ՌՈՒԲԻՆԵԱՆ ԵՒ ԳԵՐՄԱՆԱՑԻ ԴԻՒԱՆԱԳԷՏՆԵՐ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱՆ ԱՆԳԱՐԱ-ԵՐԵՒԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻՆ

Երէկ, Հայաստանի ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան ընդունեց Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան Հարաւային Կովկասի, Կեդրոնական Ասիոյ եւ արեւելեան գործընկերութիւններու հարցերով վարչութեան ղեկավար Մաթիաս Ֆոլերտի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Ռուբէն Ռուբինեան գերմանացի հիւրերուն ներկայացուց տարածաշրջանի իրավիճակը եւ անոնց ուշադրութեան մանրամասնութիւններ յանձնեց՝ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին շուրջ։ Ան կանգ առաւ նաեւ Երեւան-Պաքու հաշտութեան գործընթացին վրայ։

Ռուբէն Ռուբինեան եւ գերմանացի պաշտօնատարները անդրադարձան նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։

Երեքշաբթի, Յունիս 3, 2025