թրքութեան ետեւ թաքնուելով անկարելի է ուրիշ մը անարգել։ Իր խօսքով՝ ցեղապաշտութեան համաչափ տականք վիճակ մը գոյութիւն չունի։