ՈՒՍՈՒՑՉՈՒՀԻ ՀԵՐԱ ԻՍՔԷՆՏԷՐՕՂԼՈՒ ԱՒԱՐՏԵՑ INALCO-Ի ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ պոլսահայ կրթական համակարգի վառ ներկայացուցիչներէն Հերա Իսքէնտէրօղլու աւարտած է Ֆրանսայի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային կաճառի (INALCO) ԻՄԱՍ հայագիտական մասթըրի ծրագիրը։ Հերա Իսքէնտէրօղլու, որ աւելի քան 25 տարիէ ի վեր դասաւանդած է հայերէն, այսպէսով նոր հարթութեան մը վրայ դրած է իր մասնագիտական աշխատանքը։ Փարիզի մէջ ան երկամեայ այս ծրագրին հետեւած է՝ սերտօրէն համագործակցելով ծրագիրը գլխաւորած ակադեմականներուն հետ։ Հերա Իսքէնտէրօղլու կը հանդիսանայ այն առաջին պոլսահայ կրթական մշակը, որ այս ծրագիրը աւարտած եւ համապատասխան վկայականը ստացած կ՚ըլլայ։
Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք բազմավաստակ կրթական մշակ Հերա Իսքէնտէրօղլուն, որուն կը մաղթենք նորանոր նուաճումներ եւ սերունդները հասցնելու ճանապարհին թարմ եռանդ։