Տ. ԵԶՆԻԿ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ԿԻՒԶԷԼԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՔԱՂԱՔՍ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց՝ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Պրազիլիոյ հոգեւորականաց դասէն Տ. Եզնիկ աւ. քհնյ. Կիւզէլեանը։ Այս վերջինը նախկին պոլսահայ մըն է եւ հակառակ Պրազիլիա հաստատուած ըլլալուն՝ միշտ կը ջանայ կապը կենսունակ պահել ծննդավայրին հետ։ Տէր հայրը տարեկան արձակուրդով եկած է քաղաքս եւ օգտուելով կեցութեան առիթէն՝ փափաքած է ստանալ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը։

Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութիւն յայտնեց Տ. Եզնիկ աւ. քհնյ. Կիւզէլեանի հետ վերստին հանդիպելու հնարաւորութեան համար։ Ան յայտնեց, որ տէր հայրը միշտ պոլսահայութեան պատիւը բարձր կը պահէ հոգեւոր անդաստանէ ներս գործունէութեամբ։ Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բարի արձակուրդ եւ կեցութիւն մաղթեց տէր հօր։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2026