«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՆՊԱՏԱԿԸ»
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ինքն է գերագոյն նպատակը։
Նիկոլ Փաշինեան ներկայիս աշխատանքային այցով կը գտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ՝ ընկերակցութեամբ իր կողակցին՝ Աննա Յակոբեանի։ Ուաշինկթընի մէջ ան կը մասնակցի Միջազգային կրօնական ազատութեան գագաթաժողովին, որ հինգ տարիէ ի վեր կը կազմակերպուի։ Իր նմաններու շարքին 5-րդ այս տարեկան գագաթաժողովին զուգահեռ՝ վարչապետ Փաշինեան ներկայ կը գտնուի նաեւ «Ազգային աղօթքի նախաճաշին»։ Ուաշինկթընի մէջ նախատեսուած են նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի շարք մը այլ հանդիպումները։
Մինչ այդ, վարչապետը երէկ Ուաշինկթընի հայկական դեսպանատան մէջ տեսակցեցաւ ամերիկահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։ Հաւաքոյթի ընթացքին ան ըսաւ.
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը ինքն է բարձրագոյն նպատակը եւ Հայաստանի Հանրապետութենէն աւելի բարձր ազգային նպատակ չի կրնար ըլլալ։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ո՛չ թէ միջոց է այլ նպատակներու համար, այլ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ինքն նպատակ է՝ ամենաբարձր նպատակը»։
Հաւաքոյթի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան պատասխանեց նաեւ ներկաներու հարցումներուն։ Այս փուլին ան խօսեցաւ այն գործընթացներուն մասին, որոնք տեղի կ՚ունենան Հայաստանի մէջ եւ երկրին շուրջ։ Վարչապետը անդրադարձաւ երկրէն ներս ստեղծուած գաղափարախօսական փոփոխութեան կացութեան՝ մասնաւորապէս իրական Հայաստանի առանցքին շուրջ։ Ան ընդգծեց որդեգրուած հաւասարակշռուած քաղաքակութեան նշանակումը եւ բացատրեց կառավարութեան կողմէ առնուած քայլերը, որոնց նպատակն է դիմագրաւել երկրի արտաքին եւ ներքին մարտահրաւէրները։
Հաւաքոյթի ներկաներու շարքին էին Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Սեմ Սիմոնեան եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Ուաշինկթընի թեմակալ պատուիրակ Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան։