ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԵՂԲԱՅՐՆ ՈՒ ՈՐԴԻՆ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԵՑԱՆ
Հայաստանի իշխանութիւնները հետզհետէ կ՚ընդլայնեն եկեղեցւոյ դէմ հալածանքները։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ակնյայտ թիրախաւորման պայմաններուն ներքեւ արձագանգ գտաւ հերթական արտառոց երեւոյթը։ Դատական իշխանութիւնները ձերբակալեցին Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եղբայրը՝ Գէորգ Ներսիսեանն ու որդին։
Մինչ հանրային կարծիքը մտահոգութեամբ կը հետեւի իրադարձութիւններուն, սփիւռքի պաղարիւն շրջանակներն ալ ծայր աստիճան անհանգստութեան մատնուած են։ Այլեւս որեւէ կասկածի տեղ չէ մնացած, թէ դատական իշխանութիւնները անձնաւորուած քաղաքական կամայակատարութիւններու միջամուխ դառնալէ չեն խրտչիր, ինչ որ անոնց նկատմամբ վստահութիւնը լուրջ կասկածի տակ կը թողու։ Իշխանութիւններու եկեղեցահալած քաղաքականութիւնը ամբողջ թափով յառաջ կը մղուի՝ աստիճանաբար Վեհափառ Հայրապետը անձամբ թիրախաւորելու ճանապարհով։
Հայաստանի Քննչական կոմիտէի անդամները Գէորգ Ներսիսեանի եւ որդւոյն ձերբակալման համար հրապարակած են պատճառաբանութիւններ, որոնք իսկապէս հեռու են համոզիչ ըլլալէ։ Արդարեւ, Վաղարշապատ խոշորացուած համայնքի եւ անոր մաս Էջմիածին քաղաքէն ներս նախատեսուած են տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու պնդումներուն՝ Գէորգ Ներսիսեանն ու որդին ներգրաւուած են քարոզչութեան կամ հակաքարոզչութեան՝ խախտելով համապատասխան օրէնսդրութեան տրամադրութիւնները։ Կը պնդուի, որ անոնք խոչընդոտած են նախընտրական քարոզչութիւնը։ Կը հաղորդուի, որ միայն անձի մը ցուցմունքով առնուած է այս քայլը։