ՎԱՌ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի՝ Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով փոխ-տեղակալ Ճաշուա Հաք կը շարունակէ իր ուղեւորութիւնը դէպի Հարաւային Կովկաս։ Երեւանի շփումները աւարտելով՝ ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը երէկ մեկնեցաւ Պաքու, ուր տեսակցեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Երեւանէն հրաժեշտ առնելէ առաջ Ճաշուա Հաք ընդունուեցաւ Հայաստանի ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի կողմէ, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ բանակցութիւններու յատուկ ներկայացուցիչներէն մին է։ Զրոյցէն վերջ ամերիկացի դիւանագէտը ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ ամփոփ գրառումով մը, ուր նշուած է հետեւեալը. «Ուրախալի է տեսնել Հայաստանի առաջնորդող դերը տարածաշրջանային դիւանագիտութեան ասպարէզին մէջ»։ Ճաշուա Հաք Ռուբէն Ռուբինեանի հետ արդիւնաւէտ զրոյց մը ունեցած է՝ Անգարայի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ Երեւանի ջանքերուն շուրջ։

Ճաշուա Հաք Ճէյհուն Պայրամովի հետ զրուցելու ընթացքին ալ անդրադարձաւ Երեւան-Պաքու հաշտութեան գործընթացին եւ հեռանկարներուն։ Կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան նաեւ տարածաշրջանային այլ խնդիրներու շուրջ։ Զրուցակիցները շօշափեցին երկկողմանի համագործակցութեան ընթացքը՝ մասնաւորապէս կանգ առնելով ուժանիւթի բնագաւառին վրայ, այլընտրանքային ուժանիւթի ծրագիրներով հանդերձ։ Փոխադրութեան եւ հաղորդակցութիւններու հեռանկարները եւ Կեդրոնական Ասիոյ հետ համատեղ համագործակցութիւնն ալ աչքէ անցըուեցան Պաքուի հանդիպման ընթացքին։

Շաբաթ, Մայիս 31, 2025