ՄՈՍԿՈՒԱ ԵՐԵՒԱՆՆ ՈՒ ՊԱՔՈՒՆ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ ՆԱԹՕ-Ի ԴԷՄ

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ իր երկիրը կը յուսայ, թէ Ատրպէյճանն ու Հայաստանը կը գիտակցին ՆԱԹՕ-ի հետ համագործակցութեան խորացման պարագային իրավիճակի վատթարացման ռիսքերուն։ Բանբերին խօսքով՝ ՆԱԹՕ-ն ու անոր առանձին երկիրները կը փորձեն կառչիլ Հարաւային Կովկասէն, այնտեղ ամրապնդուիլ՝ օգտագործելու տարածաշրջանի երկիրներու ներուժն ու միջոցները՝ հաշուի առնելով Ռուսաստանի հետ աշխարհաքաղաքական դիմակայութիւնը։ «Անոնք կը փափաքին վերցնել աղբիւրները, իրարու դէմ տրամադրել երկիրները եւ հրահրել իրավիճակը։ Կը յուսանք տարածաշրջանի երկիրները՝ ներառեալ Ատրպէյճանն ու Հայաստանը, կը գիտակցին ՆԱԹՕ-ի հետ համագործակցութեան խորացման պարագային իրավիճակի վատթարացման ռիսքերը։ ՆԱԹՕ-ի յայտնուած բոլոր վայրերուն մէջ կը յառաջանան հակամարտութիւններ, կ՚աւելնայ ռազմական լարուածութիւնը, կը մոռցուին խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը», յայտնեց Զախարովա։

Բաց աստի, ռուս բանբերը տեղեկացուց, որ Քիեւ կը ջանայ օգտագործել Մոսկուայի եւ Պաքուի առկայ տարաձայնութիւնները՝ էթնիք հողի վրայ ատելութիւն հրահրելու համար։ Հարկ է նշել, որ Ռուսաստան-Ատրպէյճան առանցքին վրայ միջոցէ մը ի վեր յառաջացած են լուրջ բարդութիւններ եւ բանբերը երէկ ընդգծեց, որ Ուքրայնա կը ջանայ զանոնք չարաշահել:

Հինգշաբթի, Յուլիս 31, 2025