ԱՊԱԳԱՅԻ ՀԱՄԱՐ ՀԱՄԱՏԵՂ ԿԱՄՔ

Կարսի մէջ նախընթաց օր կազմակերպուած Թուրքիա-Հայաստան գործարարներու հաւաքին արձագանգները կը շարունակուին: Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը այնպիսի հասունութեան մակարդակի հասած է, որ կողմերու գործարարները արդէն սկսած են քննարկել շօշափելի գործակցութեան հեռանկարները:

Կարսի առեւտրարդիւնաբերական պալատի հիւրընկալմամբ կազմակերպուած հաւաքը գլխաւորեցին Թուրքիոյ եւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւններու ներկայացուցիչները՝ Այշէ Ուզէր եւ Հայկ Դարբինեան: Հաւաքոյթի հիւրընկալն էր Կարսի առեւտրարդիւնաբերական պալատը, իսկ կազմակերպչական աշխատանքներուն զօրակցած էր՝ Թուրքիոյ առեւտրական գրասենեակներու եւ սակարաններու միութիւնը (TOBB): Իգդիրի, Արտահանի, Էրզրումի եւ Կարսի առեւտրական գրասենեակներու եւ սակարաններու կողմէ իրաւասուներ մասնակցեցան այս հաւաքին, որու ընթացքին թուրք եւ հայ գործարարները միտք յոգնեցուցին ապագայ համագործակցութեան վերաբերեալ նիւթերու շուրջ: 

Հաւաքոյթի ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան Այշէ Ուզէր, Հայկ Դարբինեան, Կարսի առեւտրաարդիւնաբերական պալատի նախագահ Քատիր Պոզան եւ TOBB-ի վարչայիններէն Սաիմ Էօզաքալըն, որ միաժամանակ Էրզրումի առեւտրարդիւնաբերական պալատի նախագահն է: 

Այշէ Ուզէր ելոյթին մէջ շեշտեց, որ Թուրքիան ու Հայաստանը պատմական հանգրուան մը կը վկայեն՝ երկու երկիրներու գործարար աշխարհի ներկայացուցիչներու այս մակարդակով համախմբման բերումով: Ան խօսեցաւ բնականոնացման գործընթացէն ներս ցարդ առնուած քայլերուն շուրջ՝ մասնաւորապէս անդրադառնալով նաեւ բարձր մակարդակի այցելութիւններուն: Ուզէր համոզուած է, թէ այս շփումները երկու հարեւան երկիրներու յարաբերութիւններուն ո՛չ միայն դիւանագիտական չափում կը հաղորդեն, միեւնոյն ժամանակ, ապագայի վերաբերեալ համատեղ կամքի մը արտայայտութեան կը վերածուին: Մանրամասնելով բնականոնացման գործընթացէն ներս առնուած քայլերը՝ Այշէ Ուզէր շեշտեց, որ այս բոլորը ո՛չ միայն Թուրքիոյ եւ Հայաստանի, այլեւ ամբողջ Հարաւային Կովկասի եւ Եւրոասիոյ աշխարհագրութեան բարգաւաճման ու կայունութեան պիտի նպաստէ: Հուսկ, ան մատնանշեց, որ Թուրքիա եւ Հայաստան այսօր մեծ հնարաւորութիւն ունին արդիւնաբերութեան եւ առեւտուրի բնագաւառէն ներս համագործակցութեան համար: 

Հայկ Դարբինեան ելոյթին մէջ նշեց, որ բնականոնացման գործընթացը հնարաւոր դարձուցած է այսպիսի հաւաքի մը կազմակերպումը: Իր խօսքով՝ երկու երկիրները արդիւնաբերութեան եւ առեւտուրի բնագաւառէն ներս համագործակցելու մեծ հնարաւորութիւններ ունին: Ան իրաւասուներուն շնորհակալութիւն յայտնեց՝ երկու երկիրներու միջեւ առեւտրական յարաբերութիւնները ապահովելու ուղղութեամբ բերուած նպաստին համար: Դարբինեան ընդգծեց, որ երկաթուղիի միջոցաւ հնարաւոր պիտի ըլլայ ուղղակի առեւտուրի կազմակերպումը: Ըստ Դարբինեանի՝ առեւտուրը պիտի հասնի մինչեւ Եւրոպա, ինչ որ երկու երկիրներու առեւտուրի զարգացման ճանապարհին գործարարներու դերակատարութեան կարեւորութիւնը ի յայտ կը բերէ: Բաց աստի, Թուրքիա-Հայաստան գործընթացը առեւտրական յարաբերութիւններով զարգացում պիտի արձանագրէ: Հայկ Դարբինեան նշեց, որ Կարսի մէջ կազմակերպուած հաւաքոյթը հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ, որպէսզի գործարար աշխարհներու ներկայացուցիչները զիրար մօտէն ճանչնան: 

Քատիր Պոզան հաւաքի ընթացքին նշեց, որ սա միայն տնտեսական ֆորում մը չէ, միեւնոյն ժամանակ, տարածաշրջանի ապագայի մասին միասին խօսելու, նոր համագործակցութիւններու հիմքերը դնելու եւ համատեղ տնտեսական տեսլական մը մշակելու ճանապարհին կարեւոր հարթակ մը: Պոզան ընդգծեց, որ Կարս ունի արտադրութեան հզօր ենթակառուցուածք մը, ինչպէս նաեւ գիւղատնտեսութեան բնագաւառէն ներս Թուրքիոյ յառաջատար քաղաքներու շարքին է: Պոզան յիշեցուց Կարսի բնորոշ կարգ մը արտադրանքներ. ինչպէս՝ պանիրի տեսակներ, մեղր, կաթնամթերք եւ այլն: Բացի այս բոլորէն, սննդամթերքի արդիւնաբերութիւնը, լոժիստիքը, զբօսաշրջութիւնը, ուժանիւթը, շինարարութիւնը եւ ծառայողական ոլորտներն ալ կարեւոր ներուժ ունին այս քաղաքի պարագային: Պոզան համոզուած է, որ Հայաստանն ալ՝ մանաւանդ արդիւնաբերութեան, սննդամթերքի, թեքնոբանութեան, զբօսաշրջութեան եւ առեւտուրի ոլորտներէն ներս կարեւոր պաշար ունի: «Այսօրուայ աշխարհին մէջ մրցակցութիւնները այլեւս ո՛չ միայն երկիրներու միջեւ, այլ տարածաշրջաններու միջեւ կ՚ապրուին: Այս պատճառով մենք զիրար կը տեսնենք ո՛չ թէ մրցակից, այլ փոխլրացնող տնտեսական գործընկերներ», ըսաւ ան: 

Իր կարգին, Սաիմ Էօզաքալըն մատնանշեց, որ այս հաւաքը միայն գործարար աշխարհի ներկայացուցիչները համախմբած հարթակ մը չէ, միեւնոյն ժամանակ, փոխադարձ վստահութեան, երկխօսութեան եւ համատեղ ապագայի վերաբերեալ յոյսերու ամրապնդման տեսակէտէ շատ կարեւոր հնարաւորութիւն մըն է: Էօզաքալընի դիտարկմամբ՝ համաշխարհային տնտեսութիւնը կարեւոր եղափոխութեան գործընթացի մը մէջ է: Համաշխահային առեւտուրի հաւասարակշռութիւնները կը վերաձեւաւորուին, մատակարարման շղթաները կը տեսակաւորուին: Ուժանիւթի անվտանգութեան, լոժիստիք ուղղութիւններու եւ տարածաշրջանային համագործակցութիւնը աւելի քան երբեք կը բարձրանայ: «Մեր տարածաշրջանի իրադարձութիւններն ալ կ՚աւելցնեն տնտեսական համագործակցութեան եւ կայունութեան արժէքը: Այս նոր շրջանին երկիրներու միջեւ մրցակցութեան հաւասարազօր համագործակցութիւնն ալ բնորոշիչ պիտի ըլլայ: Թուրքիոյ տնտեսութեան հզօր արտադրական ենթակառուցուածքը, աշխոյժ մասնաւոր հատուածը եւ ձեռներէցութեան ներուժը հնարաւորութիւն կ՚ընձեռեն, որպէսզի ան աշխարհի յառաջատար տնտեսութիւններու շարքին մաս կազմէ», ըսաւ ան: 

Ելոյթներու աւարտին կողմերու միջեւ փոխանակուեցան յուշանուէրներ: 

Հաւաքի եզրափակիչ փուլին Թուրքիոյ եւ Հայաստանի գործարարները երկկողմանի քննարկումներ ծաւալեցին՝ զանազան ոլորտային հեռանկարներու շուրջ:  

Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2026