ԹՈՒՐՔԻԱ ՅԱՄԱՌ ՋԱՆՔԵՐ ԿԸ ԳՈՐԾԱԴՐԷ
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, որ Մոսկուայէ վերջ երէկ շփումներ ունեցաւ Քիեւի մէջ, ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Ուքրայնայի ղեկավարութեան կողմէ։ Նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի առընթեր, ան մէկտեղուեցաւ պետական աւագանիէն յառաջատար դէմքերու հետ։ Թուրքիա կը շարունակէ յամառ նախաձեռնութիւններով հանդէս գալ՝ Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան վերջ տալու առաջադրութեամբ։ Անգարա ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը վերահաստատէ իր կամքը՝ Մոսկուա-Քիեւ բանակցութիւնները հիւրընկալելու համար։
Հաքան Ֆիտանի վերջին ուղեւորութիւններով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ՝ ձեւաւորուած է յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին Ռուսաստան-Ուքրայնա նոր բանակցութիւններու կազմակերպման հեռանկարը։ Բացի Քիեւի շփումներէն, Ֆիտան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ալ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ։ Թուրքիա այս փուլին կ՚աշխատի, որպէսզի Իսթանպուլի մէջ իր հիւրընկալմամբ մէկտեղուին Ռուսաստանի, Ուքրայնայի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ղեկավարները։