ՆՈՐ ԽԱՂԱՀՐԱՊԱՐԱԿՆԵՐ

Երեւանի Կեդրոն վարչական շրջանի եւ «Կերոն» զարգացման հիմնադրամին միջեւ երէկ ստորագրուեցաւ յուշագիր մը, որով կը նախատեսուի մայրաքաղաքի մէջ երեք նոր խաղահրապարակի ստեղծումը նոր սերունդի համար։ Ժամանակակից այս խաղահրապարակները պիտի գտնուին Օղակաձեւ այգիի 6-րդ հատուածին, Խաչքարերու պուրակին եւ «Միսաք Մանուշեան» պուրակին մէջ։

«Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդումներով, յուշագիրը ստորագրեցին Կեդրոն վարչական շրջանի ղեկավար Պետրոս Պետոյեան եւ «Կերոն» զարգացման հիմնադրամի գործադիր տնօրէնուհի Վանանէ Արարքցեան։ Այս վերջինը նշեց, որ սա հիմնադրամի նուէրն է մայրաքաղաքին եւ անոր բնակիչներուն։

Շաբաթ, Մայիս 31, 2025