Չորեքշաբթի 11, Յունիս 2025
ՀԱՐԿ ԵՒ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ հարկերու վճարումը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ երկրի կայունութեան եւ զարգացման տեսակէտէ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Փաշինեան երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս մասնակցեցաւ պետական պիւտճէի կատարման մասին տարեկան հաշուետուութեան սկզբնական քննարկման։ Այս փուլին ան ըսաւ.
«Հարկ վճարելու նկատմամբ մեր վերաբերմունքը պէտք է փոխուի։ Հիմնական ձեւով պէտք է փոխուի, որովհետեւ կայ հարկ՝ կայ պետութիւն, չկայ հարկ՝ չկայ պետութիւն։ Կայ հարկ՝ կայ բարեկեցութիւն, չկայ հարկ՝ չկայ բարեկեցութիւն»։ Ի շարունակութիւն ան այս խնդիրը կարեւորեց նաեւ երկրի երջանկութեան, ազատական մթնոլորտին եւ մանաւանդ՝ անվտանգութեան տեսակէտէ։
Հինգշաբթի, Յունիս 5, 2025