ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՈՒՔՐԱՅՆԱՅԻ ՄԻՋԵՒ ԱՐԴԷՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ԱՆԳԱՄ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ

Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութիւնը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը։ Վերջին օրերուն հակասական իրադարձութիւններ տեղի ունեցան այս ուղղութեամբ։ Արդարեւ, երէկ, Թուրքիոյ տանտիրութեամբ Իսթանպուլի մէջ Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները կային, սակայն, նախօրէին դաշտի վրայ ռազմական իրադրութեան առումով արտասովոր իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Ուքրայնա յատուկ գործողութիւնով մը յաջողեցաւ ներթափանցել Ռուսաստանի տարածքի խորքերը եւ անօդաչու սարքերով խոցեց աւելի քան 40 ռուսական ռազմաօդանաւ։

Այս դէպքով պայմանաւորուած իրավիճակին մէջ, երէկ, Իսթանպուլի մէջ, Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի պատուիրակութիւնները բանակցային սեղանի շուրջ դէմ դիմաց նստան։ Ժողովը վարեց արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան։ Ռուսաստանի պատուիրակութիւնը գլխաւորեց Վլատիմիր Մետինքսի, որ նախագահ Վլատիմիր Փութինի յատուկ ներկայացուցիչն է։ Ուքրայնայի պատուիրակութեան գլուխը կը գտնուէր պաշտպանութեան նախարար Ռուստամ Ումերով։ Լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ «Չըրաղան» պանդոկի համալիրէն ներս տեղի ունեցած բանակցութիւններու որոշ փուլին ուքրանական պատուիրակութիւնը արդէն լքած է սեղանը։ Յամենայնդէպս, աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ կողմերուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է գերիներու փոխանակման ուղղութեամբ։

Մինչ այդ, երէկ Իսթապուլի մէջ կազմակերպուած բանակցութիւններուն զուգահեռ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ունեցան հեռախօսազրոյց մը։

Իր կարգին, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հերթական անգամ խօսեցաւ իր ցանկութեան մասին՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի եւ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի մասնակցութեամբ գագաթաժողով մը կազմակերպելու ուղղութեամբ։ Զելենսքի դրականօրէն արձագանգեց Էրտողանի առաջարկին։

Երեքշաբթի, Յունիս 3, 2025