ՖՈՆ ՏԷՐ ԼԷՅԷՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ՝ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀԵՏ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐՈՒ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԸ ՓՈԽԷ ԽԱՂԻ ԿԱՆՈՆՆԵՐԸ»
Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէն յոյս ունի, թէ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմաններու բացումը նոր հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ միջեւ համագործակցութեան համար։ Իր խօսքով՝ Հայաստանի՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ սահմաններու բացումը կը փոխէ խաղի կանոնները։
Երէկ, Սեմերղանտի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոմիութիւն-Կեդրոնական Ասիա առաջին գագաթաժողովը։ Խրղըզիստանի նախագահ Շեւքէթ Միրզոյեւի հիւրընկալած այս գագաթը կազմակերուած էր՝ «Ապագային ներդրումներ» կարգախօսով։
Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէն այս հաւաքոյթի ընթացքին ունեցած ելոյթին ժամանակ շեշտեց, որ Սեւ ծով հասնելու համար կարեւոր է նաեւ Կեդրոնական Ասիոյ Հարաւային Կովկասի երկիրներու հետ սահուն սահման ունենալը։ Ան համոզուած է, թէ աւելի քան երեք տասնամեակէ ի վեր փակ մնացած Հայաստանի՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ սահմաններու բացումը կը փոխէ խաղի կանոնները։ «Սա Եւրոպան եւ Կեդրոնական Ասիան կը մօտեցնէ աւելի քան երբեւէ», ըսաւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահը։
Սեմերղանտի գագաթաժողովի ընթացքին Ֆոն տէր Լէյէն շեշտեց, որ Կեդրոնական Ասիան համաշխարհային դարպաս մըն է եւ կը համարուի Եւրոասիոյ բաբախող սիրտը։ «Ահա թէ ինչո՞ւ մեր ներդրումային օրակարգը այսքան կը կեդրոնանայ այս տարածաշրջանին վրայ։ Անցեալ տարի մենք 10 միլիառ եւրօ ծախսել նախատեսեցինք Անդրկասպեան փոխադրութեան միջանցքին համար», ըսաւ ան։
Ի շարունակութիւն, Ֆոն տէր Լէյէն ընդգծեց, որ փոխադրութեան այդ միջանցքը պիտի կրճատէ ցամաքային ճանապարհը Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ միջեւ՝ մօտաւորապէս կէսով չափ։ Ներկայիս սա կը կազմէ 15 օր։ Եթէ միջանցքը բացուի, ապա Կեդրոնական Ասիոյ եւ Եւրոպայի միջեւ շարժման պիտի անցնի գործարարութեան՝ ցարդ չօգտագործուած ներուժը։ Սա պիտի խթանէ կապերը եւ առեւտուրը երկու տարածաշրջաններուն միջեւ։ Խօսքը կը վերաբերի Կեդրոնական Ասիոյ հինգ երկիրներուն։
Բաց աստի, Ֆոն տէր Լէյէն դիտել տուաւ, որ 2025 թուականին Էօզպեքիստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ ներդրողներու նոր ֆորում մը, որ պիտի ապահովէ միջանցքի մասնաւոր հատուածի կողմէ գանձատրումը եւ թոյլ պիտի տայ գնահատելու յառաջընթացը։ Արդարեւ, մասնատուած այժմու աշխարհին մէջ Անդրկասպեան տարածաշրջանային միջանցքը պիտի խթանէ կապը վերոյիշեալ հինգ երկիրներու եւ Եւրոպայի միջեւ։ Յամենայնդէպս, Ֆոն տէր Լէյէնի դիտարկմամբ, ենթակառուցուածքներու շղթան ամբողջական չէ։ Սեւ ծով հասնելու համար կարեւոր է նաեւ Կեդրոնական Ասիոյ եւ Հարաւային Կովկասի երկիրներու միջեւ սահմաններու հարթ անցումը։ «Երեք տասնամեակ փակ մնալէ յետոյ, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ Հայաստանի սահմաններու բացումը խաղը պիտի փոխէ եւ սա Եւրոպան եւ Կեդրոնական Ասիան աւելի պիտի մօտեցնէ իրարու», ըսաւ Ֆոն տէր Լէյէն։
Միւս կողմէ, «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հաղորդումներով, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ Պաքու պէտք է վստահ ըլլայ, թէ իր երկրի բնական կազը պահանջարկ կ՚ունենայ Եւրոպայի մէջ։