ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԳԵՏԻՆ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏԷ՝ ԱՐԴԱՐԱՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՈՒԺԱՅԻՆ ՆԵՐԽՈՒԺՈՒՄԸ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԱԾՔ
Հայաստանի ընդդիմադիր շրջանակները ահազանգ կը հնչեցնեն՝ երկրի իշխանութեան եկեղեցահալած քաղաքականութեան ապագայ հաւանական դրսեւորումներուն դէմ։ Երէկ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դարձեալ Յովհաննավանք այցելեց, ուր ներկայ գտնուեցաւ կարգալոյծ քահանայի մը բեմադրած «պատարագ»ին։ Առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի գլխաւորած Հայ ազգային քոնկրէս կուսակցութեան փոխ-նախագահ Լեւոն Զուրաբեան յայտնեց, որ Յովհաննավանքի մէջ Փաշինեան թէեւ երկրորդ անգամ ձախողած է, սակայն, սա զինքը պիտի չկանգնեցնէ։ Աւելին՝ հասկնալով, որ իր ետեւը ժողովուրդ չկայ, Զուրաբեանի համոզմամբ, Փաշինեան պիտի սաստկացնէ ուժային եւ վարչական միջոցները։ Երէկ, ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակած գրառման մէջ ան յայտնեց.
«Այսօր ան լարեց իր ամբողջ մարդահաւաքման միջոցը, բայց, ստացաւ աւելի խեղճուկ արդիւնք՝ քան անցեալ շաբաթ էր, հրապարակ բերելով բաւական լուսանցքային եւ նոյնիսկ ակրեսիւ զանգուած մը (եթէ քանի մը հարիւր մարդու մասին կարելի է կիրառել այդ բառը)։ Ան կը գերադասէր Մայր Աթոռի գրաւումը կատարել «ժողովրդական շարժումով», զանգուածային օգնութեամբ կարգել «ժողովրդական կաթողիկոս» եւ տապալել Վեհափառը «ժողովուրդի պոռթկումով», բայց, արդէն ինքն ալ հասկցաւ, իր քարոզչական արշաւանքը տապալած է։ Ժողովուրդը չի կրնար սատարել գործընթացի մը, որու նպատակը ամենեւին հոգեւոր առողջացումը չէ, այլ կեղծ, փարիսեցիական պայքար է հայկական ինքնութեան դէմ մարտնչող Փաշինեանի անձնիշխանութեան համար, ինչ որ տեղի կ՚ունենայ Սահմանադրութեան եւ օրէնքներու կոպտագոյն խախտումներով եւ կը սպառնայ մեր քաղաքացիական ազատութիւններուն։ Հիմա արդէն ուրիշ ելք չունի՝ քան բռնի ոստիկանական մեթոտներով գործելը։ Պէտք է պատրաստուիլ այդ բանին»։
Հայկական լրահոսին մէջ ուշադրութիւն կը գրաւեն նաեւ այլ մեկնաբանութիւններ, ըստ որոնց՝ Փաշինեանի իշխանութիւնը յաջորդ փուլին պիտի փորձէ Մայր Աթոռը ներկայացնել՝ որպէս «հին համակարգի» կեդրոն եւ արդարացնել ուժային ներխուժումը եկեղեցւոյ տարածք։
Հայաստանի իշխանութիւններու եկեղեցահալած ընթացքը աստիճանաբար արձագանգ կը գտնէ նաեւ միջազգայի լրատուամիջոցներու մէջ։ Ըստ «Express»ի՝ քրիստոնեաները հալածանքի կ՚ենթարկուին Հայաստանի մէջ, որ քրիստոնէութիւնը ընդունած առաջին երկիրն է։ Աշխարհի հնագոյն քրիստոնեայ երկրէն ներս դաւանանքի ազատութիւնը լուրջ սպառնալիքի տակ է։ Անգլիական լրատուամիջոցը տեղ տուած է մանրամասն զեկոյցի մը, ուր Փաշինեան կը մեղադրուի Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ վրայ դաժան յարձակմամբ։ «Ան կը ձգտի տապալել Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը», նշած է լրատուամիջոցը՝ յիշեցնելով նաեւ բանտարկուած հոգեւորականներու եւ ծխականներու մասին։
Անգլիոյ խորհրդարանի կրօնի ազատութեան բազմակուսակցական խորհրդարանական խումբի փոխ-նախագահ լորտ Ճեքսըն յայտնած է հետեւեալը. «Սարսափելի միտք մըն է, թէ աշխարհի հնագոյն քրիստոնեայ երկրին, ինչպէս նաեւ քաղաքակիրթ ու ժամանակակից Եւրոպայի մէջ հաւատացեալ քրիստոնեաներ բանտ կը նետուին՝ իրենց հաւատքը պաշտպանելու համար։ Հայաստանի քրիստոնէական համայնքները պէտք է կարողանան պահպանել խաղաղ պայմաններու մէջ հաւաքուելու եւ երկրպագելու իրաւունքը՝ առանց բռնի ահաբեկման, բանտարկութեան կամ ա՛լ աւելի վատ բաներու սպառնալիքի։ Աշխարհ կը հետեւի այս քրիստոնեայ համայնքներու դէմ կատարուած մարդու իրաւունքներու խախտումներուն, որոնք պատերազմի մէջ կը գտնուին»։