ԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵՆԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ԱԲ

Երեւանի մէջ վերջին օրերուն կազմակերպուած «Doing Digital Forum 2025»ի քննարկումները ստեղծեցին լայն արձագանգ։ «Ապագայի փողը, տնտեսական ազդեցութիւնները» խորագրեալ այս հաւաքը համախմբեց միջազգային դէմքեր, պետական կառոյցներու ներկայացուցիչներ, գործարարներ, փորձագէտներ եւ հոծ թիւով այլ հետաքրքիրներ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երեւանի «Դուին» պանդոկի համալիրէն ներս ծաւալուած քննարկումներու ընթացքին մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձան փողի, դրամական կամ նիւթական միջոցներու եղափոխութիւնները։ Մանրամասն կարծիքներ հնչեցին տնտեսութեան վրայ անոնց գործած ազդեցութիւններուն մասին։ Շօշափուեցան նաեւ յարակից այլ կարեւոր հարցեր՝ ներառեալ արհեստական բանականութեան (ԱԲ) ազդեցութիւնը։ Ատենախօսներու ուշադրութեան առարկայ դարձան նաեւ սիպէր անվտանգութեան մարտահրաւէրներն ու անոնց յաղթահարման ուղղեալ հաւանական լուծումները։ Քննարկումներու առանցքին էին նաեւ թուային արժոյթները, թուային դրամապանակները եւ առցանց վճարման թեքնոլոժիներու զարգացման միտումները։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 7, 2025