ՍԻՍԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐԱՂՉԻՆ
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի, որ Գահիրէի մէջ շփումներ ունեցաւ, ընդունուեցաւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ Սիսիի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ նախագահական պալատին մէջ, ուր կողմերը կարծիքներ փոխանակեցին փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ հարցերու շուրջ։ Զրուցակիցները ընդգծեցին Իրան-Եգիպտոս յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարներու կարեւորութիւնը։ Քննարկուեցան տարածաշրջանային իրադարձութիւնները։ Նախագահ Սիսի հաստատեց Եգիպտոսի դիրքորոշումը՝ մերժելով հակամարտութեան շրջանակի ընդլայնումը տարածաշրջանէն ներս։ Ան ընդգծեց իրավիճակը լիցքաթափելու անհրաժեշտութիւնը՝ համապարփակ տարածաշրջանային պատերազմի մը ծագումը կանխելու նպատակով։ Արդարեւ, այլապէս լուրջ հետեւանքներ կրնան ծագիլ ամբողջ տարածաշրջանի երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն անվտանգութեան տեսակէտէ։ Այս համատեսքին մէջ Սիսի ընդգծեց Իրանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ ընթացող բանակցութիւններուն կարեւորութիւնը։ Եգիպտոսի նախագահը համոզուած է, թէ Կազզէի մէջ անյապաղ հրադադար պէտք է հաստատուի եւ մարդասիրական օժանդակութեան խնդիրները պէտք է անմիջապէս լուծուին։ Իր կարգին, Ապպաս Արաղչի բարձր գնահատեց Գահիրէի դերակատարութիւնը տարածաշրջանային կայունութեան վերականգնման ուղղութեամբ։ Ան ընդգծեց Իրանի պատրաստակամութիւնը՝ յառաջիկային շարունակելու համար խորհրդակցութիւնները երկու երկիրներու միջեւ։
Ապպաս Արաղչի, որ 2024 թուականէն ի վեր կը վարէ նախարարի պաշտօնը, արդէն երկրորդ անգամ կ՚այցելէ Գահիրէ։
Միւս կողմէ, «The Wall Street Journal»ը հաղորդեց, որ ԱՄՆ կը դադրեցնէ Իրանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցներու սաստակցումը: