ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ՀԱՄՈԶՈՒԱԾ Է, ԹԷ ԶԱՆԳԵԶՈՒՐԻ ՄԻՋԱՆՑՔԻ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԻՐԱՆԻ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ԴԱԴՐԻՆ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Հարաւային Կովկասը, առաջ Աստուած, պիտի գտնէ՝ իր այնքան կարօտած խաղաղութիւնը։ 

Նախագահ Էրտողան զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցեց՝ Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) գագաթաժողովին համար դէպի Չինաստան կատարած ուղեւորութենէ վերադարձի ճանապարհին։ Ան օդանաւին մէջ պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն, որոնցմէ մին կը վերաբերէր Հարաւային Կովկասին, «Զանգեզուրի միջանցք»ին։ Լրագրողը Էրտողանին հարց տուաւ, թէ բոլոր կողմերուն հետ Չինաստանի մէջ արդէն հանդիպած էր՝ յիշեցնելով նաեւ անցեալ օգոստոսի 8-ին, Սպիտակ տան մէջ կազմակերպուած գագաթաժողովը, որուն ժխտական արձագանգներ եկած էին Ռուսաստանէն եւ Իրանէն։ Այս բոլորի լոյսին տակ նախագահ Էրտողան ըսաւ.

«Ես համոզուած եմ՝ Հարաւային Կովկասը, առաջ Աստուած, պիտի վերագտնէ՝ իր այնքան կարօտած խաղաղութիւնը։ Պրն. Իլհամ Ալիեւի հետ իմ երկկողմանի հանդիպման ընթացքին իր մօտ նկատեցի այդ յոյսը։ Սպիտակ տան մէջ դրուած ստորագրութիւնները, անշուշտ, թափ տուած են Հայաստան-Ատրպէյճան բնականոնացման գործընթացին։ Ատրպէյճանն ու Հայաստանը խաղաղութեան ճանապարհին կարեւոր չափով յաղթահարած են խոչընդոտները ու հասած են մինչեւ վերջին կէտը»։

Նախագահ Էրտողան բացատրեց, որ դէպի Չինաստան ուղեւորութեան ընթացքին թէ՛ Իլհամ Ալիեւի եւ թէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ ծաւալուն քննարկումներ կատարած են։ Այս երկու տեսակցութիւններուն ընթացքին, թէ՛ Ալիեւ եւ թէ Փաշինեան նշած են, որ նոյն կէտին վրայ կը գտնուին եւ կը նային դէպի նոյն ուղղութիւնը։ Էրտողան աւելցուց, որ Զանգեզուրի միջնացքին խնդրին շուրջ ալ որեւէ դժուարութիւն կամ տարբերութիւն գոյութիւն չունի։ Իր խօսքով՝ այս հարցի պարագային Ալիեւ շատ աւելի ինքնավստահ է։ 

«Մանաւանդ դէպի Ամերիկա ուղեւորութեան այդ տեսակցութիւնը, այդ հանդիպումը, անոնց այս կէտի վրայ առնելիք քայլերուն տեսակէտէ կարծես բնորոշիչ եղած է։ Տարածաշրջանի խաղաղութեան վերահաստատումը, այս կէտը շատ կարեւոր է, ցամաքուղիները եւ երկաթուղիները պիտի աշխուժացնէ։ Սահմանադռները պիտի բացուին, առեւտուրի գլխաւորութեամբ բազմաթիւ բնագաւառներ դրական ազդեցութիւն պիտի կրեն։ Մենք ալ այս բոլորէն դրականօրէն պիտի ազդուինք։ Նոր համագործակցութեան հնարաւորութիւններու արժեւորումը տարածաշրջանի երկիրներուն տեսակէտէ շահաւէտ պիտի ըլլայ։ Այս բոլորը շատ բաց եւ յստակ են։ Ռուսաստանն ու Իրանն ալ յառաջիկայ շրջանին պիտի հասկնան, թէ իրենց մտահոգութիւնները անտեղի են», ըսաւ Էրտողան։

Հարկ է նշել, որ նախագահ Էրտողանի յայտարարութիւնները արձագանգ գտած են նաեւ հայկական լրահոսին մէջ։ Այսպէս, լրասփիւռները կը մատնանշեն, որ Էրտողան հերթական անգամ խօսած է «Զանգեզուրի միջանցք»ի մասին։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2025