ՀԱԿԱՍԱԿԱՆ ՊԱՏԿԵՐ
Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութիւնը արդէն դաշտի վրայ կը շարունակէ ընթանալ փոխադարձ ծանր հարուածներով։ Թէեւ Իսթանպուլի մէջ նախօրէին Մոսկուայի եւ Քիեւի միջեւ տեղի ունեցան 2022 թուականէն ի վեր արդէն երկրորդ ուղիղ բանակցութիւնները, սակայն, ռազմաճակատի վրայ վերջին օրերուն Ուքրայնա լուրջ յառաջխաղացում կ՚արձանագրէ Ռուսաստանի դիմաց։ Երէկ, պատերազմի սկիզբէն ի վեր արդէն երրորդ անգամ Ուքրայնա թիրախաւորեց Խրիմի կամուրջը, որ յարձակման հետեւանքով վթարային վիճակի ենթարկուած է։
Շահագրգիռ բոլոր երկիրներն ալ անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւին Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան իրադարձութիւններուն։ Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոյի հետ։ Անոնք քննարկեցին Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան դադրեցման ուղղեալ հարցերը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ իրավիճակը։ Ռուպիօ տեղեկացուց, որ Ֆիտանի հետ քննարկած է Ռուսաստան-Ուքրայնա ուղիղ բանակցութիւններուն աջակցելու վերաբերեալ հարցեր՝ դադրեցնելու համար արիւնահեղութիւնը։ Զրուցակիցները քննարկած են նաեւ այն քայլերը, որոնք ԱՄՆ-ի կողմէ առնուած են Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցներու բաւ համարման ուղղութեամբ։ Ուաշինկթընի նպատակն է, որ Սուրիա ընթանայ դէպի կայունութիւն եւ դառնայ իր հարեւաններու հետ խաղաղութեամբ ապրող երկիր մը։ Միեւնոյն ժամանակ, վերջին օրերուն հաղորդուած է, որ ԱՄՆ քանի մը ռազմակայաններ փակել կը պատրաստուի Սուրիոյ մէջ։ Հաքան Ֆիտան եւ Մարքօ Ռուպիօ շօշափեցին նաեւ նախօրէին Իսթանպուլի մէջ Մոսկուայի եւ Քիեւի միջեւ կատարուած բանակցութիւնները, որոնք 2022 թուականէն ի վեր երկրորդն էին իրենց նմաններու շարքին, իսկ առաջինն ալ նոյնպէս Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցած էր վերջերս։
Միւս կողմէ, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ալ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի մարդասիրական հարցերով տեղակալ Թոմաս Ֆլեթչըրի հետ։ Զրուցակիցները քննարկեցին Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի միջեւ ստեղծուած իրադրութիւնը։ Անոնք մանրամասն կարծիքներ փոխանակեցին առաւել սուր տագնապային իրավիճակներուն շուրջ՝ ներառեալ Մերձաւոր Արեւելքի տարածաշրջանը, Իսրայէլ-Պաղեստին հակամարտութեան գօտին, Սուրիան եւ Լիբանանը։
Յատուկ ուշադրութիւն կեդրոնացուեցաւ Ուքրայնայի շուրջ հակամարտութեան խնդրին, շեշտը դրուեցաւ ՄԱԿ-ի մարդասիրական ջանքերու ապաքաղաքականացման վրայ։