ԱՊՊԱՍ ԱՐԱՂՉԻ ԵԳԻՊՏՈՍԷ ՎԵՐՋ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆ

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի այս շրջանին իրերայաջորդ այցելութիւններ կու տայ դէպի Մերձաւոր Արեւելքի զանազան մայրաքաղաքները։ Երէկ, Ապպաս Արաղչի Պէյրութի մէջ հիւրընկալուեցաւ Լիբանանի ղեկավարութեան կողմէ։ Նախօրէին ան Գահիրէի մէջ ունեցած էր հանդիպումներ, որոնց ի շարունակութիւն Պէյրութի մէջ տեսակցեցաւ Լիբանանի նախագահ Ժոզէֆ Աունի եւ արտաքին գործոց նախարար Եուսէֆ Ռաժժիի հետ։ 

Ապպաս Արաղչի Պէյրութի մէջ յայտարարեց, որ Իրան կ՚աջակցի Լիբանանի անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան։

«Որեւէ երկիր իրաւունք չունի միջամտել Լիբանանի ներքին գործերուն։ Իրան կ՚աջակցի Լիբանանին՝ սիոնիստ վարչակարգի բռնագրաւման դէմ», ըսաւ ան՝ ընդգծելով, որ, անշուշտ, սա կը նշանակէ, որ բարեկամ երկիրը կ՚աջակցի Լիբանանի մէջ իր ընկերներուն եւ որեւէ տրամադրութիւն չունի միջամտելու Լիբանանի գործերուն։

Զանգուածային լրատուութեան միջոցներն ալ լայնօրէն արձագանգ հանդիսացան Ապպաս Արաղչիի շփումներուն։ Ժոզէֆ Աուն հիւր նախարարին հետ զրուցելու ընթացքին նշեց, որ Լիբանան կ՚ակնկալէ ամրապնդել իր յարաբերութիւնները Իրանի հետ։

«Լիբանանի դէմ Իսրայէլի պատերազմի պատճառով յառաջացած աւերուածութիւններու վերականգնումը մեր առաջնահերթութիւններէն մին է։ Ասոր համար մենք կ՚աշխատինք կառավարութեան հետ՝ եղբայրական եւ բարեկամ երկիրներու հետ համագործակցելով», ըսաւ Աուն։

Կազզէի պատերազմով պայմանաւորուած իրավիճակին մէջ, Իսրայէլ լուրջ հարուածներ կը հասցնէ նաեւ Լիբանանին։ Տարածաշրջանի հաւասարակշռութիւններուն մէջ միշտ առանցքային դերակատարութիւն կը վիճակի նաեւ Եգիպտոսին։ Իրան, որ Սուրիոյ իշխանափոխութենէն վերջ թէ՛ այդ երկրի եւ թէ Լիբանանի ազդեցութիւնը որոշ չափով կորսնցուցած է, յամենայնդէպս, կը մնայ տարածաշրջանի յառաջատար երկիրներէն մին, միեւնոյն ժամանակ, միշտ առաջնահերթ թշնամի ընկալուելով Իսրայէլի կողմէ։ Ապպաս Արաղչի այս իրավիճակին մէջ վերջին օրերուն իրերայաջորդ այցելեց Եգիպտոս եւ Լիբանան։

Չորեքշաբթի, Յունիս 4, 2025